Արխիւ

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքի մէջ որքան կը պատահին յաջողութիւններ, նո՛յնքան ալ կը պատահին ձախողանքներ. ասիկա բնական է, քանի որ կեանքը ելեւէջներու ընթացք մըն է։ Ուրախութիւններ եւ տրտմութիւններ, հաճոյալի պահեր եւ նեղութիւններ, եւ զանազան հոգեվիճակներ միշտ կը պատահին։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ Բ. թագուհին մտադիր է չորս տարի յետոյ հրաժարիլ գահէն, երբ լրանայ իր 95-ամեակը:

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

Հոլիվուտեան աշխարհահռչակ դերասան Ճոն Մալքովիչ Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի աշխարհահռչակ Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային 5-րդ փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

Երեւանի Կոմիտասի թանգարան-կաճառին մէջ, այսօր, տեղի կ՚ունենայ «Օրօրներ» կրթական ծրագրի եօթներորդ հանդիպումը՝ որու ընթացքին մասնակիցները կը ծանօթանան հայ աւանդական օրօրոցայիններուն, այնուհետեւ կը սորվին քանի մը երգ։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

Ողիմպիական խաղերու փոխ-ախոյեան, ծանրորդ Գոռ Մինասեան դարձաւ Համաշխարհային ուսանողական խաղերու ախոյեան:

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

Աշխարհի զանազան երկիրներէն հարիւրաւոր երիտասարդներ համախմբուեցան Լիբանանի մէջ:
Պէյրութի մէջ կազմակերպուած բազմամշակոյթ միջավայրով պիէնալի ընթացքին 100 հազար տոլար հանգանակուեցաւ կրթաթոշակի ծրագիրներուն համար: «Տեմիրճեան» կեդրոնի երդիքին տակ կազմակերպուած շնորհանդէսը փայլուն անցաւ:

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը ջանան կազմակերպել նոր հանդիպում մը:
Յաջորդ ամիս կ՚ակնկալուի յայտարարութիւն մը՝ նախագահներու միջեւ հերթական տեսակցութեան շուրջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ձեւամոլութիւնը յաճախ քաղաքավարութեան «պարիսպին» տակ կը հանգրուանէ եւ իբրեւ անձեռնմխելի «թաքստոց»՝ երկա՜ր ժամանակ կ՚օգտագործէ զայն։

Շաբաթ, Օգոստոս 26, 2017

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ուղեւորութիւն դէպի ապագայի նոր տիպարի մենատիրութի՞ւն, ընկերվարութի՞ւն, թէ՝ նորակերպ ժողովրդավարութիւն:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը ամերիկացի նոր համանախագահ մը նշանակեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, Օգոստոսի 28-ի դրութեամբ պիտի աւարտի ամերիկացի համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտի պաշտօնավարութիւնը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հետ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Հայաստան եւ Թիւրքմենիստան կը դնեն որակապէս նոր եւ առաւել աշխոյժ գործընկերութեան հիմքեր:
Նախագահներ Սարգսեան եւ Պերտիմուհամմետով Երեւանի մէջ քննարկեցին միլիառներու արժէքով ապագայ նախագծեր:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Հոլիվուտի Փառքի ծառուղիին մէջ երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը պաշտօնապէս իր արդար տեղը առաւ առասպելական երգիչը:
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր մեծ պատիւի մը արժանացաւ «Կենդանի կատարում» դասաւորումէն ներս՝ իր ընտանիքին ներկայութեամբ:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ռազմաուսումնական հաստատութիւններու շրջանաւարտները։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախընթաց օր երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքը։ Հանդիսութիւնը գըլ-խաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իր մօտ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասը։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Հայ գրական աշխարհը մեծ յուզումով հրաժեշտ կու տայ նորոգ հանգուցեալ գրողին:
Արմէն Ամիրեան. «Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները միշտ պիտի կրթեն սերունդները»:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մեր առօրեային մէջ կը կատարենք շատ մը գործեր, արարքներ, կ՚արտասանենք խօսքեր, բայց եւ ընդհանրապէս չենք խորհիր թափանցել անոնց իմաստին, չե՛նք հետաքրքրուիր անոնց պատճառին եւ նպատակին՝ թէ ինչո՞ւ կ՚ընենք կամ կը խօսինք այդպէս։

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց Աֆղանիստանի եւ Հարաւային Ասիոյ մէջ իր երկրին նոր ռազմավարութիւնը:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

Աշուն էր… Քեսապի ոսկի աշունը: Օդը պայծառ էր, եւ արեւի տաքութիւնը՝ նուազած: Ծառերը հետզհետէ սկսած էին թօթափել իրենց տերեւները:

Ուրբաթ, Օգոստոս 25, 2017

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Մեր սիրելի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ծնած են ու կ՚ապրին արձաններ եւ քանդակներ, որոնց քովէն յաճախ կ՚անցնինք, բայց չենք գիտեր, թէ ի՛նչ պատմութիւն ունին անոնք: Մէկ մասն ալ՝ «պահուըտած» քաղաքի այգիներուն եւ բակերուն մէջ, լռած են իրենց գոյութեան մասին:

Էջեր