Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1796 թուականի մայիս ամսուն 2-ը մարդկութեան համար նշանաւոր թուական է, որովհետեւ այդ պատմական օրն էր, որ 47 տարեկան Ճենները բժիշկներուն եւ հանդիսականներուն ներկայութեամբ իր առաջին պատուաստը կատարեց Ճէյմս Ֆիպս անունով 8 տարեկան տղայի մը վրայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Սեպտեմբերի 27-էն երկու տարի անց չդադրեցան «ակրեսիա»ները, գերիները չվերադարձան, չբացայայտուեցան ցուցակները, չազատագրուեցան հողերը...

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան «Ամերիկայի ձայն»ին հարցազրոյց մը տուաւ Ուաշինկթընի մէջ, Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւի հետ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախընթաց օր ունեցած հանդիպման մասին, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընի միջնորդութեամբ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը վերահաստատեց Ատրպէյճանի ի նպաստ ամուր զօրակցութիւնը:
Թուրքիա կը շեշտէ Հայաստանի կողմէ ստանձնուած պայմանագրային պարտաւորութիւններու յարգման պատասխանատուութիւնը:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի սաները վերամուտէն ի վեր արդէն մէկ կողմէ սկսած են դասերու, իսկ միւս կողմէ ալ մասնակցած՝ դպրոցի տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած երկու հաճելի պտոյտներու։ Այսպէս, խումբ մը աշակերտներ Պելկրատի անտառին մէջ վայելած են աշնան շրջանի բնութեան բարիքները։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Առաւօտեան ձեր զաւակներուն նախաճաշին խառնեցէք քանի մը դգալ հայրենասիրութիւն, չմոռնալով զայն ամրապնդել աստուածապաշտութեամբ: Յիրաւի, ժամանակները կը փոխուին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ 44-օրեայ պատերազմի երկրորդ տարելիցին առթիւ։ Երեւանի ղեկավարութիւնը ընդգծեց, որ Պաքու այսօր ալ կը փորձէ կեանքի կոչել իր առաւելապաշտ նկրտումները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասը, որ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

Ճէյք Սալըվընի նախաձեռնութեամբ Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի եւ Հիքմէթ Հաճիեւի միջեւ:
Շեշտուեցաւ բռնութիւններէ խուսափելու եւ յստակ ժամանակահատուածով կեդրոնացեալ բանակցութիւններու անցնելու կարեւորութիւնը:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան համայնքային ընտրութիւններուն ընդառաջ կը շարունակէ հանդէս գալ հրապարակային խորհրդածութիւններով եւ պատգամներով։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը որակի ու մակարդակի կոթող մը կը դառնայ՝ թեքնիք արդի սարքաւորումներով եւ ֆիզիքական նախանձելի պայմաններով:
Երախտաշատ ազգային բարերար Արէտ եւ Մոնիք Երկանեան ամոլը կը զօրակցի՝ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ գլխաւորուած հոգաբարձութեան յաւակնոտ տեսլականներուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպիսի՞ն է անօրէն մարդը:
Պատասխան.
Անօրէն ու չար մարդը ծուռ բերանով կը շարժի. անիկա իր աչքերովը ակնարկութիւն կ՚ընէ, ոտքերովը կը խօսի ու մատներովը բան կը սորվեցնէ: Անոր սիրտին մէջ ծռութիւն կայ, միշտ չարութիւն կը հնարէ ու կռիւներ կը հանէ: Ասոր համար անոր կորուստը յանկարծ պիտի գայ: Անիկա յանկարծ պիտի կոտրուի ու անոր դարման պիտի չգտնուի (Առ 6.12-15):

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Սեպտեմբերի 26-ին հայը կ՚ապրէր:
Չգնահատած՝ անհոգ, խաղաղ ու երջանիկ կեանքի վերջին ժամերն էին: Հայոց երկրորդ մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ կը նշուէր քաղաքին օրը: Այլեւս աւանդոյթ դարձած էր սեպտեմբերի վերջին շաբաթ օրը նուիրաբերել Արցախի քաղաքամօրը. կը զարդարուէր, կը պճնուէր իրեն յատուկ պարզ շքեղութեան մէջ ու կը զմայլեցնէր շուրջինները:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Վասնզի իմաստութիւնը գոհարներէն աւելի թանկարժէք է. եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ». (ԱՌԱԿ. Ը 11)։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Տարիներ ետք նոր կ՚անդրադառնամ, որ Լիբանանի դպրոցներուն մէջ բոլորիս սորվեցուցած են 1915 եւ ցեղասպանութիւն բառերը, թշնամութիւն մը ու ատելութիւն մը սերմանած են մեր մէջ, սակայն չեն կրցած լաւագոյնս բացատրել, թէ ի՞նչ էր ցեղասպանութիւնը, ի՞նչ էր անոր նախնական պայմաններն ու ընթացքը. ամբողջութեամբ անակնկա՞լ էր այդ բոլորը, թէ ոչ անհեռատես քաղաքականութեան մէկ արդիւնքն էր:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Նիւ Եորքի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ «Խղճի կոչ» (Appeal of Conscience Foundation) հիմնարկի տարեկան կալա-ընթրիքը, որ կազմակերպուած էր «Սեն Փիէռ» պանդոկին մէջ։ Իր տեսակին մէջ 57-րդ այս հաւաքոյթին ժամանակ յանձնուեցաւ նախաձեռնարկ հիմնարկի «Համաշխարհային պետական գործիչ»ի մրցանակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յաճախ կը խօսուի «ներքին գեղեցկութեան» վրայ, եւ ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ կարեւորը արտաքին գեղեցկութիւնը չէ, այլ՝ ներքին գեղեցկութիւնը։ Արդարեւ, այս խօսքով, մարդիկ կը մատնանշեն հոգիին, քանի որ մարդ միայն մարմին չէ, այլ նաեւ հոգի։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւններուն նկատմամբ՝ մասնաւորապէս կրկնելով իր մտահոգութիւնները Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադրութեան վերաբերեալ։ Առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Ուաշինկթըն հերթական անգամ կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքու իր զօրքերը ետ քաշէ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ներկայ մարդկութեան կեանքը իրականութեան մէջ պայքար մըն է՝ մղուած անցեալի, ներկայի եւ անյայտ ապագայի միջեւ, որովհետեւ իւրաքանչիւրիս համար տարբեր բան ըսել է անցեալ, ներկայ եւ ապագայ եւ այդ տարբերութիւնն է, որ մարդը կը զանազանէ մարդէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 27, 2022

Մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 153-րդ տարեդարձը երէկ նշուեցաւ Երեւանի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս առթիւ խումբ մը մտաւորականներ ծաղիկներ խոնարհեցին Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին մօտ, որ կը գտնուի Երեւանի համանուն պանթէոնին մէջ։

Էջեր