Արխիւ
Սպանիոյ մէջ վերստին սահմանափակումներ բերած են եւ փակած՝ լողափները քորոնաժահրի համավարակի պատճառով։ Այսպէս, Սպանիոյ իշխանութիւնները ժողովուրդի կողմէ սիրուած տասնեակ լողափներ փակած են «COVID-19»ի տարածման երկիւղներու պատճառով:
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 85 հազար տոլար արժէքով մետաղադրամ թողարկած են Էլթըն Ճոնի ի պատիւ։ Այսպէս, Մեծն Բրիտանիոյ Թագաւորական դրամահատարանը (Royal Mint) որոշած է բրիտանացի երաժիշտ Էլթըն Ճոնի աւելի քան կէսդարեայ ստեղծագործութիւնը նշանաւորել հազար փաունտ սթերլին (1247 տոլար) ոսկեայ յուշամետաղադրամով, որու աճուրդային արժէքը, փորձագէտներու գնահատումներով, կը գերազանցէ 68 հազար փաունտ սթերլինը (աւելի քան 85 հազար տոլար):
Համավարակը բացայայտեց, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու կենսաահաբեկչութիւնը։ Այսպէս, քորոնաժահրի համավարակը ցոյց տուաւ, որ երկիրները պատրաստ չեն դիմագրաւելու ահաբեկիչներու կողմէ կենսաբանական զէնքի հնարաւոր կիրառումը:
«Արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնը դարձած է Եւրոպական միութեան ամենակարեւոր խնդիրը»:
Ըստ Ժոզէֆ Պորելի, Արեւելեան Միջերկրականը առանցքային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ պէտք է աշխատիլ երկխօսութեամբ եւ համագործակցութեամբ:
ԹՎՄ-ի (ERVAB) կողմէ զանազան աշխատանքներ յառաջ կը տարուին մեր կրթական համակարգին համար:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի երէկուան ժողովը գլխաւորեց Տիգրան Կիւլմէզկիլ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Գեղարքունիքի մարզէն հիւրեր, որոնք ներկայացան Գեղարքունիքի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեանի ուղեկցութեամբ։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Կը շարունակեմ մնալ շրջափակուած վիճակի մէջ՝ Քուէյթի Մահպուլա շրջանին մէջ։
Բաւական ժամանակէ ի վեր կ՚ապրիմ Մահպուլա շրջանին մէջ, բայց չէի նկատած, որ մեր յարկաբաժինի շէնքի ետեւի հանդիպակաց մասը ամբողջութեամբ բանուորներու նստավայր է եղեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի «Հանրային ռատիօ»ի «Ժամանակի վկան» հաղորդաշարի հիւրը եղած է յախճապակիի արտադրական աւանդութիւնները շարունակող Պալեան գերդաստանի կրտսեր ներկայացուցիչը՝ Սեդրակ Պալեան:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հիմա կը փափաքի ցուցնել, թէ ո՞վ կրնայ ստանալ այս [հոգեւոր] կերակուրը: Կ՚ըսէ.
Խօսք. «Բոլոր անոնք որ Հայրը Ինծի կու տայ՝ ինծի պիտի գան» (Յհ 6.37):
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսեցի մեծ լեզուաբան, հայագէտ եւ մտաւորական Հրաչեայ Աճառեան իր յուշերուն մէջ բաժին մը յատկացուցած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի ուսումնառութեան տարիներուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աղօթելու, Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու լաւագոյն միջոց մը, ապահով ճամբայ մըն է աստուածային պաշտամունքը, եւ ուրեմն տեղին եւ գիտակից կերպով պէ՛տք է օգտագործել զայն՝ որպէսզի հասնի իր նպատակին։
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի «Երգե՞լ թէ կարդալ» շահեկան յօդուածը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան օրուան նշումներուն առիթով, իբրեւ հրատապութիւն ներկայացնող հարց, առաջին հերթին լուսարձակ կը խլէ սահմանադրական վիճարկելի փոփոխութիւններու գործընթացը, որուն ձեռնարկեցին իշխանութիւնները:
Հայաստանի դատական իշխանութիւններու նախաձեռնութեամբ վերստին պիտի դատուի երկրի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեանի թիկնապահներէն Աղամալ Յարութիւնեան։ 24-25 սեպտեմբեր 2001 թուականին Երեւանի «Առագաստ» սրճարանին մէջ գիշերուան ժամերուն սպաննուած էր Պօղոս Պօղոսեան։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակումներու նոր դէպքերը կը նուազին, սակայն պէտք է ըլլալ զգոյշ։ Արդարեւ, նուազումները դանդաղ, իսկ բարձրացումները արագ թափով կ՚իրականանան։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը կը շարունակէ մնալ հազարի նշաձողէն աւելի բարձր։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վիճակագրական հերթական տուեալները։
Մնացականեան. «Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորումը որեւէ այլընտրանք չունի»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Արցախի ղեկավարութեան կողմէ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա գետնի հաւասարեցուցած է Արեւելեան Միջերկրականէ ներս լարուած ծուղակները։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ան մատնանշեց, որ մեծ պայքարներով եւ ջանքերով ապահովուած միջավայրը դրականօրէն կը ցոլանայ ուժանիւթի ոլորտի ներդրումներուն վրայ։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ատենապետի անհաւատալի գրառումները՝ ERVAB-ի հարթակին վրայ:
Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարութիւնով մը պատասխանեց Պետրոս Շիրինօղլուին:
Երէկ, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյս մէջ ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իսկ երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Ներսէսեան դպրաց դասու անդամներու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեանի։
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Գիրք չեն կարդար»: «Գիրք կարդալու մղողը կը պակսի»: «Գիրքը հին բան է. հիմա համացանցն է տիրապետողն ու արդիականը»: «Գիրք կարդալու ժամանակ չկայ: