Արխիւ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ իր երկիրը չի հակադրեր Եւրոասիոյ տնտեսական միութիւնն (ԵԱՀԿ) ու համարկման միւս գործընթացները։
Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկու յայտարարեց, որ ՆԱԹՕ պատանդը դարձած է իր առանձին անդամներու արկածախնդրային քաղաքականութեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգի Սքոթստէյլ քաղաքին մէջ խումբ մը վանտալներ կոտրեցին հայկական խաչքար մը, որ կը գտնուէր շրջանի Սուրբ Աբգար եկեղեցւոյ անմիջական շրջափակէն ներս։
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Գիտութեան եւ փորձագիտութիւններու մերձացում» խորագրեալ երկօրեայ գիտաժողով մը։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցած բացման նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան արդիւնաբերութեան մէջ գիտական լուծումները կիրառելու գործընթացէն ներս առկայ բացերուն եւ անոնց միջեւ կամուրջներ ստեղծելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ հարցեր։
«Երոտեսիլ 2016»ի ընթացքին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Իվեթա Մուկուչեան։ Վաղը ան պիտի մեկնի Սթոքհոլմ, ուր նախատեսուած է այս տարուան մրցոյթը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կ՚ապրի արդար հպարտութիւն մը:
Հայաստանի Պարի պետական համոյթը քաղաքէս հրաժեշտ առաւ՝ անմոռանալի ելոյթէն վերջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ընթացիկ ամսուան սկիզբը Արցախի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներէն ասդին նոր իրավիճակ մը ստեղծուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն համար: Տարբեր առիթներով ըսուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ որեւէ զարգացում իր անմիջական ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս խօսքը իրաւացի է, որովհետեւ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ծննդոցի երկունքին մէջ նոյնպէս Ղարաբաղը իր կարեւորագոյն տեղը ունեցաւ երկրին մէջ հասունցած անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան գաղափարները բարձրաձայնելու համար:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Երուսաղէմ մեկնելէ առաջ այցելութիւն մը տուաւ Հրէից րաբունապետարան, ընկերակցութեամբ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Ապրիլ 27-ին, 101 տարի առաջ, Մեծ Եղեռնի արհաւիրքին մէջ, նորածինի ճիչ մը կեանքով լեցուց Ալեքսանդրապոլ (Կիւմրիի նախասովետական անունը)՝ Ախուրեան գետի ափին գտնուող կիւմրեցի Թադէոսի եւ կարսեցի Աստղիկի գիւղական խարխուլ տունը։
Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դաս-երգչախումբէն խումբ մը անդամներ վերջերս համերգով մը հանդէս եկան Լեհաստանի Վրոքլաւ քաղաքին մէջ։
Չարենցի տողերը մեր մտքին մէջ էին երէկ երեկոյեան. «… Ու նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն պա՛րն եմ սիրում…»։ Անմահ բանաստեղծին տողերը վերարժեւորուեցան մեր ականատես եղածով։ Հայաստանի Պարի պետական համոյթը կախարդական ելոյթ մը պարգեւեց թրքահայ գեղարուեստասէրներուն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կափառնաումի ժողովուրդին «իշխան»ը, այսինքն ժողովարանին հոգաբարձուներէն մին՝ Յայրոս տասնուերկու տարեկան աղջիկ մը ունէր՝ որ ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր։
Ֆրանսայի մայրաքաղաքը՝ Փարիզի մէջ Մայիս 27-Յունիս 12 թուականներու միջեւ պիտի բացուի «Մարզանքը եւ հայ մարմնամարզութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» խորագրեալ ժամանակաւոր ցուցահանդէս մը։ Ցուցահանդէսը պիտի բացուի Փարիզի 6-րդ թաղամասի «Մուազան» ցուցասրահին մէջ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծագործող հայազգի յայտնի նկարիչ Տիգրան Ձիթողցեան, որ իր ինքնատիպ կտաւներով ծանօթ է թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ ԱՊՀ-ի երկիրներու մէջ, Ապրիլի 22-ին Պրիւքսէլի մէջ մասնակցած է խառն ցուցահանդէսի մը բացման։
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալ հոգելոյս Շնորհք Արք. Գալուստեանի վախճանման 25-րդ տարելիցին շարժառիթով Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայեց նոր գիրք մը։
Ջրասուզորդները յայտնաբերած են շրջազգեստ մը, որ անհետացած էր 1642 թուականին, երբ բրիտանական թագաւորական նաւատորմի մէկ մասը Տուվրէն Հոլանտա մեկնելու ճանապարհին խորտակուած էր վատ եղանակային պայմաններու պատճառով:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հայաստան կը խաղայ կրակի հետ։ Էրտողան դէպի Խրուաթիա կատարած այցելութեան ընթացքին զրուցեց այն լրագրողներուն հետ, որոնք հետեւեցան իր ուղեւորութեան։
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան մեկնաբանեց հակամարտութեան առկայ ընթացքը:
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը հերթական անգամ ընդգծեց, որ հիմնախնդիրը չունի ռազմական լուծում:
«1915-ն ու անդին. Թուրքիոյ մէջ հասարակութեան ընկալումը» խորագրեալ տեղեկագիրը կը վերլուծէ առկայ իրադրութիւնը հայկական հարցին շուրջ:
«Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ երէկ առաւօտ ծանօթացուեցաւ PODEM-ի նախաձեռնութեամբ իրականացուած ծաւալուն աշխատանքը:
Պետական արխիւներու ընդհանուր տնօրէն Իւնալի յայտարարութիւնները՝ «Անատոլու» գործակալութեան:
Օսմանեան արխիւի փաստաթուղթերուն հազիւ կէսը դասաւորուած է ու բացուած՝ հետազօտութիւններու համար: