Արխիւ
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Ֆետերիքա Մոկերինի անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ Պրիւքսելի մէջ:
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմանի համագործակցութիւնը կը զարգանայ զանազան ձեւաչափերու մէջ։ Այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Պաթումի մէջ, ուր կանգ առին ուժանիւթի միջոցներու եւ աղբիւրներու փոխանցման ընթացքին անվտանգութեան երաշխաւորման վերաբերեալ հարցերուն վրայ։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ:
Ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ կառոյցի ղեկավարութիւնը ոչ-իսլամ համայնքներու վարիչներուն հետ ճաշեցին Հաթայի մէջ: Հիւրերը այցելեցին նաեւ Վաքըֆլըգիւղ:
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացէն ներս կլիմայի փոփոխութեան լոյսին տակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պահը հասունցած կը համարէ Աթոռին ղեկը յանձնելու համար Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ որպէսզի կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը ու գործնական աշխատանքները սկսին ժամ առաջ:
Ընդհանուր փոխանորդը խորհրդակցութեան համար Գումգաբու հրաւիրեց խումբ մը ազդու համայնքային գործիչներ : Պետրոս Շիրինօղլու երէկ տեսակցեցաւ Իսթանպուլի կուսակալին հետ:
Հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագիտուհիներէն Ժանին Փափազեանն ու Անի Չիմէնը։ Այս վերջինները Մելթէմ Ենիկիւնի ալ մասնակցութեամբ կը վերահսկեն գեղարուեստական աշխատանոցի մը գործունէութիւնը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ մեծ խանդավառութիւն ստեղծուած է ներկայ կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին ընդառաջ։ Վերջերս տեղի ունեցաւ դպրոցի երեք մանկապարտէզներու փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։
Երէկ յետմիջօրէին, Պետրոս Շիրինօղլու այցելեց Իսթանպուլի կուսակալութիւն։ Ան ընդունուեցաւ կուսակալ Վասիփ Շահինի կողմէ։ Շուրջ կէս ժամ տեւեց այս զրոյցը, որու ընթացքին Շահին ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Շիրինօղլուն։
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Շարունակելով Ատրպէյճանի մէջ տիրող կաշառակերութեան մասին վերջին երկու շաբաթներու ընթացքին մեր հրապարակած յօդուածներու շարքը, այժմ կը փափաքինք բացայայտել գայթակղեցուցիչ լրացուցիչ մանրամասնութիւններ՝ Մալթայի դրամատան մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներու գումարներուն մասին:
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Արարչագործութեան ընթացքին Աստուած պատահաբար չստեղծեց Տիեզերքը եւ անոր վրայ գտնուող բոլոր հրաշալիքները։ Ոչ ալ պարզապէս պատահականութեամբ է, որ քեզ գոյաւորեց, շնչաւորեց, շնորհքներով օժտեց եւ այս աշխարհին վրայ դրաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան մարդիկ, որ իրենք լուսամիտ են եւ հմուտ, եւ նաեւ հեռատե՛ս։ Ահաւասիկ այս տեսակ մարդիկ ունին պայծառատեսութիւն, որ մարդուս խորհիլ կու տայ, թէ այդ յատկութիւնը ստացակա՞ն է, թէ բնատուր։
Օփերային երգչուհի Տաթեւիկ Սազանդարեանի ծննդեան 100-ամեակի կապակցութեամբ՝ Երեւանի Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր: Համերգ-ներկայացումը կը կրէր «Առաջին-Տաթեւիկ» խորագիրը:
Սինկափուրի հայկական եկեղեցին արտասահմանեան զբօսաշրջիկներու ամենասիրելի վայրերէն մէկն է: Սինկափուրի մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայկական եկեղեցին, որ կառուցուած է 1835-ին իրլանտացի ճարտարապետ Ճորճ Քոլմանի նախագիծով, զբօսաշրջիկներու ամենասիրած տեսարժան վայրերէն մին է:
Արամ Խաչատրեանի անուան 13-րդ միջազգային մրցոյթը ըստ աւանդութեան կը սկսի յառաջիկայ Յունիսի 6-ին, յօրինողի ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Այս տարի առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ մրցոյթ նաեւ վոքալ մասնագիտութեամբ, որու համար հարիւրէ աւելի յայտեր ստացուած են:
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի գործերը, որոնց կողքի մը ներքեւ հաւաքուիլը առիթ ընձեռած է յետմահու իր մէկ նոր գրքի հրատարակման։ «Կատուներ» կը կոչուի այս գիրքը, որ հրատարակուած է երկլեզու։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոն Եակլանտի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Յունական Կիպրոսի մէջ, կազմակերպութեան նախարարաց կոմիտէի ժողովներու օրերուն։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Վատիկանի Առաքելական Նուիրակ Մարէք Սոլչինսքի Արքեպիսկոպոսը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Թիֆլիզի մէջ։ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը Սերժ Սարգսեանին կողմէ հիւրընկալուեցաւ՝ իր դիւանագիտական առաքելութեան աւարտին կապակցութեամբ։
Անգլիոյ Մենչըսթըր քաղաքէն երէկ երեկոյեան ուշ ժամերուն հասան ահաբեկչական արարքի մը վերաբերալ լուրեր։ Այսպէս, երգիչ Արիանա Կրանտէի մարզադաշտի մը մէջ կազմակերպուած համերգին ժամանակ պատահեցաւ երկու պայթում։
ՍԾՏՀԿ-ի հիմնադրութեան 25-ամեակին ձօնուած Իսթանպուլի երէկուան յոբելենական գագաթաժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւններուն միջեւ ծագեցաւ լարուածութիւն:
Նախագահ Էրտողան միջամտեց. «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ջանքերով»:
Թուրքիա կը ջանայ տարածքաշրջանի երկիրներու հետ բոլոր ուղղութիւններով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը:
Անգարա եւ Մոսկուա որոշեցին ջնջել սահմանափակումները եւ հանդէս եկան համապատասխան յայտարարութեամբ: Վարչապետ Եըլտըրըմ Թիֆլիզի մէջ:
Երուսաղէմի հայոց պատրիարքը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին այցը:
Թրամփ ամոլը Ս. Յարութեան տաճարին մէջ ունկնդրեց հայկական հոգեպարար շարականներուն: