Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վերնագիրը «Տարբեր գրութիւն մը» արձանագրեցինք այս գրութեան, քանի որ միշտ կը գրէինք տան մեր աշխատասենեակին մէջ։ Իսկ այս անգամ, կը գտնուինք երիտասարդներու հաւաքուած վայրի մը մէջ՝ մեր սիրելի՜ Արարատին եւ Անէթին հետ։ Իրենք տարուած են համակարգիչով կարդալու եւ գրելու, ինչպէս մեր շուրջ գտնուող երիտասարդներ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Նշանաւոր գրող Կոստան Զարեանին թոռը՝ ճարտարապետ Արա Զարեան, երեք տարի շարունակ մեկնած է Իտալիայէն Արցախ եւ որմնանկարներու իտալացի վերականգնող Քրիստին Լամուրէի հետ, Արցախի Դադիվանքին մէջ վերականգնած է Դադիվանքէն ներս գտնուող Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործի պատկերով որմնանկարը:
Թուրք զինեալ ուժերը կը շարունակեն «Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնները։ Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ցայսօր չէզոքացուած ահաբեկիչներու թիւը հասած է 2083-ի։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ աշխարհի վրայ ազդեցութեան եւ աճի նոր կեդրոններու յայտնուիլը կը պահանջէ Եւրոպայի ուժեղացումը եւ Եւրոպան պէտք է ինքնուրոյն վճռէ իր ճակատագիրը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Երեւան բազմիցս վերահաստատած է, որ պիտի շարունակէ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքը:
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն հարցազրոյցով մը հանդէս եկաւ երկրի Հանրային հեռուստատեսութենէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ ան յայտնեց, որ Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման հիմքին կը դնէ հայերու՝ համաշխարհային ազգ դառնալու սկզբունքը։ Թէ ի՞նչ ձեւով պէտք է զարգանան Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը վերջին օրերուն լոյս ընծայեց երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի (1955-1994) երկերու ժողովածոյի երկրորդ հատորը, որ ձօնուած է լուսաւորչահաստատ Մայր Աթոռի 130-րդ գահակալի ծննդեան 110-ամեակին։
Սուրիոյ իրադարձութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթ տեղ զբաղեցնել թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ միջազգային օրակարգին վրայ։ ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդը վերջին օրերուն մարդասիրական նպատակներով հրադադար հռչակեց Սուրիոյ մէջ՝ հաշուի առնելով մանաւադ Արեւելեան Կութայի իրադարձութիւնները։ Կը նախատեսուի, որ դէպի այդ շրջանը կատարուի մարդասիրական օժանդակութիւն։
Վրաստանի փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Կիորկի Կախարիա վերջերս շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանի կողմէ։ Այցելութեան ընթացքին վրացի նախարարը տեսակցեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի ելոյթը՝ Պրիւքսելի մէջ. «Հայաստան չէր պահանջեր Թուրքիոյ կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ որպէս յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման»
Անգարայի հետ բնականոնացման գործընթացը կրնար նոր կարելիութիւններ ստեղծել ո՛չ միայն երկու ժողովուրդներու, այլ նաեւ՝ ընդհանուր առմամբ տարածքաշրջանի համար եւ իսկական հաշտեցումը հիմնուած չէ մոռնալու վրայ
«Ժիւրայի շրջանի բնայգին» շարժանկարներու շատ դիտուած շարքի շարունակութիւնը՝ «Ժիւրայի շրջանի աշխարհը 3»ը, ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ 2021 թուականի Յունիսի 11-ին: Այս մասին, վերջրես յայտնած է Universal Pictures սթիւտիոն։ ««Ժիւրայի շրջանի աշխարհը»ը, ճերմակ պաստառ կը բարձրանայ 2021 թուականի Յունիսի 11-ին», Twitter-ի մէջ իրազեկած է սթիւտիոն:
Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» խորագրով ցուցահանդէսէն յետոյ արուեստասէրներուն նոր տօն կը պարգեւէ: Կը նախատեսուի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 90-ամեակին նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէս իրականացնել:
Photopodium.com կայքը, որ մէկ հարթակի վրայ համախմբած է աշխարհի տարբեր ծայրերուն մէջ ստեղծագործող հետաքրքրական լուսանկարիչները, կը տօնէ իր հիմնադրման 10-րդ տարին: Երեւանի մէջ կազմակերպուած կայքի յոբելենական ցուցահանդէսին ներկայացուեցաւ ութսուն աշխատանք աշխարհի եօթ երկիրներէ:
Պատրաստեց՝ ԱՆՆԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Արամ Խաչատուրեան բազմիցս հանդիպումներ ունեցած է համաշխարհային հռչակ վայելող անձնաւորութիւններու հետ: «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս անգամ առանձնացուցած է նշանաւոր կատակերգու, համաշխարհային շարժանկարի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Չարլի Չափլինի հետ կայացած հանդիպումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեան անցեալ շաբթուան մէջ շփումներ ունեցաւ Վիեննայի մէջ, ուր այցելեց նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան վանքը։ Միաբանութեան անդամներէն Հայր Վահան Յովակիմեան եւ Հայր Նարեկ Տատուրեան իրեն ուղեկցեցան՝ վանական ընդարձակ համալիրէն ներս կատարած շրջայցի ընթացքին։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի իշխանութիւններու անհեթեթութիւնները ամէն ասպարէզի մէջ պումերանկի նման կը վերադառնան եւ կը հարուածեն զիրենք: Քաղաքական, զինուորական, մշակութային, մարզական, տնտեսական ասպարէզներու շարքին նոյնպէս յայտնուած են զբօսաշրջայինն ու ատոր կապուած օտար պլոկըրներու պարագան, որուն միայն երկու օրինակները բաւարար են՝ պատկերացում մը կազմելու ատրպէյճանական ջղագարութեան մասին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ պատերազմի «քրոնոլոժի»ի ժամացոյցին սլաքները ցոյց կու տային մէկ անուն՝ արեւելեան Կութա:
Դէպքերու ծանրակշիռ ըլլալը, շրջանին մէջ բնակչութեան պաշարուած ըլլալու փաստը եւ Սուրիոյ ղեկավարութեան այդ շրջանը ահաբեկիչ զինեալներէ «մաքրագործելու» որոշումը իրավիճակը կը հասցնէին ծանրագոյնի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կատարեալ ըլլալ» եւ «կատարելութեան ձգտիլ». այս երկու վիճակները թէեւ արտաքնապէս մերձիմաստ, բայց ըստ էութեան իրարմէ բոլորովին տարբեր գոյավիճակներ են։ Ուստի կատարելութիւնը մարդուս համար նպատակ մը, հեռանկար մը կամ բարձրագոյն գաղափար մըն է՝ որուն կը ձգտի մարդ, պէ՛տք է ձգտի, բայց բացարձակ կատարելութեան հասնիլ գրեթէ անկարելի՛ է, ինչպէս մարդ չի՛ կրնար հասնիլ հորիզոնին, որուն որչափ մօտենալ փորձէ, ան այնքան կը հեռանայ իրմէ։
Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիստներու միութեան հովանիի ներքոյ ստեղծուած են շարժանկարի արտադրիչներու, բեմադրիչներու, թատերագիրներու, դերասաններու, լուսանկարիչներու ու այլ շարժապատկերային մասնագիտութեան արհեստավարժ վաճառականներու միութիւններ։ Անոնց առաջնային խնդիրն է համախմբել շարժանկարի մասնագիտութիւններու ներկայացուցիչները, արդիւնաւէտ աշխատանքի համար ստեղծել մասնագիտական միջավայր եւ ստեղծագործական մթնոլորտ:
Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ, Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Ալեքսանեան յաղթական դուրս եկած է Քիեւի միջազգային մրցաշարքէն։