Արխիւ

Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը արժանացաւ «FIFA Forward Awards» ծրագրի մրցանակին։ Երէկ երեկոյեան, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» հանրապետական մարզադաշտին վրայ այդ մրցանակը հանդիսաւորապէս յանձնուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ Արմէն Մելիքբէկեանին։
Չինաստանի վարչապետ Լի Ցիանկ այս օրերուն շրջագայութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Եւրոպա։ Սա չինացի վարչապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ պաշտօնի կոչուելէ վերջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց Եւրոպայի Ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ Սերժ Սարգսեան ներկայիս կը գլխաւորէ ընդդիմադիր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ կ՚անդամակցի ԵԺԿ-ին։
Հայաստան-Ատրպէյճան կը նախատեսուի բանակցութիւններու նոր փուլ մը. վայրն ու ժամկէտը անորոշ:
Փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան. «Ռուսաստան ճանապարհներու վրայ պիտի ունենայ դիտարկման եւ ո՛չ թէ վերահսկողութեան գործառոյթ»:
Երեւան-Մոսկուա տարաձայնութիւնները ջուրի երես կ՚ելլեն նաեւ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ:
Ինչպէ՞ս կարելի է ապահովել հայերէնի իմացութիւնը արհեստական բանականութեան գործիքներուն մէջ:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ԹՈՒՄՕ-ի հետ կը գործակցի՝ աջակցելու լեզուի եւ թեքնաբանութեան նախաձեռնութիւններուն:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի Ոսկերիչներու պալատի վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մուսթաֆա Աթայըքի։ Ներկայ էին նաեւ Ուֆուք Կիւնէշ եւ մեր համայնքէն՝ Մինաս Ասլան եւ Կարպիս Կէտիկօղլու։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Կարպիս Գալայճեանի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Զուիցերիոյ Անկախութեան օրուան առթիւ Իսթանպուլի աւագ հիւպատոս Ժիւլիէն Թհէօնիի սարքած ընդունելութեան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացաւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամուսնութիւնը ըստ Հայոց Եկեղեցական իրաւաբանութեան եւ անշո՛ւշտ ընդհանուր իրաւաբանական կարգերու՝ սեռը կարեւոր դեր մը կը կատարէ։ Աներկբայելի, անտարակոյս, ամուսնութիւնը կարելի է կատարուի միայն երկու տարբեր, այսինքն՝ արական եւ իգական սեռի մէջ, այր-մարդու եւ կին-մարդու մէջ, քանի որ ամուսնութեան գլխաւոր խորհուրդն է որդեծնութիւնը. իսկ այդ կարելի է արուի եւ էգի, կամ մարդու եւ կնոջ յարաբերութեամբ։
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2022-2023 կրթական շրջանի հունձքին։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ քաղաքական գործիչները ամենակարող մարդիկ չեն. երեւոյթը այնպէս մը չէ, որ քաղաքական գործիչ կը դառնայ ան, որ իրապէս կարող ու գիտուն է. մարդկային տրամաբանութեամբ կը կարծենք, թէ կարող են անոնք, որոնք պաշտօններու վրայ կը գտնուին, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է նոր գիրք մը, որ հերթական նուէրը կը համարուի պատանի ընթերցասէրներուն համար։ Հրատարակչատան այս նոր գիրքը կը կոչուի «Կիրակոսը»։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ռուսական լրատուամիջոցները սուր կերպով ընդգծեցին ամերիկեան միջամտութեան իրողութիւնը: Ըստ անոնց, Մոսկուա մտահոգ է, որ Ուաշինկթըն կը փորձէ միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան գործընթացին, նոյնիսկ սպառնալիքի միջոցով:
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին՝ յունիսի 24-ին նախատեսուած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի տարեկան նիստը։ Իր նմաններու շարքին 33-րդ ժողովին ժամանակ պիտի ներկայացուին հիմնադրամի 2022 թուականի գործունէութիւնն ու ելմտական հաշուետուութիւնը։
Վահագն Խաչատուրեան եւ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր անդրադարձան Հարաւային Կովկասի իրավիճակին:
Նախագահները կարծիքներ փոխանակեցին Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան գործընթացի ներկայ փուլին շուրջ:
Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ բաց հաղորդակցութիւնը կրնայ կանխել թիւրիմացութիւնները:
Էնթընի Պլինքընի այցելութիւնը կը հետապնդէ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններու լիցքաթափման նպատակը:
Էսթոնիայի մայրաքաղաքը՝ Թալինի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եկեղեցիներու քոնֆերանսի հերթական ընդհանուր ժողովը։ Համագումարը կազմակերպուած էր «Աստուծոյ օրհնութեան ներքեւ՝ կերտելով ապագան» խորագրով՝ հիւրընկալութեամբ Էսթոնիայի Ուղղափառ եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցիներու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ուխտաւորներ։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետին ներկայացան Տիթրոյթի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ծուխի անդամները, որոնց ուղեկցեցաւ Տ. Փառէն Արք. Աւետիքեան։
2022-2023 կրթական շրջանի աւարտին պոլսահայ զանազան վարժարաններէն կը հասնին տնօրէնի փոփոխութեան վերաբերեալ հարցեր։ Այսպէս, յաջորդ տարի Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանը պիտի ունենայ նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Տիրուհի Պերինի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի նախագահական խմորումներուն մասին արդէն ուրուագծուած են քանի մը կարեւոր երեւոյթներ։ Խօսքը, անշուշտ, նախագահական ընտրութեան մասին է, որ բոլոր առումներով անդամալուծած էր երկիրը։