Արխիւ
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երրորդ հանգրուան. 1970-ականենէն մինչեւ 2011 թուականի ժամանակահատուածը կը բնորոշուի իբրեւ ոսկէ հանգրուան Սուրիոյ մէջ հայ ժողովուրդի ներկայութեան, այս ժամանակաշրջանին բարգաւաճեցաւ թէ՛ սուրիահայ հաւաքական եւ թէ անհատական կեանքը բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Սուրիոյ յարաբերական անդորրութիւնը առիթ ընծայեց այս վերելքին ու ստեղծուած իրավիճակը խթանեց սուրիահայ զանգուածին մեծ դերակատարութիւն ունենալու թէ՛ Սուրիոյ կերտումին եւ թէ հայ իրականութեան մէջ:
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ:
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ բաց հաղորդակցութիւնը կրնայ կանխել թիւրիմացութիւնները:
Էնթընի Պլինքընի այցելութիւնը կը հետապնդէ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններու լիցքաթափման նպատակը:
Էսթոնիայի մայրաքաղաքը՝ Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի հերթական ընդհանուր ժողովը։ Համագումարը կազմակերպուած էր «Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ՝ կերտելով ապագան» խորագրով՝ հիւրընկալութեամբ Էսթոնիայի Ուղղափառ եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցիներու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին պոլսահայ զանազան վարժարաններէն կը հասնին տնօրէնի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, յաջորդ տարի Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Տիրուհի Պերինի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահական խմորումներուն մասին արդէն ուրուագծուած են քանի մը կարեւոր երեւոյթներ։ Խօսքը, անշուշտ, նախագահական ընտրութեան մասին է, որ բոլոր առումներով անդամալուծած էր երկիրը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սէրը այնպիսի ակնոցներ կը կրէ, որոնց միջոցով պղինձն ալ ոսկի կ՚երեւի». MIGUEL DE CERVANTES (1547-1616)
Մտահոգութիւնը (=inquiétude) մարդուս բնական եւ մարդկային կեանքին անբաժան հոգեվիճակն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ Պոլսոյ մէջ հայ կիներ կ՚որոշեն միութիւն մը հիմնել. գուցէ ներկայ պայմաններով գնահատելի թուի այդ ի մի խմբուելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու այդ երեւոյթը, սակայն ժամանակակիցներ (անշուշտ ոչ բոլորը) այդ միութիւն հիմնելու գաղափարը գտած են ծիծաղելի եւ անիմաստ՝ պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք իգական սեռի ներկայացուցիչներ են:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տպաւորիչ արձան մը օրերս զետեղուեցաւ Երեւանի Զաքեան փողոցի վրայ գտնուող «Մանկական զբօսայգի»ի մէջ՝ «Սուրբ եղիցի անուն քո» նոյնքան տպաւորիչ անուանումով:
Հակառակ որ զբօսայգին «Մանկական» կը կոչուի, այս արձանը իր նշանակութեամբ, տեսքով ամենեւին կապ չունի մանուկներուն հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայիս գոյութիւն ունի «անհատ»ի ընկալում, որ իրականութեան մէջ ընկերային փիլիսոփայութեան բարդ խնդիրներու արագ լուծումներ կ՚առաջարկէ։ Արդեօք հասարակութիւնը պէտք է դիտարկել որպէս ամբողջութի՞ւն, թէ մէկ առ մէկ քննել զայն կազմող ենթամասերը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուա մտահոգ է, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով:
Դաշինքը Ուքրայնայի պարագային կը մշակէ ծրագիր մը, որուն շուրջ Թուրքիա ունի վերապահութիւններ:
Եաշար Կիւլէր եւ Լոյտ Օսթին հանդիպում մը ունեցան ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան նախարարներու ժողովի շրջանակին մէջ:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը աննկարագրելի բարդութիւններ կը դիմագրաւէ։ Պաքու մէկ կողմէ կը պնդէ, որ կը ձգտի Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրել, սակայն դաշտի վրայ կ՚առնէ այնպիսի քայլեր, որոնք կ՚իմաստազրկեն այդ առերեւոյթ պատրաստակամութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբի ներկայացուցիչները։ Նկատի ունենալով, որ Կալաթասարայի ֆութպոլի կազմը 2022-2023 եղանակի ախոյեանը դարձած է՝ ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպեքի գլխաւորութեամբ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ Հանրապետութեան նախագահին։
Գալֆաեան Տան մէջ 2022-2023 կրթական շրջանի վերջաւորութիւնը բնորոշուեցաւ տարեվերջի ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Վարժարանի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ ողջունեց ներկաները, իսկ տղաքը զանազան ելոյթներով արժանացան ծափահարութիւններու։
Թոփգաբուի ընտանիքը թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն հրաժեշտ տուաւ խանդավառ հանդէսով մը։ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին շրջանաւարտները վառ ձեւով արտայայտեցին՝ դպրոցի նկատմամբ իրենց տածած սէրը։
Եշիլգիւղի վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքը հրաժեշտ առաւ փայլուն հանդէսով մը։ Շրջանաւարտութեան արարողութիւնը առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան՝ մինչ Եշիլգիւղի ընտանիքի վարիչներն ալ ուրախակից էին թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ անոնց ծնողներուն։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Մայր Հայաստան» ժողովրդական շարժման նախաձեռնած խումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Անդրանիկ Թեւանեանի, որ այս շարժումը կը համակարգէ։