Արխիւ
ԼԻԶԱ ՔԷԼԷՇԵԱՆ-ԹԻՒՄՊԷՐԵԱՆ
Աչքերը պէտք է գեղեցկութիւն ըմպեն, որպէսզի սնունդ տան հոգիին եւ յագեցնեն անոր ծարաւը:
Որքան հաճելի եւ ուրախալի է տեսնել քու իսկ աշխատած ձեռագործդ՝ զայն աւարտելէ ետք, որքան հպարտութեամբ կը լեցուի հոգիդ տեսնելով քու կարած ու նաշխած կտորդ:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Տիեզերական համակարգին մէջ զմայլելի կարգ կանոն կայ, ուր տիրող ներդաշնակութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ ամենափոքր հիւլէն, աստղերն ու արեւը, ինչպէս նաեւ կենդանաբանական աշխարհի մէջ միաբջիջէն՝ բազմամիլիոնաւորը: Կարգ ու կանոնը հիմն է գոյութեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անունները՝ մարդուս ամենէն թանկագին արժէքը եւ ստացուածքն են, քանի որ մարդ իր անունով գոյութիւն ունի, եւ իր անունով ճանչցուած, ծանօթ անձ մըն է ընկերութեան մէջ։
«Արապիյա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սէուտական Արաբիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ ձիւն տեղացած է, իսկ թագաւորութեան կեդրոնական շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւներ արձանագրուած են:
«Կազեթա.ռու» կը հաղորդէ, որ Քուպայի յեղափոխութեան ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրոյի վերջին հրաժեշտի արարողութեան պիտի մասնակցին շուրջ երեսուն միջազգային ղեկավարներ՝ Հարաւային Ամերիկայէն եւ Ափրիկէէն:
Շարժանկարի միջազգային մամուլի ընկերակցութեան Golden Globe ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան պաշտօնական կայքէջը անդրադարձած է Սարիկ Անդրէասեանի «Երկրաշարժ» ֆիլմին: Ժապաւէնին նիւթը հիմնուած է 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի իրական պատմութեան վրայ, որ խլած է շուրջ 25 հազար մարդու կեանք:
Մոսկուայի եւ Փեքինի ղեկավարութիւնները ներկայիս աշխատանք կը տանին՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) եւ Մետաքսի ճանապարհի նախագիծերը իրարու հետ առընչակից դարձնելու առաջադրութեամբ։ Այս նիւթը վերջերս քննարկուեցաւ նաեւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Չինաստանի Նախագահ Սի Ցզինփինի կողմէ։
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնին (ԱԵԿ) մէջ տեղի ունեցած է «Ոսկէ աշուն» ձեռնարկը: Աշունը այստեղ բացայայտուած է տարբեր ձեւով. հիւր եկած է տարուան ամենագունեղ եղանակը՝ իր բոլոր գոյներով եւ բերք ու բարիքով: Ձեռնարկին ընթացքին զգալի եղած է աշնան շունչը, որուն մասնակցած է ԱԵԿ-ի տարբեր խմբակներ յաճախող շուրջ հարիւր սան: Կեդրոնի սաները հանդէս եկած են երգով, ասմունքով եւ պարային կատարումներով:
Հայաստանի մէջ կազմակերպուած աննախընթաց ձեռնարկը փայլուն անցաւ:
«Պուքինիստ» գրախանութն ու «Արեւիկ» հրատարակչութիւնը կը խրախուսեն ընթերցասէրները:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Երեւանի կեդրոնին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ արեւմտահայերէնի վերաբերեալ քննարկում մը։ «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ. մարտահրաւէրներ, հիմնախնդիրներ» խորագրեալ հաւաքոյթին շրջագծով մասնագէտներ քննարկեցին արեւմտահայերէնի զարգացման ու պահպանման ուղղեալ քայլերու ձեռնարկելու խնդիրը։
Մամլոյ ծանուցումներու հաստատութիւնը (Basın İlan Kurumu-BİK) որոշած է այս տարի եւս շարունակել օժանդակութիւնը փոքրամասնութիւններու թերթերուն համար։ Անցեալ շաբթուան մէջ տեղի ունեցաւ BİK-ի հերթական ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքին առնուած է այս որոշումը։
Հայաստանի մարմինները հետեւողական աշխատանք կը տանին սուրիահայոց խնդիրներու լուծման համար:
Հրանոյշ Յակոբեան տեղեկացուց, որ բնակարանաշինութեան ծրագիրներ կեանքի կոչելու համար բանակցութիւններ կը վարուին Քուէյթի եւ Չեխիոյ հետ: Երեւանի ղեկավարութիւնը նոյն նպատակով կը ջանայ շարժման անցընել նաեւ ԵՄ-ի միջոցները:
Սուրիոյ բանակը Հալէպի մէջ տիրացաւ ընդդիմադիր ուժերուն կողմէ հակակշռուած տարածքներու երեսուն տոկոսին:
Պեշար Էսատի վարչախումբին ենթակայ զօրքերը թողած են միջանցք մը՝ որպէսզի քաղաքի արեւելեան հատուածին հիւսիսը դատարկուի զինեալներէն:
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, շաբաթավերջին, Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան ազգային հանրածանօթ բարերարներ՝ Աբիկ եւ Մաթուս Ունճեան հարազատները։ Արարողութեանց հանդիսապետեց եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցոյ երէց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։
Կը տեղեկանանք, որ ներկայ շաբթուան երկրորդ կէսին Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս պիտի ոգեկոչուի անմոռանալի թատերական գործիչ Արթօ Պէրպէրեան։ Յառաջիկայ 1 Դեկտեմբերին Արթօ Պէրպէրեանի մահուան 17-րդ տարելիցը պիտի նշուի եւ այս առթիւ իր հարազատներուն կողմէ նախատեսուած է ծրագիր մը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց «Սուրբ Հայրերու վարքն ու կենցաղավարութիւնը» ժողովածոյի առաջին հատորը։ Տասնինն գլուխներու մէջ ամփոփուած վանական-անապատական բարոյախօսութիւնը իւրայատուկ թեմաթիկ ուղեցոյց մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին անապատական հայրերու հոգեւոր փորձառութեան ծանօթանալ եւ անոնք առօրեայ կեանքի մէջ ունենալ իբրեւ լուսաբանող օրինակներ։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ժամանակակից երգահան Աւետիս Պէրպէրեան «Ճանապարհ դէպի լեռը» ձեռնարկին առթիւ բացառիկ ու ծաւալուն հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
«Արհեստավարժ ստեղծագործողը չի կրնար դադրիլ, անկախ իր դէմ ծառացած խնդիրներէն։ Անոր համար ստեղծագործելը իր բնութիւնն է, իր կեանքը»:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ, կը շարունակենք ներկայացնել անուններու իմաստները, արմատները՝ որոնք անձ ինքնութիւնը կը կազմեն զայն կրողին։ Անհատը անձ է եւ ինքնութիւն կը ստանայ եւ կը բնորոշուի ի՛ր «անուն»ով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուններու իմաստները գիտնալ, կը նշանակէ ինքնագիտակցութիւն ունենալ, քանի որ «անուն» եւ «ինքնութիւն» միացած, ամբողջական արժէքներ են։

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի բաժնի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ շաբաթավերջին ճաշկերոյթ մը սարքուեցաւ Թաքսիմի INTERCONTINENTAL պանդոկին մէջ։ Երեկոյթը պատուեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։

