Արխիւ
Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ երկրի ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ողջունելով հիւրերը Կարէն Կարապետեան ընդգծեց, որ կը փափաքի լսել ազգային փոքրամասնութիւններու խնդիրները, քննարկել անոնց առկայ հարցերը ու տեսնել, թէ կառավարութիւնը ինչ ձեւով կրնայ աջակցութիւն ցուցաբերել անոնց լուծման ուղղութեամբ։
Երեւան եւ Թեհրան կը ձգտին զարգացնել իրենց համագործակցութիւնը:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի վաղը շփումներ պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմին մէջ պաշտօնի կոչուեցան երկու հայ նախարարներ։ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուեցան Աւետիս Կիտանեան եւ Ժան Օղասաբեան։
Գերմանիոյ Սահմանադրական դաշնակցային ատեանը մերժեց Պունտեստակի կողմէ անցեալ Յունիսին ընդունուած «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ»ին դէմ բողոքները։ Ըստ Պերլինէ հասած լուրերուն, Գերմանիոյ բարձրագոյն դատական ատեանին մօտ առնուազն ութ բողոքներ ներկայացուած էին այս հարցին շուրջ։
Եւրոպայի մէջ երէկ տեղի ունեցան ահաբեկչական մտահոգիչ դէպքեր։ Գերմանիոյ մայրաքաղաքը՝ Պերլինի մէջ, պատմական «Փլած եկեղեցւոյ» մօտակայքին պատահեցաւ դէպքը։ Բեռնատար հսկայ ինքնաշարժ մը ներխուժեց Սուրբ Ծննդեան շուկայի տարածքը։
Հայաստանի եւ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններու կապերու ամրապնդման ուղղեալ նոր հռչակագիր:
Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան մակարդակներու վրայ:
Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլով երէկ երեկոյեան զոհ գնաց ահաբեկչական յարձակման:
Էրտողան եւ Փութին ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին համակարծիք գտնուեցան, թէ այս դէպքը խափանարարութիւն մըն է երկու երկիրներու համագործակցութեան դէմ: Հետաքննութիւնը յառաջ պիտի տարուի միասնաբար: Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու Մոսկուայի մէջ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի ընտանիքը երէկ երեկոյեան համախմբուեցաւ Ամանորի առթիւ։ Թաղի եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահի երդիքին տակ սարքուած տօնական սեղանին նախագահեց Դպրաց Դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որու կողքին էին Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, դպրապետ Սեդրակ Տավութհան եւ խմբավար Ատրուշան Հալաճեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ կեանքէ հեռացած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած անդամներէն Հայկ Ադամեան։ Ան Գատըգիւղի ընտանիքին հետ նոյնացած խորհրդանշական անուն մըն էր եւ իր կորուստը այս առումով խոր ցաւ պատճառած է բոլորին։ Հայկ Ադամեան անհատական, ընտանեկան կեանքը համայնքային ապրումներու հետ նոյնացուցած եզակի դէմք մըն էր։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ տարուան ամփոփումներուն մէջ կարելի չէ մոռնալ «Աուրորա» մարդասիրական համաշխարհային մրցանակի հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, 2016 թուականի Ապրիլին, աւելի քան եօթ հարիւր հիւրերու մասնակցութեամբ:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ վերջին հրաժեշտի յուզումնախառն արարողութիւն:
Բարսեղ Թուղլաճեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի գերեզմանատան մտաւորականաց բաժնէն ներս՝ բիւր յարգանքով:
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը եւ խումբ մը մարզիկներ շաբաթավերջին Տոլմապահչէի մէջ Նահատակներու բլուրին վրայ ծաղիկներով մատոյց իր յարգանքի տուրքը ու միացաւ բողոքի ալիքին:
Ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ ընկերակիցները ընդգծեցին, որ թրքահայութիւնը կ՚անիծէ ահաբեկչութիւնը ու միշտ դիրք կը գրաւէ մեր երկրի անդորրութեան ու միասնականութեան ի նպաստ՝ բազմադարեան համակեցութեան օրինակով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սա մեր ապրած կեանքին մէջ երջանկութեամբ ապրելու համար ո՜րքան արգելքներ, խոչընդոտներ կը հանդիսանան, կը ներկայանան մարդուս առջեւ։ Բայց պէտք չէ վհատիլ, յուսալքուիլ, քանի որ կեանքի մէջ միշտ կա՛ն եւ միշտ պիտի ըլլան դժուարութիւններ, նեղութիւններ՝ որոնք արգելքներ են եւ խոչընդոտներ՝ մարդուս կեանքէն սպասած բարիքներու դէմ, անյաջողութիւններ, ցաւեր եւ վիշտեր պիտի պատահին, քանի որ մարդուս ապրած այս աշխարհը երբեք վարդաստան մը չէ՛, այդպէս բան մըն ալ չէ՛ խոստացուած իրեն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իր կարգին Հայր Պուլոս Հալիմ, որ ղպտի եկեղեցւոյ պաշտօնական բանբերն է, BBC Arabic կայանին խօսելով նկատել տուաւ, որ թէեւ կանուխ է ընդհանուր գնահատական մը տալու համար, բայց եւ այնպէս յստակ է, որ ապահովական օղակներուն մէջ կան բացթողումներ, որոնք արժանի են լուրջ քննարկումներու: Բնականաբար Պուլոս Հալիմի կատարած յայտարարութենէն զատ երկրի ընդդիմադիր, բայց ոչ-իսլամամէտ շրջանակներուն մօտ ալ հնչեցին նման կարծիքներ, որոնց մէջ բնականաբար կային իշխանութիւնները քննադատելու առիթ փնտռողներ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Վարժարանը համայնքի զօրակցութեան առարկայ: Ներկայ էր նաեւ քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու: Աշակերտներու ելոյթները արժանացան ծափահարութիւններու:
Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տօնախմբուեցաւ մեր համայնքի վերջին շրջանի կարեւոր ձեռքբերումներէն մէկուն փայլուն արդիւնքը:
«Հայճար»ի հիմնադրութեան տարեդարձը նշուեցաւ արդար հպարտութեամբ եւ մեր ժառանգութեան նկատմամբ գիտակցութեան շեշտադրումով:
Բանկալթիի Nostalji գրախանութ-սրճարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Akıntıya Karşı» գիրքին շնորհանդէսը։ Ծանօթ է, որ ներկայ շրջանին Nostalji-ի մէջ տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ ծանօթացման հաւաքոյթներ, որոնք առարկայ կը դառնան գրասէրներու հետաքրքրութեան։
Ռուսաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն շրջագծով միշտ առաջնահերթ՝ զէնքի մատակարարումները:
Մոսկուա կը ջանայ պարզաբանել իր դիրքորոշումը՝ այս տարի Հայաստանին յանձնուած «Իսքանտէր»ներուն շուրջ:
Սերժ Սարգսեան եւ Տիգրան Սարգսեան հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ՝ անդրադառնալով ԵՏՄ-ին:
Հայաստան կը կարեւորէ դէպի երրորդ երկիրներ առեւտրատնտեսական կապերու ամրապնդման աշխատանքը:
Հալէպի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը:
Էրտողան եւ Փութին կրնան տեսակցիլ Աստանայի մէջ - Ուաշինկթընէն ծանր քննադատութիւններ: