Արխիւ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017

Հայաստանի Էսթրատային երաժշտութեան աստղերը Stars of Armenia խորագրեալ համերգ մը սարքած են Թիֆլիզի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս երեկոյթը կայացած է Թիֆլիզի  համերգասրահի բեմին վրայ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 10, 2017

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հիւրընկալեց Մոլտովայի Նախագահ Իկոր Տոտօն, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հիւր ղեկավարի ի պատիւ նախագահական ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման արարողութիւն։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

​Գրականագէտ, գրաքննադատ, բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր, Փրոֆ. Դաւիթ Գասպարեանի «Հոգիի հայելի» մենագրութիւնը հայեացք է ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան՝ Խաչիկ Մանուկեանի ստեղծագործութեան իմաստաբանական եւ գեղագիտական վերլուծութեամբ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Ռումանիոյ Հայոց միութեան «Արարատ» հրատարակչութիւնը վերջերս լոյս ընծայած է Վահան Թոթովենցի «Կեանքը հին հռովմէական ճանապարհի վրայ» յայտնի վէպը ռումաներէն թարգմանութեամբ, 159 էջ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Շիրակի մարզի Կառնուտ համայնքի վաղ պրոնզէ դարեան դամբարանադաշտին մէջ այս տարի եւս շարունակուած են պեղումները։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Հայաստանի մէջ աշխատանքներ յառաջ կը տար-ւին՝ որպէսզի երկիրը ունենայ իր Disneyland-ը։ Այսպէս, Հայաստանի Disneyland-ը պիտի ստեղծուի Վանաձոր քաղաքին մէջ ու պիտի կոչուի Noyland։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովը։ Այս հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Ատրպէյճանի մէջ ցայսօր արտադրուած նաւթի մակարդակը հասաւ 2 միլիառ թոնի. Պաքուի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերով՝ համաշխարհային նշանակութեամբ TANAP-ի աշխատանքներուն ութսուն տոկոսը արդէն աւարտած է:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ, Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտօ այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին պիտի այցելէ Ռուսաստան։ Ան Սոչիի մէջ պիտի հիւրընկալուի Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Հայաստանի մէջ աշխատանք կը տարուի մինչեւ 2040 բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու ուղղութեամբ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ խորհրդակցութիւն՝ մշակուած ռազմավարական ծրագրին շուրջ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

«Գալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագիրը ուշագրաւ յօդուած մը ստորագրած է թրքահայութեան հրատապ օրակարգին շուրջ:
Ըստ սփիւռքահայ յայտնի մեկնաբան Յարութ Սասունեանի, պատրիարքական ընտրութեան ճանապարհին յառաջացած ներկայ առճակատումը ունի խոր արմատներ:

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնութեան մէջ ամէն բան յարատեւ փոփոխութեան մը ենթարկուած է, բայց այս փոփոխումը ջնջումի կամ անէացումի հանգամանք չունի երբեք, այլ մշտնջենական ձեւափոխումը՝ բարեփոխումը կը ներկայացնէ այդ փոփոխութիւնը՝ որ կը նշանակէ բնութիւնը կազմող սկզբնական եւ էական տարրերուն հետզհետէ կատարելագործո՛ւմը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց Պալթալիմանըի «Փորթաքս» ճաշարանին մէջ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Կ՚ըսեն խօսէ՛
-չէ, կ՚ուզեմ լսել
լսել ցաւը
հնչիւն առ հնչիւն
ապրիլ զայն 
խրիլ անոր մէջ
սուզուիլ խորը
    կուլ տալ լո՜ւռ...

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Յոյն յայտնի մրցանակակիր լրագրող, CNN Greece-ի թղթակից Մարիա Կարչիլաքի վերջին տարիներուն մասնագիտացած է ռազմական նիւթեր պատրաստելու մէջ եւ տարածքաշրջանայի թէժ կէտերէն տեղեկատուութիւն կը հաղորդէ՝ անձամբ այցելելով բախումնային հարցեր ունեցող զանազան երկիրներ եւ հանդիպելով քաղաքական, ռազմական ղեկավարութեան եւ պարզ բնակիչներու հետ:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան հիմնադրութեան 85-ամեակը նախընթաց օր Երեւանի մէջ նշուեցաւ յոբելենական փայլուն համերգով մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Թուրքիա-Հայաստան փակ սահմանին վրայ հաստատուեցաւ շրջակայքի անալիթիք անվտանգութեան դրութիւն մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Թուրքիա Հայաստանի հետ սահմանին վրայ հաստատեց տեսախցիկներու համակարգ մը։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հայաստան-Իսրայէլ յարաբերութիւնները նոր լիցք կը ստանան՝ երկկողմանի շփումներու մէջ վերջին շրջաններուն նկատուած աշխուժութեամբ:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի պաշտօնական այցելութեան ընթացքին ընդգծուեցան երկու ժողովուրդներու բարեկամական պատմական հարուստ աւանդութիւնները:

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2017

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդարանէն ներս մեծարանքի հանդիսութիւն:
Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշան շնորհեց յայտնի թատերական գործիչ Գրիգոր Սաթամեանին:

Էջեր