Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Յի­սուս եր­կինք համ­բար­ձաւ եւ ա­մե­նա­կալ Հօր Աս­տու­ծոյ ա­ջին բազ­մե­ցաւ» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։
Ք­րիս­տո­սի մար­մի­նը Յա­րու­թեան պա­հէն սկսեալ փա­ռա­ւո­րուե­ցաւ, ո­րուն ա­պա­ցոյց­ներն են այն նոր եւ գերբ­նա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը, զորս այ­սու­հե­տեւ մշտա­պէս կը վա­յե­լէ Ա­նոր սուրբ Մար­մի­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Շա­րու­նա­կե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տի­րող կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին մեր հրա­պա­րա­կած յօ­դուած­նե­րու շար­քը, այժմ կը փա­փա­քինք բա­ցա­յայ­տել գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ լրա­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ Մալ­թա­յի դրա­մա­տան մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու գու­մար­նե­րուն մա­սին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ըն­թաց­քին Աստուած պա­տա­հա­բար չստեղ­ծեց Տիե­զեր­քը եւ ա­նոր վրայ գտնուող բո­լոր հրա­շա­լիք­նե­րը։ Ոչ ալ պար­զա­պէս պա­տա­հա­կա­նու­թեամբ է, որ քեզ գո­յա­ւո­րեց, շնչա­ւո­րեց, շնորհք­նե­րով օժ­տեց եւ այս աշ­խար­հին վրայ դրաւ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կան մար­դիկ, որ ի­րենք լու­սա­միտ են եւ հմուտ, եւ նաեւ հե­ռա­տե՛ս։ Ա­հա­ւա­սիկ այս տե­սակ մար­դիկ ու­նին պայ­ծա­ռա­տե­սու­թիւն, որ մար­դուս խոր­հիլ կու տայ, թէ այդ յատ­կու­թիւ­նը ստա­ցա­կա՞ն է, թէ բնա­տուր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով վե­րընտ­րուե­ցաւ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «news.am»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէ­տին ըն­թաց­քին Ատրպէյ­ճա­նի հետ եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծե­րու կա­ռու­ցումն ու ընդ­լայ­նու­մը կը հա­մա­րէ կա­րե­ւոր հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու շար­քին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Պա­թու­մի մէջ, ուր կանգ ա­ռին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու փո­խանց­ման ըն­թաց­քին անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ կառոյցի ղեկավարութիւնը ոչ-իսլամ համայնքներու վարիչներուն հետ ճաշեցին Հաթայի մէջ: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Վաքըֆլըգիւղ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս կլիմայի փոփոխութեան լոյսին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պահը հասունցած կը համարէ Աթոռին ղեկը յանձնելու համար Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ որպէսզի կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը ու գործնական աշխատանքները սկսին ժամ առաջ:
Ընդհանուր փոխանորդը խորհրդակցութեան համար Գումգաբու հրաւիրեց խումբ մը ազդու համայնքային գործիչներ : Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեսակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալին հետ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն Ժա­նին Փա­փա­զեանն ու Ա­նի Չի­մէ­նը։ Այս վեր­ջին­նե­րը Մել­թէմ Ե­նի­կիւ­նի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ կը վե­րահս­կեն գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի մը գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծուած է ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ըն­դա­ռաջ։ Վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրո­ցի ե­րեք ման­կա­պար­տէզ­նե­րու փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Ան ըն­դու­նուե­ցաւ կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի կող­մէ։ Շուրջ կէս ժամ տե­ւեց այս զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Շա­հին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Շի­րի­նօղ­լուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն:
Նախագահ Էրտողան միջամտեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով»:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
Անգարա եւ Մոսկուա որոշեցին ջնջել սահմանափակումները եւ հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութեամբ: Վարչապետ Եըլտըրըմ Թիֆլիզի մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցը:
Թրամփ ամոլը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրեց հայկական հոգեպարար շարականներուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ կան եր­բեմն պարզ եւ ա­ռօ­րեայ դէպ­քեր, ո­րոնք ամ­բողջ մարդ­կու­թեան տի­պա՛ր կ՚ըլ­լան եւ ան­ջն­­ջե­լիօ­րէն կը տպա­ւո­րեն եւ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն ա­նոր վրայ։ Եւ մարդ շատ անն­շան դէպ­քէ մը կրնայ շատ մեծ եւ կեն­սա­կան, օգ­տա­կար դա­սեր քա­ղել, կեան­քը ըստ այնմ կա­նո­նա­ւո­րել եւ կեան­քին ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը փո­խել։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

​Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նե­կան կազ­մե­րը վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րոս, ուր նուա­ճե­ցին բա­ժակ մը։ Ա­կում­բի մին­չեւ 12 եւ մին­չեւ 14 տա­րե­կան­նե­րու կազ­մե­րը խա­ղա­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի թրքա­կան ընտ­րա­նիին հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

​Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեն­դա­նի գիր­քեր» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ մը։ Մեր հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ծրագ­րին, ի­րենց անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ իր յար­գան­քի տուր­քը մա­տոյց թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ե­րախ­տա­շատ հիմ­նադ­րին՝ հո­գե­լոյս Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի յի­շա­տա­կին նկատ­մամբ։ Օր մը ա­ռաջ, յա­ւարտ կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գի, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րուե­ցաւ հան­գու­ցեալ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի հա­մար։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հար­ցին շուրջ ստեղ­ծուած փա­կու­ղին կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել հա­մայն­քա­յին օ­րա­կար­գը։ Այս օ­րե­րուն հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ու­շի ու­շով կը հե­տե­ւին վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Էջեր