Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թա­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյ­թի մը ըն­թաց­քին մէկ­տե­ղուե­ցաւ անվ­տան­գու­թեան հա­մա­կար­գէն պաշ­տօ­նեա­նե­րու հետ։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Էր­տո­ղան իր ե­լոյ­թին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ զու­գա­հեռ կա­ռոյ­ցի՝ զայն ո­րա­կե­լով դա­ւա­ճա­նու­թեան հրո­սա­խումբ։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Արդարադատութեան նախարարութիւնը յստակեցուց իր դիրքորոշումը Անթիլիասի կողմէ բացուած դատին կապակցութեամբ:
Սահմանադրական ատեանին յանձնարարուած է ընթացք չտալ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման նպատակով կատարուած դիմումին: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իրաւական նախաձեռնութեան ճակատագիրը կրնայ վճռուիլ տեսանելի ապագային:

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն՝ Սուրբ Վլա­տի­միր Ուղ­ղա­փառ ճե­մա­րա­նի տե­սուչ Տքթ. Ճոն Քհնյ. Պե­ռին, ո­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէր Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մեր­ի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ս. Ներ­սէս ըն­ծա­յա­րա­նի տե­սուչ Տ. Մար­տի­րոս Ա. Քհնյ. Չե­ւեան։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ ներ­կա­յիս տե­ղի կ՚ու­նե­նան Չի­նա­կան մշա­կոյ­թի օ­րեր։ Բազ­մա­կող­մա­նի յայ­տա­գիր մը կը գոր­ծադ­րուի այս շրջագ­ծով։ Հա­յաս­տա­նի եւ Չի­նաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րար­ու­թիւն­նե­րուն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած է այս ձեռ­նար­կը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Ֆէ­րի­գիւ­ղի սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ա­ռաջ­նորդ» պա­րա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Հա­մակ­րե­լի ա­րուես­տա­գի­տու­հի Նա­թա­լին Պոզ Եըլ­մա­զի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին յա­ռաջ տա­րուած պա­րի դա­սըն­թացք­նե­րուն տար­ե­վեր­ջի ներ­կա­յա­ցումն էր այս մէ­կը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ տա­րե­վեր­ջի խրախ­ճան­քի ծրա­գի­րը կը գոր­ծադ­րուի մեծ խան­դա­վա­ռու­թեամբ։ Փա­ռա­տօ­նի շաբ­թուան շրջագ­ծով մաս­նա­ւոր բա­ժին մը յատ­կա­ցուե­ցաւ ա­շա­կերտ­նե­րու անգ­լե­րէն ե­լոյթ­նե­րուն։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

​14-րդ դա­րու գեր­մա­նա­ցի միս­թիք փի­լի­սո­փայ քա­րո­զիչ Մէյս­դըր Էք­հարտ ի մի­ջի այ­լոց կ՚ը­սէ. «Աս­տուած Սէր է. Իր էու­թիւ­նը Սէր է. ուս­տի ես շնոր­հա­կալ չեմ ըլ­լար, որ զիս կը սի­րէ, քան­զի չի կրնար տար­բեր ըլ­լալ ինք իր բնու­թե­նէն: Ան զիս ստեղ­ծեց ին­ծի հա­մար»:

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

911-ը շտապ օգ­նու­թեան թիւն է բո­վան­դակ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու տա­րած­քին։ Հր­­դե­հի, զի­նուած ա­ւա­զա­կու­թեան, ինք­նա­շա­րի ար­կա­ծի, փո­ղո­ցա­յին կռիւ­նե­րու, ո­ճի­րի գոր­ծադ­րու­թեան եւ կամ յան­կար­ծա­կի հի­ւան­դու­թեան պա­րա­գա­յին, երբ հե­ռա­ձայ­նես այդ թի­ւին՝ ոս­տի­կան­ներ, հրշէջ­ներ եւ հի­ւան­դա­պահ­ներ ան­մի­ջա­պէս կը փու­թան տուեալ վայ­րը, օգ­նու­թեան ի­րենց ձեռ­քը եր­կա­րե­լու ա­ղէ­տեա­լին։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ո­րե­ւէ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցուած ա­տեն, մա­նա­ւա՛նդ հա­ւա­քա­կան եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ծա­ռա­յու­թեան ժա­մա­նակ, ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւն ու­նե­նալ, հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ ըլ­լալ՝ ծա­ռա­յու­թեան ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան ուղ­ղա­կի՛ կ՚ազ­դէ եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ նպա­տա­կա­յար­մար եւ ա­ւե­լի՛ բեղմ­նա­ւոր վի­ճա­կի կը վե­րա­ծէ։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ԽԱ­ՉԻԿ ՃԱ­ՆՈ­ՅԵԱՆ

Սփիւռ­քի հա­յու­թեան ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի պահ­պան­ման եւ մեր գա­ղութ­նե­րը հա­յօ­րէն ապ­րեց­նող անհ­րա­ժեշտ հո­գե­ւոր սնուն­դի հայ­թայթ­ման գոր­ծին մէջ, Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հայ դպրոց­նե­րու կող­քին, մեծ դեր կը կա­տա­րեն Սփիւռ­քի մէջ լոյս տես­նող հայ­կա­կան թեր­թե­րը ու մա­նա­ւանդ գա­ղա­փա­րա­կան եւ կու­սակ­ցա­կան մա­մու­լը։

Ուրբաթ, Յունիս 17, 2016

ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդը քննարկեց Սուրիոյ ներքին պատերազմին ծանր հետեւանքները։
Դեսպան Արման Կիրակոսեան ուշադրութիւն հրաւիրեց Հալէպի հայկական թաղամասերու հրթիռակոծման վրայ։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ ա­շա­կերտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։ Խում­բը ա­ռաջ­նոր­դե­ցին Գա­տը­գիւ­ղի Ս. Թա­գա­ւոր ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծուած է 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նի ներ­կայ եզ­րա­փա­կիչ փու­լին։ Ան­ցեալ տա­րի ձե­ւա­ւո­րուած նա­խըն­թա­ցին հի­ման վրայ այս տա­րի եւս տա­րեշր­ջա­նի վեր­ջըն­թեր շա­բա­թը դպրո­ցէն ներս կը բնո­րո­շուի փա­ռա­տօ­նով մը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը։ Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին զու­գա­դի­պած այս հա­ւա­քոյ­թին շրջագ­ծով դպրո­ցի հա­մա­լի­րէն ներս հիւ­րըն­կա­լուե­ցան ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղի ղե­կա­վա­ներն ու հա­մա­կիր­նե­րը։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի եզ­րա­փա­կիչ փու­լին տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կօ­րեայ խան­դա­վառ խրախ­ճանք մը։ Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ սկսաւ տա­րե­վեր­ջի այս խրախ­ճան­քին ծրա­գի­րը, որ ա­ւար­տին հա­սաւ այ­սօր։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն կող­մէ այս տա­րի եւս իս­լա­մա­կան աշ­խար­հի Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին իֆ­թա­րի հա­ւա­քոյթ մը պի­տի սար­քուի Վա­քըֆ­նե­րու ըն­հա­նուր տնօ­րէ­նու­թեան վեր­նա­խա­ւին, ինչ­պէս նաեւ բարձ­րաս­տի­ճան դի­ւա­նա­կա­լա­կան շրջա­նակ­նե­րու հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Թուր­քիա ե­րէկ կորսն­ցուց իր ե­րէց սե­րուն­դի կա­րե­ւոր մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն մին։ 87 տա­րե­կան հա­սա­կին մահ­կա­նա­ցուն կնքեց լրագ­րող եւ հրա­տա­րա­կիչ Հաք­քը Տեւ­րիմ, որ թուրք մա­մու­լի վար­պետ սիւ­նա­կա­գիր­նե­րէն մին էր։

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

«Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր Հրանդ Տին­քի վրայ կրա­կած Օ­կիւն Սա­մասթ կը պատ­րաս­տուի դի­մում ներ­կա­յա­ցնել Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի մօտ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Սա­մասթ դա­տա­րան ա­ղեր­սա­գիր մը ու­ղար­կե­լով տե­ղե­կա­ցուց, թէ պի­տի պա­հան­ջէ վերս­տին դա­տուիլ

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը հետեւողականօրէն յառաջ կը տանի իր նախաձեռնութիւնը:
Այս տարի նախատեսուած է աւելի քան 1100 երիտասարդներու այցելութիւնը, նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ճամբար:

Հինգշաբթի, Յունիս 16, 2016

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի եւ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցան Օս­լո­յի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ եր­կու նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին Սու­րիոյ ի­րա­վի­ճա­կը, Ի­րա­նի մէջ կոր­սուած կամ ձեր­բա­կա­լուած ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու հար­ցե­րը եւ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու հա­մա­պար­փակ ծրագ­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Էջեր