Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Տասնհինգ տարի առաջ այսօր Փարիզ էի։ Քատէի կայարանին մօտ բջիջային հեռաձայնիս վրայ յայտնուեցաւ SMS մը։ Կեցութեանս վերջին օրն էր... Հրանդը զոհ գացած էր մահափորձի մը։ Ցնցումը, անշուշտ, մէկ կողմ, առաջին պահուն կարելի չէր պատահածը պատկերացնել լիարժէք, ամբողջ խորքով ու մանաւանդ՝ անյաղթահարելի հետեւանքներով, որոնց ծանրութիւնը հետզհետէ ծանրացաւ ու կը ծանրանայ անվերջ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Իրադարձութիւններու կեդրոնին ենք հիմա։ Հայ-թրքական թնճուկի ամենածանր մէկ շերտին վրայ ընդգծուած է անունդ, որուն ամբողջ հասակին շուքը կը տարածուի հոս՝ Երեւանի մէջ եւ կը հասնի մինչեւ Պոլսոյ ամենախոր հատուածները։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս հանդիպեցայ երկու ընկերներու միջեւ կատարուած շատ կարճ զրոյցի մը, որ պարզապէս երկու նախադասութենէ կը բաղկանար: Բովանդակութիւնը հետեւեալն էր.
-Մենք մէ՛կ անգամ միայն կ՚ապրինք:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Տուն ու տեղ, երկիր ու քաղաք կառուցելէ առաջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է զբաղի ինքնաքանդակմամբ, ինքնակատարելագործմամբ: 2021 թուականին ես սկսայ ինքնաքանդակմամբ:
Հայաստան եւ ԱՄԷ կը քննարկեն փոխյարաբերութիւններու առաւել ընդլայնման հնարաւորութիւնները:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց, որ Երեւան պատրաստակամ է երկարաժամկէտ համագործակցութեան համար:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացը այս օրերուն անմիջականօրէն կը բնորոշէ քաղաքական օրակարգը՝ Մոսկուայի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման լոյսին տակ։
Ուրախ ենք մեր ընթերցողներուն տեղեկացնելու, որ «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն լոյս տեսած վերջին գիրքը՝ «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»ը արդէն տեղ գտած է Մայր Աթոռի Մատենադարանի հաւաքածոյին մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարուայ վերջին օրերուն յիշեալ մատենաշարը համալրուած էր այս գիրքով, որ կը բովանդակէ պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի Հանրապետական շրջանի տիրական դէմքերէն Թորոս Ազատեանի կողմէ գրի առնուած յօդուածաշարքը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ։
Պէյրութի մէջ, Հայ Կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ երդիքին տակ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք արարողութիւն մը։ Լիբանանէ ներս եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացման առթիւ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական այս արարողութիւնը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ տարեվերջը նշանաւորուեցաւ Հայաստանի մէջ թանգարանի մը եւս հիմնադրումով: Արագածոտնի մարզի Սասունիկ բնակավայրին մէջ արդէն կը գործէ Հայաստանի Գինիի պատմութեան թանգարանը, որուն պաշտօնական բացումը նախատեսուած է 2022-ին:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Ես եմ ճշմարիտ որթատունկը» (Յհ 15.1):
Երբ որթատունկ կը լսես, երեք բան կը յայտնէ. նախ՝ ուռը, երկրորդ՝ պտուղը տերեւով միասին, եւ երրորդ՝ մշակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Գ.- ՔՍԱԿԱՀԱՏՈՒԹԻՒՆ.- վերջին տասնամեակը, իր «զարգացած» արուեստագիտութեամբ մեր կեանքին մէջ բացաւ գողերը հետաքրքրող նոր էջ մը՝ կայքահէնութեան ճամբով կատարուած քսակահատութիւն: Աշխարհի «զարգացում»ով գրեթէ ամէն բան դարձաւ առցանց, մինչեւ իսկ տնտեսական աշխարհը եւ այս մէկը պատճառ եղաւ, որպէսզի մարդիկ սկսին գողութիւն կատարել նաեւ առցանց:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիփզատէ երէկ յայտարարեց, որ Թեհրան կ՚ողջունէ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ ջանքերը։ Այսպէսով տարածաշրջանի կարեւոր դերակատարներէն Թեհրան պաշտօնապէս արձագանգած եղաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ գործընթացին։
ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի առկայ իրավիճակին։ Իր խօսքով՝ հակառակ որոշ դէպքերուն, ընդհանուր առմամբ, Ռուսաստանի ջանքերով հնարաւոր եղած է տարածաշրջանէն ներս պահպանել կայունութիւնը։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս առթիւ անոնք անդրադարձան Թեհրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, նախարարութեան կեդրոնական վարչախումբի, եւրոպական երկիրներէ ներս հաւատարմագրուած դեսպաններու եւ Եւրոպայի շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններէ ներս հաւատարմագրուած մշտական ներկայացուցիչներու հաւաքը։
Հանրապետութեան նախագահը Ալպանիա այցելելէ վերջ այսօր կը հիւրընկալէ Սերպիոյ նախագահը:
Էրտողան. «Պալքաններու կայունութիւնը մաս կը կազմէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի այս առաւօտեան նիստին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Երեւան-Անգարա առանցքին վրայ անցեալ շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած առաջին բանակցութիւններէն վերջ այս նիւթը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ։
Հայաստան կը ձգտի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վրայով բացուիլ դէպի արաբական երկիրներ:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի մէջ կանգ առաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն վրայ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս գեղարուեստասէր հասարակութեան կը ներկայանայ նոր գործով մը։ Մօտաւոր անցեալին իր թողարկած ալպոմէն վերջ, այս անգամ Մարալ Այվազ «սինկըլ»ով մը կը ներկայանայ իր համակիրներուն։
Ցաւով վերահասու եղանք, թէ Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան Հայաստանի մէջ երթեւեկի արկած մը անցուցած է։ Կանխաւ յայտնենք, որ իր կացութիւնը լաւ է։