Արխիւ
Շիշլիի «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստի տան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբի ելոյթը։ Երեկոյթը կազմակերպուած էր Ֆէրիգիւղի սանուց միութեան գե-ղարուեստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կանթեղը իր աննշմարելի ու փոքր լոյսով մթութեան մէջ ճրագ է։ Այդ առկայծուն լոյսը մշտավառ դարձնողը ձէթն է, որ խաղաղութեան ու մաքրութեան խորհրդանիշ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կարճատեսութիւնը՝ հականի՛շն է շրջահայեացութեան։ Արդարեւ, մարդկային կեանքին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ կարճատեսութեան, որ մարդս կը սահմանափակեն խորհելու, այտայայտուելու եւ գործելու որոշ նեղ շրջանակի մը մէջ, եւ մերժելու ամէն ճշմարտութիւն, որ իրենց ըմբռնումի շրջանակէն դո՜ւրս կը գտնուի։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Եկեղեցական-ներկայացուցչական ժողովը Մայր Աթոռի մէջ կը կեդրոնանայ նոր ժամանակներու բարենպաստ պայմաններուն ներքեւ կանոնադրութեան մը մշակման վրայ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մեր եկեղեցւոյ առկայ մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը անկարելի է պատկերացնել՝ առանց անոր կառոյցներու սերտ համագործակցութեան» Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ Պոլսոյ Աթոռի հարցերու լուծման հեռանկարներուն կապակցութեամբ:
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Դասարանի ուսուցչուհի Ժաննա Մելքոնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ԵՆԺ-ի վեցերորդ նստաշրջանի բացման, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ անդրադարձաւ Պոլսոյ Աթոռի առկայ հարցերուն։ Նորին Սրբազնութիւնը արտայայտուեցաւ ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեամբ ու դրական շեշտով։ Ան նշեց, որ ցայսօր թէեւ եղան յապաղումներ, սակայն այլեւս կարեւորը ապագան է։
Լվովի հայկական թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբալեանին ձօնուած յատկանշական ձեռնարկ մը:
Մատենադարանի երդիքին տակ ներկայացուեցան՝ Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ պատրաստուած շուրջ 40 ձեռագրեր:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։
Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համաձայնութեան ծիրէն ներս Ս-400 հրթիռային համակարգերու նիւթը թեւակոխած է եզրափակիչ փուլը եւ հիմա կարգը եկած է ռազմաօդանաւերուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն կը ծաւալէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, Սուրիոյ առաջնահերթութեամբ։
Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները չկրցան յաջողիլ միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար առկայ տարակարծութիւնները:
Թուրքիա առայժմ յարմար չի դատեր գերման խորհրդարանականներուն այցելութիւնը՝ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը: Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեսակցեցաւ Սիկմար Կապրիէլի հետ, սակայն վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ջնջեց իր հանդիպումը հիւր նախարարին հետ: Կառավարութիւնը միշտ կը շեշտադրէ իր անտեսուած զգայնութիւնները:
Այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին նստաշրջանը՝ Վեհափառ Հայրեպետին բարձր նախագահութեամբ:
Օրակարգի վրայ կը գտնուին Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման նախապատրաստութիւնները եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներու կազմին վերանորոգումը:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան 2016-2017 կրթական շրջանի արտադասարանային գործունէութիւններու արդիւնքները։ Խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որուն ներկայ գտնուեցան Շիշլիի կրթական տնօրէնութենէն Էրթան Տեմիրթաշ, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան, տնօրէնուհի Արփի Մանուկեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանաստեղծութեան երեկոյթ մը։ «Փունջ մը գեղարուեստ մեր սրտի խորքէն» խորագրեալ այս երեկոյթին ընթացքին լիսէի աշակերտները հայերէն եւ թրքերէն բանաստեղծութիւններ ներկայացուցին։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ հաստատուած Շարլ Ազնաւուրի տուն-թանգարանը երկինք խոյացած է՝ որպէս երախտագիութեան կոթող ու վկայութիւն հայ ժողովուրդի յաղթահարած փորձութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան զուգահեռ՝ Օփերայի երդիքին տակ համերգ մըն ալ տեղի ունեցաւ ի պատիւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչին, որ իր բոլորած աւելի քան իննսուն տարիներով դարձած է կենդանի առասպել եւ հասարակաց արժէք համայն հայութեան համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գաղատացիներուն գրած իր նամակին մէջ, Պօղոս Առաքեալ սապէս կ՚ըսէ. «Գալով ինծի, քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ։ Այդ խաչին միջոցաւ աշխարհը մեռած է այլեւս ինծի համար, ինչպէս ես մեռած եմ աշխարհի համար» (ԳԱՂԱՏ. Զ 14)։
Կը տեղեկանանք, որ Մխիթարեան միաբանութեան Ընդհանուր աբբահայր Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիլաղպեան վերջին օրերուն կարճատեւ այցելութիւն մը տուած է Իսթանպուլ, ուրկէ ալ մեկնած է Երեւան։
Օրընճ Քաունթիի Մանուկներու եւ «Ս. Ճոզէֆ» հիւանդանոցներէն 32 բժիշկներէ, հիւանդապահներէ ու օգնականներէն բաղկացած պատուիրակութիւնը վերադարձած է Հայաստան կատարած երկշաբաթեայ իր առաքելութենէն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։
