Արխիւ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոն երէկ Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ներկայացուեցաւ մտերմիկ հաւաքոյթով մը։
Հատորը բազմակողմանի աշխատանքով կազմած բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան, որ այս օրերուն հիւրաբար քաղաքս կը գտնուի, պոլսահայ ընթերցասէրներու հետ բաժնեց իր խորհրդածութիւնները՝ մանաւանդ հեղինակին ծանօթանալու հնարաւորութեան եւ վառ տպաւորութիւններուն լոյսին տակ։
Արամ Կոստանեանի ուրոյն ոճով մէջբերումները դուռ բացին յօդուածագրի մտահորիզոններուն հաղորդ դառնալու։ Փոքրիկն Նայիրա Այտընի երաժշտական կատարումները արժանացան ծափահարութիւններու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի գաւառ։ Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին ընդառաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութիւն կը շնորհէ Թուրքիոյ հարաւային շրջաններու քաղաքներու մերազն ժողովուրդին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Արդէն իսկ մի քանի օրեր ետք հագուստէն կախուած աւելորդ կտորի մը պէս կտրուելով մի քանի շրջաններ եւս կը բաժնուին մեր սահմաններէն, որուն դիմաց բազմահազար երիտասարդներ, որպէս բողոք եւ ընդվզում իրենց տրտունջը կը ներկայացնեն Հայաստանի զանազան սրճարաններուն մէջ զուարճանալով:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներէն՝ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի «Հայերը եւ վախճանաբանութիւնը» գիրքէն հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
Քենթըրպըրի քաղաքի Քենթ համալսարանէն ներս, Անգլիա, վերջերս տեղի ունեցաւ Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը։ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուէլպիի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ համաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմի առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան, որ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյննները փոխանցեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսին։
Շիշլի մարզակումբը այս տարի իսկական յաղթարշաւ մը կ՚իրականացնէ։ Ակումբի զանազան խումբերը ցարդ բաժակներ, մետայլներ եւ ախոյենութիւններ նուաճած են։ Մինչ այդ, Գնալը կղզիի մէջ կը շարունակուին նաեւ ակումբի ամառնային դասընթացները, որոնք պատանի եւ երիտասարդ մարզիկներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնան։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգձգէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած Դեսպաններու խորհրդաժողովին համար Անգարա այցելած Ճէյհուն Պայրամով միեւնոյն ժամանակ ընդգծեց, որ իր երկիրը յամենայնդէպս փոխադրական հաղորդակցութիւն պիտի հաստատէ Նախիջեւանի հետ։
«Euronews» համաշխարհային յայտնի հեռուստակայանը վերջերս առանձնապէս անդրադարձաւ Հայաստանի գինեգործութեան բնագաւառին եւ աւանդութիւններուն։ Ներկայիս միջազգային լրահոսին մէջ Հայաստան թէեւ առաւել չափով հրատապ քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ խնդիրներով կը յիշատակուի, սակայն, «Euronews»ի այս հաղորդումը կազմած է բացառութիւն։
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցչի տեղակալ Քորթնի Օսթրիան Վիեննայի մէջ խոր մտահոգութիւն յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն՝ մանաւանդ խտացեալ մարտերուն կապակցութեամբ։ ԵԱՀԿ-ի մշտական խորհուրդի ժողովին ընթացքին ան կրկին ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ բոլոր հարցերու բանակցային ճանապարհով լուծումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։
Անգարա եւ Պաքու միշտ շփման մէջ տարածաշրջանի յետպատերազմեան իրադրութեան կապակցութեամբ:
Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ Իլհամ Ալիեւ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն:
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը երէկ Իսթանպուլի հրշէջ գունդին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի մէջ ծագած հրդեհի մարման ժամանակ տարուած աշխատանքներուն համար։ Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան ընդհանուր քարտուղար Ճան Աքըն Չաղլարի, ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Մուրատ Եազըճըի եւ Իսթանպուլի հրշէջ գունդի բաժանմունքի ղեկավար Ռեմզի Ալպայրաքի կողմէ։
Գնալը կղզիի մէջ «Մենք երգենք, մենք պարենք» նախագծի ծիրէն ներս կազմակերպուած համերգաշարը կը շարունակուի խանդավառ մթնոլորտով։ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ այս համերգաշարի հերթական փուլը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, յաջորդ շաբաթ Գնալը կղզիի մէջ մարզական փառատօն մը տեղի պիտի ունենայ՝ ի յիշատակ Պատրիարքական Աթոռի հոգելոյս գահակալ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի։
Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի «Կեանքը որ կ՚ապրինք» յօդուածներու ժողովածոյի ներկայացման ձեռնարկ:
Բանասէր Վարանդ Քորթմոսեան Գնալը կղզիի մէջ կը ծանօթացնէ՝ իր իսկ կազմած ծաւալուն եւ յատկանշական հատորը:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հազիւ թէ Հայաստանի վերջին զինուորները օգոստոսի սկիզբին քաշուեցան Արցախէն՝ Ատրպէյճանի զօրքերը յարձակում գործեցին Բերձորի վրայ՝ պատրուակելով Արցախը Հայաստանին կապող, Ատրպէյճանի նոր կառուցած ճանապարհը գործածելու հայկական կողմին մերժումը։ 9 նոյեմբեր 2020-ի հրադադարի համաձայնագիրը պայման կը դնէ, որ Արցախը Հայաստանին կապող նոր ճանապարհի ուղեծիրը պէտք է որոշուի համաձայնագիրը ստորագրած իսկ երեք կողմերու հաւանութեամբ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Արցախի ռազմաքաղաքական իրադարձութիւններու ամբողջ առանցքը հանգուցուած է նոյեմբերի 9-ի հրադադարի համաձայնութեան 6-րդ կէտին շուրջ:
6-րդ կէտ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կը վերադարձնէ Քելպեճէրի շրջանը մինչեւ 2020 թուականի նոյեմբերի 15-ը, իսկ Լաչինի շրջանը՝ մինչեւ 2020 թուականի դեկտեմբերի 1-ը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Արցախի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի անվտանգութեան ապահովման հարցերը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ նոր շրջան մը սկսած է։ Նախագահ Էրտողան եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ ելոյթներ ունենալով անդրադարձան տարածաշրջանային իրավիճակին եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ Արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած տարեկան դեսպանահաւաքի բացման փուլին թէ՛ Էրտողան եւ թէ Չավուշօղլու հանդէս եկան ծաւալուն ելոյթներով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«…Եւ սիրտիս ցաւից յուսահատ, ես մի թաս օղի խմեցի»։
Վերոյիշեալ տողերը բանաստեղծ եւ գրող Եղիշէ Չարենցի խօսքերն են. բանաստեղծ՝ որ իր «Ես իմ անուշ Հայաստանի»ով տակաւին երկար դարեր պիտի շարունակէ յիշուիլ՝ որպէս հայ գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մին: