Արխիւ
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Նոր Տարի։
Նոր Տարին նոր էջ բանալու գլխաւորագոյն առիթն է, սակայն նորը բանալու միջոցին՝ ստէպ հինը կը փորձենք մոռնալ եւ առջեւ նայիլ։ Հին էջը փակ-ւած է եւ արդէն ժամանակավրէպ է, իսկ նորը լիառատ անակնկալներով եւ իրագործումներով, բուռն ցանկութիւններով ու նպատակներով լի է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամբողջ բնութիւնը, իր այլազան երեւոյթներով ապացո՛յց մըն է Աստուծոյ էութեան, ան մարդուս զգայարանքներուն կը յայտնէ անդադար Աստուծոյ գործերը։ Զոր օրինակ, արեւածագը, բոյսերուն աճումը, նոյնիսկ մարդուն ֆիզիքական եւ հոգեկան կազմը, եւ տակաւին բազմաթիւ երեւոյթներ ցոյց կու տան Աստուծոյ գոյութիւնը, կը վկայեն Անոր հրաշալիքներուն։
Իրանէ ներս ծագած խռովութիւնները կը շարունակուին ամբողջ երկրի տարածքով։ Կը հաղորդուի, որ զոհերու թիւը հասած է 23-ի։ Տնտեսական պատրուակներով ծնունդ առած բողոքի ալիքը արդէն աստիճանաբար վերածուեցաւ վարչակարգի դէմ հակազդեցութեան։
Երբ թրքահայութիւնը կը դիմագրաւէ տագնապալի ու բարդ ժամանակաշրջան մը, անցեալ տարուան նման, ներկայ տարեմուտին եւս մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս մանրամասնօրէն խոշորացոյցի տակ առնուեցան համայնքային հրատապ խնդիրները:
Էրտողան հիւրընկալեց Շիրինօղլուն:
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հանդիպակաց երբեմնի բանջարանոցի ընդարձակ տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման ուղղութեամբ յուսադրիչ ազդանշաններ:
Պաշտօնական աղբիւրները ոչինչ հաղորդեցին վերջին օրերուն տեղի ունեցած այս կարեւոր տեսակցութեան մասին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Գթութեան յարկի ղեկավարութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան: Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին Հանրապետութեան նախագահի կողքին էին՝ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու դեսպան Իւմիտ Եալչըն: Հոգաբարձութեան իրաւական գետնի վրայ ձեռնարկած արդար պայքարը աստիճանաբար կու տայ պտուղներ:
Գարակէօզեան Տան «Նատիա եւ Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստական աշխատանոցի երդիքին տակ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Ամանորի խրախճանք մը։ Այս աշխատանոցի ծրագրերուն մասնակից բազմատասնեակ փոքրիկներ եւ չափահասներ միասնաբար ողջունեցին Նոր տարին։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւններէն անմիջապէս վերջ պիտի մեկնի Քէօլն:
Նորին սրբազնութիւնը վերջնականօրէն պիտի փոխանցէ գերմանահայոց թեմակալ առաջնորդի առաքելութիւնը:
Իրանի մէջ խռովութիւնները կը շարունակուին։ Երկրի 31 նահանգներէն 29-ին մէջ արդէն տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր։ Կը հաղորդուի, որ ցարդ ցոյցերու ընթացքին զոհուած է 18 հոգի։
Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը ներկայիս կը քննարկուի բազում երեսակներով:
Յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուին զանազան բարեփոխումներ, որոնք պիտի ըլլան հնարաւորութիւններու հիմքը:
Տարեմուտի դրութեամբ Իտալիա դարձած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը:
Ալիեւ յոյս յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի բանակցութիւններու միջոցաւ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ճնճղազգիներու ընտանիքին պատկանող փոքրիկ, կլոր փորիկով երգեցիկ թռչուն մըն է արտոյտը: Այս սիրուն թռչունին անունը իրենց ինքնատիպ գործին համար որդեգրած են խումբ մը հայեր, որոնց կատարածը, պիզնըս ըլլալէ առաջ, հիացում կը պատճառէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քրիստոնեայ եկեղեցիներուն համար հիմնախնդիր կը շարունակէ մնալ Երուսաղէմ քաղաքի ապագան: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի Դեկտեմբերի 6-ին կատարած յայտարարութենէն ետք նոր տագնապ մը կ՚աճէր, առանց անոր ալ «մեծ արիւններու» մէջ գտնուող Միջին Արեւելքէ ներս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յանցաւորի մը ներելու հարցը իրապէս խրթին գործ մըն է, թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ ընկերային տեսակէտով։ Մարդ ո՞րքան ներելու պատրաստ կրնայ ըլլալ, ո՞րքան հանդուրժողութիւն կրնայ ցոյց տալ իրեն դէմ գործուած հանրութիւնը շահագրգռող եւ կամ ուղղակի եւ միա՛յն զինք վիրաւորող յանցանքի մը։ Մանաւանդ երբ արժանապատուութիւն վիրաւորող յանցանք մը գործուած է, ասիկա ո՛րքան դժուար է ներել բնական պայմաններուն տակ։
Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» համոյթի ընտանիքը շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ողջունեց Ամանորը։ 2018 թուականը ողջունելու համար միութեան երդիքին տակ նախընթաց օր կազմակերպուեցաւ խրախճանք մը։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ դիմաւորեց Ամանորը։ Վարժարանի երդիքին տակ կազմակերպուած Նոր տարուայ հանդէսին ժամանակ բոլոր դասարաններու աշակերտները հանդէս եկան թատերակներով, արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2018 թուականը դիմաւորուեցաւ մեծ հրճուանքով։ Դպրոցէն ներս կազմակերպուած Կաղանդի հանդէսը պատրաստուած էր մեծ բծախնդրութեամբ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորի շրջանին ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Նոր տարուայ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ Գատըգիւղի ընտանիքը հրճուանքի մէջ էր։ Ստեղծուած եռուզեռը վառ դրսեւորումներ ունեցաւ մանաւանդ դպրոցի երդիքին տակ։
Երէկ, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւնները, որոնց նախագահեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աղօթքը՝ աղօթքի կեանքը վերացումն է հոգիին առ Աստուած կամ վայել բարիքներու խնդրանքն է Աստուծմէ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։ Արդարեւ, Աստուած կ՚առաջնորդէ իւրաքանչիւր անձ, ըստ Իրեն հաճելի եղող ճամբաներուն եւ կերպերուն։ Իսկ իւրաքանչիւր հաւատացեալ կ՚ընդառաջէ Անոր՝ ըստ իր սրտին հաստատակամութեան եւ ըստ անձնական արտայայտութիւններուն իր աղօթքին։
«Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայեց հետաքրքրական յուշագրութիւն մը։ Աշխարհահռչակ ռուս գրող Վասիլի Կրոսմանի դէպի Հայաստան այցելութեան լոյսին տակ հեղինակած ուղեգրութեան թարգմանութիւնն է այս մէկը։
Իրանի աւելի քան տասն քաղաքներէն ներս վերջին օրերուն տեղի կ՚ունենան բողոքի մեծ ցոյցեր. 10 զոհ:
Ելմտական ընկերութիւններու իրերայաջորդ սնանկացման մթնոլորտին մէջ ցուցարարները փողոց իջած են՝ կեանքի սղութեան դէմ: