Արխիւ
Երուսաղէմի հայոց վանքէն դարձեալ հասաւ զգայացունց լուր մը։ Այսպէս, կը հաղորդուի, որ կարգաթող եղած է Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամներէն Տ. Հայկազուն Վրդ. Եղիայեան։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
- «Իսկ այն մարդիկը որոնք իրեն հետ կ՚երթային, ապշած կեցեր էին, ձայնը կը լսէին, բայց մէ՛կը չէին տեսներ: Եւ Սօղոս գետէն ելաւ, ու բաց աչքերով՝ մէ՛կը չէր տեսներ»: (Գործք Առաքելոց 10:1.8)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Մէկ տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան պայքարը կը շարունակուի հեռատեսիլի եւ լրատուական զանազան միջոցներու պաստառներուն եւ էջերուն վրայ, զգաստ պահելով ամերիկացին եւ նաեւ մեզ, հայերս։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեզ, պարզ ու ռամիկ հայերս, որովհետեւ ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ առանձնայատուկ գործ նուիրած է հայերուն, բացի խոստումներէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի առաւօտուն, երեք կապարներ վերջ կու տային Յորդանանցի մտաւորական Նահէտ Հաթթարի կեանքին:
50-ամեայ ծայրայեղական մը Հաթթարը կը սպաննէր մայրաքաղաք Ամմանի Արդարադատութեան պալատի շէնքի դրան շեմին:
Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ «Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին ձեռնարկեց 2016-2017 շրջանի աշխատանքներուն
Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ խումբը յառաջիկային կը նախատեսէ նոյն կարգապահութեամբ ընթացք տալ իր բազմակողմանի գործունէութեան
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կը խօսի, խօսքով կ՚արտայայ-տըւի եւ խօսքը յատկանշական եւ իւրայատուկ առաւելութի՛ւնն է մարդուն։ Ամէն մարդ կը խօսի, ոմանք քիչ խօսքով շատ բան կ՚ըսեն, ոմանք ալ շատ խօսքով ո՛չինչ կ՚ըսեն…։
Ամրան ամիսներուն Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ տարուեցան շարք մը աշխատանքներ՝ համախմբելու համար մանուկները։ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ սկսան աշխատանքները, որոնց շրջագծով արժէքաւոր արուեստագիտուհի Նաթալի Դաւիթեանի մականին ներքեւ ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան թատերախումբ մը։
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ եւ յիշատակներու վերաթարմացմամբ:
Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հովանաւորութեամբ, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ «ԵՈՒՆԻՄԱ- Հայաստան»ի (Տիկնիկային արուեստի գործիչներու միջազգային միութեան հայկական կեդրոն) նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի Լոռիի, Շիրակի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ կայացաւ «Թումանեանական հեքիաթի օր» տիկնիկային թատրոններու միջազգային 11-րդ փառատօնը:
Չինաստանի մէջ սկսաւ գործել աշխարհի մեծագոյն հեռադիտակը, որուն բացման արարողութեան Կոնկճու նահանգին մէջ ներկայ էին այլ երկիրներէն հրաւիրուած հարիւրաւոր գիտնականներ: Հեռադիտակը ունի 500 մեթր տրամագիծով տեղաորոշիչ (ռատար), որ քանի մը անգամով կը գերազանցէ Փորթօ Ռիքոյի «Արեսիպօ» աստղադիտարանին մէջ գտնուող հեռադիտակին չափերը:
Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարը՝ ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեան: Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է՝ մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի գրպանի հեռաձայններու ապագային մասին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյենութեան զտումի հանգրուանին 8 Հոկտեմբերին պիտի երթայ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-9 Հոկտեմբերին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։
Ըստ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարին, առաջնորդները պատրաստ չեն հիմնախնդրի կարգաւորման:
Ճոն Քերիի համոզմամբ, տակաւին պայմաններ չեն ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման համար:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
5 հայեր զոհուեցան, 11 վիրաւոր:
Երեւանի ղեկավարութիւնը յայտնեց խոր մտահոգութիւն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրահանգով:
Մօտ օրէն Հայաստանէն երկու օդանաւով մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի փոխադրուի Սուրիա:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր տան մօտ նպարատուն մը կար, որ մօտ երկու տարիէ ի վեր փակուած է՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով չենք գիտեր։ Հողին տէրը բնականաբար կ՚ուզէ շէնքը վարձու տալ ուրիշի մը, սակայն կաշկանդուած է պետական անուղղակի ճնշումներով։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Սեպտեմբեր 28-ին լրացաւ մահուան 69-րդ տարելիցը հայ մշակոյթի ճանաչման, պահպանման ու զարգացման բանասիրական մեծ գործին եւ ազգային նուիրական ծառայութեան մարզին մէջ հսկայական եւ մեծարժէք աւանդի տէր Գարեգին Լեւոնեանի (1872-1947)։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հալէպի պատմական նշանակութեան ու անոր դերին մասին շատ գրուած է: Մենք՝ հայերս կը հաւատայինք, ու դեռ ալ կը հաւատանք, որ Հալէպը մեզի համար միայն կարեւոր տեղ մը ունի:

