Արխիւ

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Մա­յի­սի 14-ին, Չե­խիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Փրա­կի մէջ, Pidifest մի­ջազ­գա­յին թա­տե­րա­կան փա­ռա­տօ­նի փակ­ման հան­դի­սու­թեան Ե­րե­ւա­նի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­նուան պե­տա­կան տիկ­նի­կա­յին թատ­րո­նի «Մատ­նա­չա­փի­կը» ստուե­րա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը ար­ժա­նա­ցած է «Լաւա­գոյն ներ­կա­յա­ցում ըստ հան­դի­սա­տե­սի գնա­հա­տա­կա­նի» մրցա­նա­կին:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան վա­ղը պի­տի այ­ցե­լէ Յու­նա­կան Կիպ­րոս։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, իր շփում­նե­րը պի­տի տե­ւեն եր­կու օր։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Հայաստան եւ Քաթար կը ձգտին զարգացնել իրենց փոխյարաբերութիւնները՝ բոլոր ուղղութիւններով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Շէյխ Թամիմ Պին Համիտ Էլ Թանի քննարկեցին նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն ընթացքը բազմակողմանիօրէն քննարկուեցաւ նախագահներուն կողմէ:
Ուաշինկթընի մէջ յստակ պատգամներ:
Էրտողան եւ Թրամփ երէկ Սպիտակ տան երդիքին տակ ունեցան առանձնազրոյց մը, որ նոր սկիզբ մը բնորոշեց երկկողմանի համագործակութեան մէջ:

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

«Սիր­տը տախ­տակ ու­նի՞»։ Ան­կաս­կած չու­նի, երբ ան կա­պուած է մար­դուս ֆի­զի­քա­կան կազ­մուած­քին հետ։ Վե­րո­խո­րագ­րեալ հար­ցում-մա­կա­գի­րը սոսկ կրօ­նա­բա­րո­յա­կան բնոյթ ու­նե­ցող եւ կամ աս­տուա­ծաշն­չա­կան հա­մար­նե­րէն պո­կուած հար­ցադ­րում մը չէ, այլ՝ կեան­քէն առ­նուած եւ մար­դուս նպա­տա­կաուղ­ղուած հար­ցաքն­նու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ա­չա­զուրկ­նե­րու հա­մար ճատ­րա­կի մրցա­շարք մը։ Հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան Կեդ­րո­նա­կան սա­նուց միու­թեան եր­դի­քին տակ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հա­սա­րա­կաց մտքի եւ զգաց­ման բնա­կան եւ բա­նա­կան ար­դիւնքն է «հան­րա­յին կար­ծիք»ը։ Իր այս հան­գա­ման­քով կա­րե­ւոր ու­ղե­ցո՛յց մըն է ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ տեսնուած շատ մը հար­ցե­րու լուծ­ման եւ ա­նել վի­ճակ­նե­րէ դուրս գա­լու հա­մար՝ հան­րա­յին կար­ծի­քը։

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Շու­շիի մշա­կոյ­թի եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան կեդ­րո­նը վե­րա­նո­րո­գուած եւ վե­րա­կա­ռու­ցուած է ար­դի չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան: Այս մա­սին «Ար­ցախփ­րէս»ին յայտ­նած է Ար­ցա­խի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան գլխա­ւոր մաս­նա­գէտ Ա­զատ Համ­բար­ձու­մեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

«Տինամիթներով կարելի է քանդել, բայց կարելի է նաեւ ժայռեր փշրել եւ շինարարութիւն կատարել»:
Տագէսեան. «Հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման ներկայ հրաշքային պայմաններուն ներքեւ կրնայ միայն ծաղկիլ»:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Տարօն Աճէմօղլու. «Հայաստան արդէն տէր է հարիւրամեակներու յառաջդիմական աւանդութեան»:
MIT-ի դասախօս աշխարհահռչակ տնտեսագէտին համոզմամբ, հայկական մշակոյթը բնաւ ներհակ չէ ժողովրդավարութեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Անց­նող օ­րե­րուն սպա­սուած եւ տպա­ւո­րիչ ձեռ­նարկ մը եւս տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­ւա­նեան կեան­քին մէջ։ Աշ­խար­հահռ­չակ ճազ դաշ­նա­կա­հար Տիգ­րան Հա­մա­սեան 7-8 Մա­յի­սին, «Ա­րամ Խա­չատ­րեա­ն» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ իր նոր՝ «An Ancient Observer» («Հնա­գոյն դի­տոր­դ») ալ­պո­մի հա­մեր­գա­յին շրջա­գա­յու­թեան ծի­րէն ներս հա­մերգ­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ իր ծննդա­վայր Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ կրկին հա­մախմ­բե­լով իր ա­րուես­տով տա­րուած հա­զա­րա­ւոր ե­րա­ժիշտ­ներ եւ մաք­րա­մա­քուր ե­րաժշ­տու­թեան իս­կա­կան տօն մը պար­գե­ւե­լով հան­դի­սա­տես­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ կրնա՞յ կա­տա­րեալ ըլ­լալ։ Ան­շուշտ այս հար­ցու­մին վճռա­կան պա­տաս­խան մը կա­րե­նալ տա­լու հա­մար նախ պէտք է պա­տաս­խա­նել, պէտք է նա­խա­պէս բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնել սա հար­ցու­մին, թէ՝ «կա­տա­րեալ ըլ­լալ» ի՞նչ կը նշա­նա­կէ։ Ի՞նչ է կա­տա­րե­լու­թիւն ը­սուա­ծը։

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ա­րուես­տա­բան Նա­զա­րէթ Կա­րո­յեա­ն վեր­ջերս այ­ցե­լած է Իս­րա­յէլ, ուր հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցած՝ ա­րուես­տի տար­բեր գոր­ծիչ­նե­րու եւ շրջա­նակ­նե­րու հետ: Այս առ­թիւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ զրոյց մը ու­նե­ցաւ ա­րուես­տա­բա­նին հետ: 

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Վե­նե­տի­կի մի­ջազ­գա­յին պիէ­նա­լէի շրջա­նակ­նե­րէն ներս 20 մեթր­նոց Ոս­կէ աշ­տա­րա­կը տա­ղադ­րուած է «Բե­կի Կու­կեն­հայ­մի հա­վա­քա­ծո­յի» մեր­ձա­կայ հրա­պա­րա­կին վրայ եւ կանգ­նած պի­տի մնայ մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 26-ը՝ պիէ­նա­լէի փա­կու­մը:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

Ար­ժոյ­թի մի­ջազ­գա­յին հիմ­նադ­րա­մին եւ Հա­մաշ­խար­հա­յին դրա­մա­տան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան դրա­մա­տու­նը շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրած է 1000 դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէ­քով ար­ծա­թէ յու­շադ­րամ: «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, յու­շադ­րա­մի մէկ կող­մը կայ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նը եւ «ՀԱ­ՅԱՍ­ՏԱ­ՆԻ ՀԱՆ­ՐԱ­ՊԵ­ՏՈՒ­ԹԻՒՆ», «REPUBLIC OF ARMENIA», «2017», «1000 դրամ» մա­կագ­րու­թիւն­նե­րը:

Երեքշաբթի, Մայիս 16, 2017

«Յա­նուն մարդ­կա­յին կա­յուն զար­գաց­ման» ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը՝ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գա­հի աշ­խա­տա­կազ­մին կող­մէ ՀԿ-­նե­րուն տրա­մադ­րուող դրա­մաշ­նոր­հա­յին ծրա­գ­­րին եւ Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան հիմ­նադ­րա­մին յայ­տա­րա­րած մրցոյ­թին ծի­րէն ներս՝ Մա­յի­սի 26-28 թուա­կան­նե­րուն Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ պի­տի կազ­մա­կեր­պէ «Զբօ­սաշր­ջու­թիւ­նը գիւ­ղա­կան հա­մայնք­նե­րուն մէջ. Հիմ­նախնդիր­նե­րը եւ ար­դի լուծ­ման ու­ղի­նե­րը» խո­րա­գրով գի­տա­ժո­ղով:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

«Հայ դպրոցը. անցեալէն դէպի այսօր» խորագրեալ յոբելենական հանդիսութիւնը ցոլացուց մեր կրթական հաստատութիւններու բախտորոշ առաքելութիւնն ու դաստիարակչական կեանքի հարուստ աւանդութիւնները՝ ժամանակի եւ տարածութեան մէջ շեշտելով տուեալներ, նաեւ խորհրդանշական զուգահեռներով խոշորացոյցի տակ բերելով առկայ կացութիւնը, ընդգծելով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդներուն ինքնութեան գոյատեւման մարտահրաւէրները:
Աշակերտները յայտագիրը յաջողութեամբ գործադրելէ վերջ ձեռնարկի աւարտին երգեցին «Ով մեծասքանչ»ը՝ կրելով պաստառներ, որոնց վրայ նշուած էին պոլսահայ այսօրուան վարժարաններուն անունները:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին խմբավարը մեծարուեցաւ իր ծննդավայրէն ներս:
Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Յովհաննէս Չեքիճեանին շնորհուած շքանշանը յանձնուեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ մաս­նակ­ցու­թեան հա­մե­մա­տու­թիւ­նը ե­ղած է բա­ւա­կան նուազ։ Մայ­րա­քա­ղա­քի բնա­կիչ­նե­րուն հա­զիւ 41 տո­կո­սը մաս­նակ­ցած է քուէար­կու­թեան՝ ա­ւա­գա­նիի, այ­սինքն, քա­ղա­քա­պե­տա­կան խոր­հուր­դի ընտ­րու­թեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017

Ուք­րայ­նոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Քիե­ւի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ «Եւ­րո­տե­սիլ-2017» եր­գի մրցոյ­թը, ո­րու դափ­նե­կի­րը դար­ձաւ Փոր­թու­գա­լի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սալ­ւա­տոր Սոպ­րալ։

Էջեր