Արխիւ
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ աշնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած «G-7»ի գագաթաժողովին։ Միջոց մը առաջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հաղորդումներ կատարած էին, թէ Մերքէլ պիտի հրաժարի այդ գագաթաժողովին մասնակցելէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ եւ Առողջապահութեան նախարարութենէն իրաւասուներ երէկ այցելեցին Պերլին։ Չավուշօղլու այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի կողմէ։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի հինգ քաղաքի մէջ։ Այդ հինգ քաղաքներն են՝ Իսթանպուլ, Անգարա, Կազիանթէպ, Քոնիա եւ Պուրսա։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ Հայաստանի մէջ հրապարակ հանուեցաւ գոյքահարկի յաւելումներու նոր նիւթ մը, որ մտահոգութիւն պատճառեց մասնաւորապէս Երեւան քաղաքի կեդրոնին մէջ բնակողներէն շատերուն, անոնց մանաւանդ, որոնք ունէին իրենց նախահայրերէն ժառանգ մնացած բնակարաններ եւ ըստ նոր օրէնքին՝ պարտաւորուած պիտի ըլլային որպէս գոյքահարկ մեծ գումարներ վճարել։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հարցեր չեն պակսիր մարդուս կեանքին մէջ այլ՝ կը փոխուին ժամանակի ընթացքին։ Ասիկա որքան անհատական, նո՛յնքան ալ ընկերային կեանքի համար իրականութիւն մըն է։
Անգարայի եւ Տոհայի ղեկավարութիւնները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մօտաւորապէս երեք ժամուան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Սանիի հետ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Պաշտպանուենք, միլիցէքը (милиция ռուս. ոստիկանութիւն) գալիս են:
Ըսաւ ու դիմակը իսկոյն կզակէն բարձրացուց ու քիթն ու բերանը ծածկեց. եթէ ոստիկանները գային արդեօք պիտի չպաշտպանուէ՞ր...
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ աւանդական արարողութիւններ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը նախագահեց Սրբոց Թարգմանչաց երէկուան տօնակատարութիւններուն:
ԵՐԱՄ
-Զանա՞
Ու դարձեր էր ետեւ։
Ծառին բունին կռթնած, դեղին փէշին տակէն երկարող գեղեցիկ սրունքները ծալապատիկ ըրած, նստած էր Նորան տետրակ մը գրկին։
Աւստրալացի մը բռնած է իր կեանքի ամենամեծ ձուկը։ Այսպէս, Աւստրալիոյ Քուինզլենտ նահանգի բնակիչ Էտ Ֆալքընըր Ռէինպոու Պիչ քաղաքի մերձակայքին հսկայական ձուկ մը բռնած է:
Աւստրիոյ մայրաքաղաքը՝ Վիեննայի մէջ, «Բանջարեղէնի նուագախումբի» անդամները երաժշտութիւն կը ստեղծեն բանջարեղէնի միջոցով՝ արդէն քսան տարիէ ի վեր։ Նուագախումբը արուեստի գործեր կը ստեղծէ տեղական շուկայէն գնուած թարմ բանջարեղէններով:
«Գիտեմ, որ մարդիկ զիս կը սիրեն: Բայց սա անկէ է, որ ես ալ զիրենք շատ կը սիրեմ, բոլորը՝ մէկ առ մէկ: Լիաթոք ծիծաղ կը ցանկամ ձեզի, լուսաւոր ժպիտ եւ մեծ նուիրուածութիւն դէպի արուեստը: Հայրենիքի զգացողութիւնը պահեցէք ձեր մէջ, ինչպէս սէրը կը պահէք ձեր սրտերուն մէջ, հոգիով ու սրտով կապուած մնացէք հող ու ջուրին, հոգեւոր հարստութեան»:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւեն երկու խումբեր: Անոնք են՝ «Շիրակ» եւ «Արարատ-Արմենիա»:
Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «ՖԻՏԷ»ի կողմէ կազմակերպուած ճատրակի առցանց մրցաշարքին:
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնին յաղթանակ արձանագրած է՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։
Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական ժողովը 1 յուլիս 2020, չորեքշաբթի առաւօտ գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։
Ծանօթ է, թէ քորոնայի համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները՝ ժողովի որոշմամբ մեր եկեղեցիները փակուած էին հաւաքական պաշտամունքի՝ 16 մարտ 2020 թուականէն ի վեր։
Մեր համայնքի անդամներուն ծանօթ է, թէ երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային եւ թաղային մարմիններու ընտրութիւնները կարելի չ՚ըլլար կատարել։ Այս պարագան ծնունդ կու տայ զանազան հարցերու, որոնք կը զբաղեցնեն համայնքի օրակարգը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Մեր գիւղէն կար երիտասարդ մը, որուն շատ կը հաւնէի, ան ալ զիս: Շատ ուշիմ եւ համեստ էր: Ի սկզբանէ ծնողքս դէմ չէր մեր յարաբերութեան:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ անմահ լեզուաբան ու բանասէր Հրաչեայ Աճառեան գիտական աշխատութիւններէ, բառարաններէ, բարբառներու քննական հատորներէ զատ, գրած է նաեւ իր կեանքի յուշերը, որոնց մէջ մեծ տեղ տուած է իր դպրոցական տարիներուն: Պոլսոյ կրթական կեանքը, իր ապրած թաղի անցուդարձը, մանկութեան յուշերը բացառիկ պատումով կենդանացած են Աճառեանի ճոխ գրիչով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այս յօդուածը քանի մը ամիս առաջ գրած էի, սակայն չէի հրապարակած, մտածելով որ եղածը թիւրիմացութիւն էր: Սակայն, մէկ-երկու օր առաջ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ եղած յայտարարութիւնը «Հայ Եկեղեցւոյ Պատմութիւն» («ՀԵՊ») դասանիւթին վերաբերեալ, պատճառ դարձաւ, որ այս գրութիւնս լոյսին տամ: