Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ծառ տնկո­ղին կեան­քը միշտ եր­կար ե­ղած է, ո­րով­հե­տեւ հո­ղա­գոր­ծին հա­մար հո­ղին հետ աշ­խա­տի­լը կեան­քի ժա­մա­ցոյ­ցի զսպա­նակ է ե­ղած։ Հո­ղա­գոր­ծը տի­ւու­ցայգ կը փո­րէ հո­ղը՝ զայն բա­րե­բեր դարձ­նե­լու հա­մար, ծա­ռե­րը կը պա­տուաս­տէ՝ զա­նոնք ա­ւե­լի ար­գա­սա­բեր դարձ­նե­լու հա­մար, կ՚է­տէ՝ ա­ւե­լի եւս փար­թա­մաց­նե­լու հա­մար, կը ջրէ՝ կեանք եւ սնունդ տա­լու իր աչ­քի բի­բին՝ այ­գիին։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Յաղ­թու­թեան նշա­նը՝ Խա­չը եր­կին­քի վրայ ե­րե­ւե­ցաւ եւ ո­ղոր­մու­թեան լոյ­սը ծա­գե­ցաւ հե­թա­նոս­նե­րու վրայ»։
­Զատ­կի յա­ջոր­դող հին­գե­րորդ Կի­րա­կին նուի­րուած է «Ե­րեւ­ման Խա­չի յի­շա­տակ»ին, այ­սինքն խա­չի եր­կին­քի վրայ հրա­շա­լի՜ ե­րե­ւու­մին։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան փա­ռա­շուք հա­մեր­գով մը հան­դէս ե­կաւ՝ իր հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Սա եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած հա­մերգ մըն էր մեր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ եւ Վար­դա­նանց երգ­չա­խումբն ալ հեր­թա­կան ան­գամ ար­դա­րա­ցուց իր վրայ դրուած յոյ­սե­րը՝ վե­րա­նո­րոգ ե­ռան­դով ու վա­ղե­մի կար­գա­պա­հու­թեամբ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պատրիարքական Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի յայտարարութիւնները՝ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանի «Հեռանկար» հաղորդաշարէն:
«Եթէ պէտք ըլլայ՝ կը զիջինք, ինչու չէ։ Հնարաւոր է այս բանը, անհնար բան մը չկայ աշխարհի վրայ, կեանքի մէջ։ Միայն թէ այստեղ պայքար չկայ, այլ կայ ընթացք մը, որ պէտք է շարունակուի։ Իմ կարծիքով, որոշ չափով սխալ է հարցը ներկայացնել պայքարի ձեւով, որովհետեւ ուղղակիօրէն յարատեւութեան ի խնդիր պէտք է տեղի ունենայ ընտրութիւն»:

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ ներ­կա­յիս կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) Մոս­կուա­յի մօ­տա­լուտ նստաշր­ջա­նին ըն­դա­ռաջ կը քննար­կէ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րը։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ ըն­դու­նեց Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նը, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ ա­ռա­ջին ան­գամ մեկ­նած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

Պա­քըր­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ող­ջու­նեց՝ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս ե­ղա­նա­կին կազ­մա­կեր­պուած պա­լէի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից­նե­րը, ո­րոնք ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կան հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

ԳԷՈՐԳ ՅԱ­ԿՈԲ­ՃԵԱՆ

21-րդ դա­րու կեն­ցա­ղա­յին ու ար­ժե­չա­փա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն հետ՝ ան­փո­փոխ, բնա­կան, ու ան­վի­ճե­լի կար­ծուած ե­րե­ւոյթ­նե­րը ան­գամ սկսած են լուրջ կեր­պա­րա­նա­փո­խում­նե­րու եւ վե­րա­սահ­ման­նե­րու են­թար­կուիլ։ Օ­րէ օր ու անզ­գա­լա­բար, մայ­րու­թեան կեր­պա­րը ար­ժէ­քա­յին ան­կում կ՚ար­ձա­նագ­րէ։

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017

ԳՐԻ­ԳՈՐ ՇԷ­ՆԵԱՆ

Առ­հա­սա­րակ, մայ­րը նկա­տուած է մարդ­կա­յին ըն­կե­րու­թեան ա­մե­նէն ա­ռողջ եւ գլխա­ւոր էա­կը, ըն­տա­նի­քի մը սիւ­նը։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

Հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Հա­լէ­պի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի նա­խա­գահ Տքթ. Նա­յէֆ  Սալ­թիի, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Քրիս­տա­փոր» ու­սա­նո­ղա­կան միու­թեան, Հա­լէ­պի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի «Ռա­զի» սրա­հին մէջ բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ Հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի շաբ­թուան:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

«Կան­գառ Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րով հա­մեր­գը, Փոք­րիկ Հա­յաս­տա­նի սրտին մէջ, Մա­յի­սի 13-ին լո­սան­ճե­լըս­ցի­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յաց­նէ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թը: Ե­րա­ժիշտ­ներ Ար­տեոմ Մա­նու­կեանն ու ըն­կեր­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ «Ա­յա» պա­րա­խում­բը պի­տի ներ­կա­յա­նան կա­տա­րում­նե­րով, իսկ նկար­չու­հի Ար­փի­նէ Շահ­պան­տա­րեա­նը՝ իր ա­րուես­տի գոր­ծե­րով:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

«Մո­տըրն Հելթ­քեր» թեր­թը, որ ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան մար­զին մա­սին լու­րե­րու եւ ու­սում­նա­սի­րու­թեանց նուի­րուած հե­ղի­նա­կա­ւոր հրա­տա­րա­կու­թիւն մըն է, կազ­մած է ա­ռող­ջա­պա­հա­կան մար­զի ըն­կե­րու­թեանց լա­ւա­գոյն քսան­հինգ տնօ­րէն­նե­րու 2017 թուա­կա­նի ցան­կը, ո­րուն մէջ ընդգր­կուած է նաեւ հա­յազ­գի բա­րե­րար Մայք Սա­րեան։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

Երեւանի Մատենադարանը ներկայիս անցում կը կատարէ դէպի նոր՝ հիմնադրամի կարգավիճակի:
Գուրգէն Գասպարեանի խօսքով, բուն խնդիրն է ապագայ զարգացման հնարաւորութիւններու լիարժէք օգտագործումը:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, այ­սօր կ՚ըն­դու­նուի Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ե­րէկ մաս­նա­ւոր հար­ցազ­րոյց մը տուաւ մեր աշ­խա­տա­կից Սա­գօ Ա­րեա­նին, որ ի­րեն ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի ա­նու­նով ներ­կա­յա­նա­լով՝ տե­ղեակ դար­ձաւ Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ ստեղ­ծուած առ­կայ տագ­նա­պի այժ­մու փու­լին վե­րա­բե­րեալ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն ու մօ­տե­ցում­նե­րուն։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

Վահէ Պէրպէրեան. «Մեր պարտականութիւնն է գոնէ անցեալի յուշերը փոխանցել նոր սերունդին»:
Յայտնի արուեստագէտը ինքզինքը իւրայատուկ հայ մը չի զգար՝ հակառակ որ կը գրէ հայերէն եւ հայկական շրջանակի մէջ է:

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ար­տա­սո­վոր օ­րեր կ՚ապ­րի՝ թա­ղի Վար­դա­նանց երգ­չա­խում­բի հիմ­նադ­րու­թեան 85-ա­մեա­կի յո­բե­լե­նա­կան ներ­կայ շրջա­նին։ Զու­գա­հե­ռա­բար հա­մայն­քի ա­րուես­տա­սէր­ներն ալ կը վա­յե­լեն այս յո­բե­լեա­նը թէ՛ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկ­նե­րով եւ թէ մա­նա­ւանդ ա­նոնց մի­ջո­ցաւ այս յո­բե­լեա­նի ի­մաս­տին հա­ղորդ դառ­նա­լով։

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեան­քը՝ որ կ՚ապ­րի մարդ, ա­նակն­կալ­նե­րով լե­ցուն ըն­թացք մըն է, եւ այս պատ­ճա­ռով, ան խոր­հուրդ մըն է՝ ան­ծա­նօթ, ա­նըմբռ­նե­լի՛։ Մարդ կ՚ապ­րի կեան­ք մը, բայց ո՞ր­քան կ՚անդ­րա­դառ­նայ, ո՞ր­քան կը խո­րա­նայ ա­նոր ի­մաս­տին, ո՞ր­քան կը թա­փան­ցէ ա­նոր այդ խոր­հուր­դին։ Ար­դա­րեւ, կեան­քը պա­տա­հա­բար ապ­րիլ ու­րիշ բան է, գի­տակ­ցա­բար ապ­րիլ ու­րի՛շ բան։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մար­դիկ, գրե­թէ մոռ­ցած են սէ­րը, ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը եւ նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը՝ կու­րա­ցած են կիր­քե­րէ եւ ա­տե­լու­թե­նէ։ Մար­դիկ այս մղում­նե­րով կ՚ապ­րին ընդ­հան­րա­պէս ինք­նա­կեդ­րոն կեանք մը՝ հո­գե­պէս կղզիա­ցած, որ­քան որ մաս կը կազ­մեն ըն­կե­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մի­շէլ Փիէռ Փա­րա­ւոն: Լի­բա­նա­նի Պե­տա­կան ծրագ­րաւ­մա­ն նա­խա­րա­րը, որ 1996 թուա­կա­նէն սկսեալ Լի­բա­նա­նի խորհր­դա­րա­նի ան­դամ է:

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ընտրեալ-տեղապահը երէկ գիշեր Իսթանպուլէն անցնելով այս առաւօտ հասաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին:
ԳՀԽ-ի Մոսկուայի մօտալուտ ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին ընդառաջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Վեհափառ Հայրապետին մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապին վերջին իրադարձութիւնները:

Էջեր