Արխիւ

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

Հայ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի ձեռնարկելը յառաջիկային ինչպէ՞ս պիտի ազդէ ՀԱՊԿ-ի վրայ:
Եուրի Խաչատուրով անցած է գլուխը կառոյցի մը, որու դիրքը երբեք յստակ չէ եղած Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պատ­մա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պահ­պան­ման հար­ցը կա­րե­ւոր հնչե­ղու­թիւն ու­նի Վրաս­տա­նի մէջ: 
Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Վրաց Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ են պատ­մա­կան եւ եղ­բայ­րա­կան հա­մա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն նոյն ծի­րին մէջ առ­կայ է նաեւ տաս­նեակ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խնդիր, որ կրնայ սուր տագ­նա­պի վե­րա­ծուիլ:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

Հայաստանի Հանրապետութեան 6-րդ գումարման Ազգային ժողովի այս առաւօտեան անդրանիկ նիստը:
Օրէնսդիր իշխանութեան գլխաւոր դէմքերը կը փոխուին: Արա Պապլոյեան խորհրդարանի նախագահի ամենահաւանական թեկնածուն: Կառավարութեան կազմին մէջ ալ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին՝ մեծամասնութեան տէր ՀՀԿ-ի եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ստորագրուած համախոհութեան համաձայնագրի լոյսին տակ:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անուանի հայագէտը Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ իր 80-ամեակին առթիւ շահեկան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Վազգէն Գաբրիէլեան. «Ուսանողներով շրջապատուած ինքզինքս շատ երիտասարդ կը զգամ, բայց երբ քիչ մը ֆիզիքական գործեր կ՚ընեմ՝ կը զգամ, թէ ոչ, այդքան չեմ»:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ ը­րի ես, ին­չո՞ւ թոյլ տուի այս մեծ յան­ցան­քին, որ ան­մոռ­նա­լի է, բայց ինչ­պէ՞ս ոտ­քերս ուղ­ղուե­ցան դէ­պի հոն, տկա­րու­թի՞ն էր ար­դեօք, ան­ցեա­լի կա­րօ՞տ, ո­րուն հաս­նիլ կը կար­ծէի այս առ­նուած քայ­լով: Ո՛չ, եր­բե՛ք, ան­ցեա­լը չի վե­րա­դառ­նար, չի վե­րա­կեն­դա­նա­նար, կա­րե­լի իսկ չէ, ար­դէն ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լար, ան­ցեալ չէր կո­չուեր:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ա­ռա­ւօտ կա­նուխ բա­ցի հա­ցի պա­հա­րա­նը՝ տե­սայ որ հոն, հա­ցին քով, կայ ե­րեք հատ, հո­գե­ւոր նիւ­թեր պա­րու­նա­կող գիրք։ Օրս հա­ճե­լի՜ ա­նակն­կա­լով մըն էր սկսած։ Պահ մը շուա­րած՝ դի­տե­ցի այդ հրա­շա­լի՜ տե­սա­րա­նը. «հաց» եւ «գի՛րք»։ Եւ ան­մի­ջա­պէս յի­շե­ցի Յի­սու­սի խօս­քը. «Մարդ միայն հա­ցով չ՚ապ­րիր, այլ բո­լոր այն խօս­քե­րով, որ Աս­տուած խօ­սած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։ Օ­րէն­քի գիր­քէն մէջ­բե­րում մըն էր այս խօս­քը, որ մարդ­կա­յին մա­նա­ւանդ հո­գե­ւոր կեան­քի հա­մար անհ­րա­ժեշտ ու­ղե­ցոյց մը, պատ­գա՛մ մըն է։ Այն՝ որ կը յի­շեց­նէ, թէ՝ մար­մին չէ՛ միայն մարդ, այլ նաեւ՝ հո­գի եւ մի՛տք։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն ընթացքը բազմակողմանիօրէն քննարկուեցաւ նախագահներուն կողմէ:
Ուաշինկթընի մէջ յստակ պատգամներ:
Էրտողան եւ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան երդիքին տակ ունեցան առանձնազրոյց մը, որ նոր սկիզբ մը բնորոշեց երկկողմանի համագործակութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Սիր­տը տախ­տակ ու­նի՞»։ Ան­կաս­կած չու­նի, երբ ան կա­պուած է մար­դուս ֆի­զի­քա­կան կազ­մուած­քին հետ։ Վե­րո­խո­րագ­րեալ հար­ցում-մա­կա­գի­րը սոսկ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան բնոյթ ու­նե­ցող եւ կամ աս­տուա­ծաշն­չա­կան հա­մար­նե­րէն պո­կուած հար­ցադ­րում մը չէ, այլ՝ կեան­քէն առ­նուած եւ մար­դուս նպա­տա­կաուղ­ղուած հար­ցաքն­նու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­չա­զուրկ­նե­րու հա­մար ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը։ Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­սա­րա­կաց մտքի եւ զգաց­ման բնա­կան եւ բա­նա­կան ար­դիւնքն է «հան­րա­յին կար­ծիք»ը։ Իր այս հան­գա­ման­քով կա­րե­ւոր ու­ղե­ցո՛յց մըն է ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ տեսնուած շատ մը հար­ցե­րու լուծ­ման եւ ա­նել վի­ճակ­նե­րէ դուրս գա­լու հա­մար՝ հան­րա­յին կար­ծի­քը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ ե­րէկ Մոս­կուա­յի մէջ սկսաւ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ընդ­լայ­նուած կազ­մով նստաշր­ջա­նը։ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ռու­սաս­տա­նի եւ Նոր Նա­խի­ջե­ւա­նի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Եզ­րաս Արք. Ներ­սի­սեա­նի տան­տի­րու­թեամբ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այս նստաշր­ջա­նը, ո­րու աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի եզ­րա­փա­կուին վա­ղը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Կրօ­նա­կան ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պետ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հա­մայն­քա­յին մա­մու­լի նկա­տառ­ման յանձ­նեց յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, ո­րով կ՚անդ­րա­դառ­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ա­կա­դե­մա­կան երգ­չա­խում­բի խմբա­վար Յով­հան­նէս Չե­քի­ճեա­նի պար­գե­ւատր­ման։ Մաէսթ­րո­յի 90-ա­մեա­կին առ­թիւ կա­տա­րուած այս պար­գե­ւատր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը հարկ նկա­տած է լու­սա­բա­նել կարգ մը պղտոր կէ­տեր։ 

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Մա­յի­սի 13-ին Վե­նե­տի­կի մէջ սկսաւ քա­ղա­քի մշա­կու­թա­յին կեան­քի ա­մե­նան­շա­նա­կա­լի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ ա­ւան­դա­կան պիէ­նա­լէն, որ պի­տի տե­ւէ մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 26-ը: Պիէ­նա­լէի ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ «Ա­ջակ­ցու­թիւն» կո­չուող քան­դա­կը, որ բա­ցի գե­ղա­գի­տա­կան հա­ճոյք պատ­ճա­ռե­լէ, իր մէջ կա­րե­ւոր «պատ­գամ» կը կրէ:
Այս մէ­կը Վե­նե­տի­կի ջրանցք­նե­րու մէ­կէն վեր յառ­նող մեծ, ճեր­մակ ձեռ­քերն են:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Ճա­բո­նի մէջ գոր­ծունէութիւն ծաւալող Կո­մի­տա­սի ա­նուան ե­րաժշ­տա­կան ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը այ­սու­հե­տեւ սե­փա­կան պա­տուոյ մրցա­նակ պի­տի շնոր­հէ: Այս մա­սին յայտ­նած է ըն­կե­րակ­ցու­թեան նա­խա­գահ, ճա­բոն­ցի դաշ­նա­կա­հար Թա­քա­հի­րօ Ա­քի­պա:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Մա­յի­սի 14-ին, Չե­խիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փրա­կի մէջ, Pidifest մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նի փակ­ման հան­դի­սու­թեան Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նուան պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի «Մատ­նա­չա­փի­կը» ստուե­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը ար­ժա­նա­ցած է «Լաւա­գոյն ներ­կա­յա­ցում ըստ հան­դի­սա­տե­սի գնա­հա­տա­կա­նի» մրցա­նա­կին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Յու­նա­կան Կիպ­րոս։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, իր շփում­նե­րը պի­տի տե­ւեն եր­կու օր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Հայաստան եւ Քաթար կը ձգտին զարգացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Շէյխ Թամիմ Պին Համիտ Էլ Թանի քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Վե­նե­տի­կի մի­ջազ­գա­յին պիէ­նա­լէի շրջա­նակ­նե­րէն ներս 20 մեթր­նոց Ոս­կէ աշ­տա­րա­կը տա­ղադ­րուած է «Բե­կի Կու­կեն­հայ­մի հա­վա­քա­ծո­յի» մեր­ձա­կայ հրա­պա­րա­կին վրայ եւ կանգ­նած պի­տի մնայ մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 26-ը՝ պիէ­նա­լէի փա­կու­մը:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Ար­ժոյ­թի մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մին եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է 1000 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէ­քով ար­ծա­թէ յու­շադ­րամ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, յու­շադ­րա­մի մէկ կող­մը կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը եւ «ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ», «REPUBLIC OF ARMENIA», «2017», «1000 դրամ» մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը:

Էջեր