Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գի­տու­հի­նե­րէն Ժա­նին Փա­փա­զեանն ու Ա­նի Չի­մէ­նը։ Այս վեր­ջին­նե­րը Մել­թէմ Ե­նի­կիւ­նի ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ կը վե­րահս­կեն գե­ղա­րուես­տա­կան աշ­խա­տա­նո­ցի մը գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծուած է ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ըն­դա­ռաջ։ Վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ դպրո­ցի ե­րեք ման­կա­պար­տէզ­նե­րու փոք­րիկ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի կու­սա­կա­լու­թիւն։ Ան ըն­դու­նուե­ցաւ կու­սա­կալ Վա­սիփ Շա­հի­նի կող­մէ։ Շուրջ կէս ժամ տե­ւեց այս զրոյ­ցը, ո­րու ըն­թաց­քին Շա­հին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Շի­րի­նօղ­լուն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Շա­րու­նա­կե­լով Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ տի­րող կա­շա­ռա­կե­րու­թեան մա­սին վեր­ջին եր­կու շա­բաթ­նե­րու ըն­թաց­քին մեր հրա­պա­րա­կած յօ­դուած­նե­րու շար­քը, այժմ կը փա­փա­քինք բա­ցա­յայ­տել գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ լրա­ցու­ցիչ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ՝ Մալ­թա­յի դրա­մա­տան մէջ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու գու­մար­նե­րուն մա­սին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ըն­թաց­քին Աստուած պա­տա­հա­բար չստեղ­ծեց Տիե­զեր­քը եւ ա­նոր վրայ գտնուող բո­լոր հրա­շա­լիք­նե­րը։ Ոչ ալ պար­զա­պէս պա­տա­հա­կա­նու­թեամբ է, որ քեզ գո­յա­ւո­րեց, շնչա­ւո­րեց, շնորհք­նե­րով օժ­տեց եւ այս աշ­խար­հին վրայ դրաւ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կան մար­դիկ, որ ի­րենք լու­սա­միտ են եւ հմուտ, եւ նաեւ հե­ռա­տե՛ս։ Ա­հա­ւա­սիկ այս տե­սակ մար­դիկ ու­նին պայ­ծա­ռա­տե­սու­թիւն, որ մար­դուս խոր­հիլ կու տայ, թէ այդ յատ­կու­թիւ­նը ստա­ցա­կա՞ն է, թէ բնա­տուր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով վե­րընտ­րուե­ցաւ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «news.am»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէ­տին ըն­թաց­քին Ատրպէյ­ճա­նի հետ եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծե­րու կա­ռու­ցումն ու ընդ­լայ­նու­մը կը հա­մա­րէ կա­րե­ւոր հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու շար­քին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Թուր­քիոյ, Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ ե­ռա­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ զա­նա­զան ձե­ւա­չա­փե­րու մէջ։ Այս ե­րեք եր­կիր­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար­նե­րը ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Պա­թու­մի մէջ, ուր կանգ ա­ռին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջոց­նե­րու եւ աղ­բիւր­նե­րու փո­խանց­ման ըն­թաց­քին անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րուն վրայ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017

Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ կառոյցի ղեկավարութիւնը ոչ-իսլամ համայնքներու վարիչներուն հետ ճաշեցին Հաթայի մէջ: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Վաքըֆլըգիւղ:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

«Ա­րաս» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յիս գրա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ դրած է ան­մո­ռա­նա­լի բա­նաս­տեղծ Զահ­րա­տի գոր­ծե­րը, ո­րոնց կող­քի մը ներ­քեւ հա­ւա­քուի­լը ա­ռիթ ըն­ձե­ռած է յետ­մա­հու իր մէկ նոր գրքի հրա­տա­րակ­ման։ «Կա­տու­ներ» կը կո­չուի այս գիր­քը, որ հրա­տա­րա­կուած է երկ­լե­զու։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

​Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Եւ­րո­խոր­հուր­դի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Թոր­պիոն Եակ­լան­տի հետ։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի մէջ, կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­րա­րաց կո­մի­տէի ժո­ղով­նե­րու օ­րե­րուն։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան վեր­ջերս հիւ­րըն­կա­լեց Ե­րե­ւա­նի մօտ Վա­տի­կա­նի Ա­ռա­քե­լա­կան Նուի­րակ Մա­րէք Սոլ­չինս­քի Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, ո­րու մշտա­կան նստա­վայ­րը կը գտնուի Թիֆ­լի­զի մէջ։ Ս. Ա­թո­ռի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը Սերժ Սարգ­սեա­նին կող­մէ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ՝ իր դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թեան ա­ւար­տին կա­պակ­ցու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Անգ­լիոյ Մեն­չըս­թըր քա­ղա­քէն ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ուշ ժա­մե­րուն հա­սան ա­հա­բեկ­չա­կան ա­րար­քի մը վե­րա­բե­րալ լու­րեր։ Այս­պէս, եր­գիչ Ա­րիա­նա Կրան­տէի մար­զա­դաշ­տի մը մէջ կազ­մա­կեր­պուած հա­մեր­գին ժա­մա­նակ պա­տա­հե­ցաւ եր­կու պայ­թում։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն:
Նախագահ Էրտողան միջամտեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով»:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
Անգարա եւ Մոսկուա որոշեցին ջնջել սահմանափակումները եւ հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութեամբ: Վարչապետ Եըլտըրըմ Թիֆլիզի մէջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցը:
Թրամփ ամոլը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրեց հայկական հոգեպարար շարականներուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քի մէջ կան եր­բեմն պարզ եւ ա­ռօ­րեայ դէպ­քեր, ո­րոնք ամ­բողջ մարդ­կու­թեան տի­պա՛ր կ՚ըլ­լան եւ ան­ջն­­ջե­լիօ­րէն կը տպա­ւո­րեն եւ ազ­դե­ցու­թիւն կը գոր­ծեն ա­նոր վրայ։ Եւ մարդ շատ անն­շան դէպ­քէ մը կրնայ շատ մեծ եւ կեն­սա­կան, օգ­տա­կար դա­սեր քա­ղել, կեան­քը ըստ այնմ կա­նո­նա­ւո­րել եւ կեան­քին ընդ­հա­նուր ըն­թաց­քը փո­խել։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

​Թաք­սիմ մար­զա­կում­բի ֆութ­պո­լի պա­տա­նե­կան կազ­մե­րը վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րոս, ուր նուա­ճե­ցին բա­ժակ մը։ Ա­կում­բի մին­չեւ 12 եւ մին­չեւ 14 տա­րե­կան­նե­րու կազ­մե­րը խա­ղա­ցին Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի թրքա­կան ընտ­րա­նիին հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 23, 2017

​Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կեն­դա­նի գիր­քեր» խո­րագ­րեալ ձեռ­նարկ մը։ Մեր հա­մայն­քա­յին հինգ լի­սէ­նե­րէն ա­շա­կեր­տա­կան խում­բեր մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին այս ծրագ­րին, ի­րենց անգ­լե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ։

Էջեր