Արխիւ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեանն ու ներկայացուցչութեան խորհրդական Նաղաշ Յակոբեանը։
ԷՎԵԼԻՆԱ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ
Հրապարակախօսութիւնը գրողի ինքնասպանութիւնն է: Կ՚որոշեմ այլեւս հրապարակախօսական յօդուածներ չգրել, անցնիլ միայն գեղարուեստին, բայց հայու ծննդական տագնապը կը յաղթէ, քաղաքացին կը յաղթէ, հայ ժողովուրդի միասնութիւնը պահպանելու գաղափարը կը յաղթէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Իրականութիւն է, որ աւելի քան կէս տարիէ ի վեր այս անիծեալ քորոնան, մեզ՝ ոչ միայն ձեւով մը «բանտարկած» կամ ինքնամեկուսացած պահած է, այլ՝ իր օրէնքներուն պարտադրանքով, նաեւ մեր սովորական ժամանցներէն ալ զրկած: Այս ձեւով նոյնիսկ, իբրեւ հաւատացեալներ, կիրակի օրերը, հեռու մնացած ենք եկեղեցի երթալու մեր փափաք-սովորութենէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պէյրութի մէջ քաղաքական հիմնական նիւթը նոր կառավարութեան կազմութեան օրակարգն է։
Այս առումով անշուշտ ուշագրաւ էր Լիբանանի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը այն մասին, թէ ինք այլեւս թեկնածու չէ ստանձնելու երկրի վարչապետի պաշտօնը։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ո՞վ է Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը եւ ո՞վ է Սուրբ Յովսէփը։
Պատասխան. Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը մեր Տիրոջ ու Փրկիչին մայրն է, որ իր առաքինի վարքին համար, արժանի եղաւ իր մէջ կրելու Աստուծոյ Բանը, եւ պատիւ ունեցաւ ծնելու, սնուցելու եւ խնամելու զԻնք, որով բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ եղաւ եւ ամբողջ աշխարհին մայրը դարձաւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բայց Աստուծոյ բարկութիւնը երկինքէն պիտի յայտնուի մարդոց անհաւատութեան եւ անիրաւութեան համար, որոնց անիրաւութիւնը թոյլ չի տար որ ճշմարտութիւնը երեւան գայ», (ՀՌՈՄ. Ա 18)։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ առաջնորդութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեանի։
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով 31 յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած էր խորհրդակցական հանդիպում մը՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս հանդիպումին ընթացքին յայտնուած էր, թէ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուէր մեր կրօնական, կրթական, մշակութային ու բարեսիրական հաստատութեանց վիճակով, նկատի ունենալով երկրաշարժի պարագան։
ԵՐԱՄ
«Մի՛ անգամ էլ ես իրան հանդիպել, ոտդ Երեւանից կտրում ենք»։
Եկեր էր սպառնալիքը եւ խփեր Նորայի սրտին. ու ծակեր էր զայն երկու անգամ։ Նախ, Զանայէն զրկուելու իրական վախն էր, իր ահաւորութեամբն ամբողջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Աղջի՛կ ճան, արի էսօր քեզ պոպոկ տամ, թարմ պոպոկ է, էլի՛, ես եմ հաւքել այգուցս: Տա՛ր, կե՛ր, առատ եոտ է պարունակում եւ շատ օգտակար է առողջութեանը: Միջնապատերը չգցես, հա՛, դրանցում եոտը առաւել շատ է...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ՝ մտածող եւ նաեւ ենթադրութիւններ ընող բանաւոր էակ մըն է։ Եւ դարձեալ մարդ, ապաւինելով իր մտային կարողութեան, ենթադրութիւններով կ՚ուզէ եզրակացութեան մը յանգիլ եւ ըստ այնմ որոշումներ տալ։
«Լաուրա» փոթորիկը մոլեգնած է Միացեալ Նահանգներու Լուիզիանա նահանգի ծովեզերքին։ Այսպէս, «Լաուրա» սաստիկ փոթորիկը երէկ մոլեգնած է Լուիզիանա նահանգի ծովափին:
Ամերիկեան Apple աշխարհահռչակ ընկերութիւնը Սինկափուրի մէջ կը բանայ իր առաջին պաշտօնական խանութը ջուրի վրայ:
Ամերիկեան փորձագիտական հսկայի արտադրանքներու նոր խանութ-սրահը կը յայտնուի Marina Bay Sands հանգստավայրի շէնքին մէջ՝ գտնուելով ջուրի վրայ:
Յայտնի դարձաւ անունը պատմութեան մէջ առաջին այն անձաւորութիւնը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ ամերիկեան տոլարը։ Այսպէս, աշխարհի ամենահարուստ մարդը՝ Amazon ընկերութեան ղեկավար Ճեֆ Պեզըս, դարձած է պատմութեան մէջ առաջին միլիառատէրը, որու նիւթական կարողութիւնը գերազանցած է 200 միլիառ տոլարը:
Եոհան Վոլֆկանկ Կէօթէ ծնած է 28 օգոստոս 1749 թուականին Մայնի Ֆրանքֆուրթ քաղաքին մէջ։ Հարուստ ընտանիքի մը երդիքին տակ աշխարհ եկաւ Կէօթէ։ Անոր մեծ հայրը քաղաքապետ, հայրը՝ կայսերական բարձր պաշտօնեայ էր, որ ունէր իրաւաբանական տոքթորի աստիճան, կը հետաքրքրուէր արուեստով, իր ժամանակի առաջաւոր գաղափարներով։
Արձակագիր եւ թարգմանիչ Վարուժան Նալպանտեան ծնած է 14 դեկտեմբեր 1929 թուականին՝ Գահիրէ, Եգիպտոս։ Ան 2010 թուականի օգոստոսի այս օրը մահացած է Երեւանի մէջ։ Ան Խորհրդային Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ դարձած է 1971 թուականին։
Վրաստանի նախկին նախագահ Միխէիլ Սահակաշվիլի յայտարարեց, որ որոշած է վերադառնալ իր երկիրը։ Նախագահական աթոռէն հեռանալէ վերջ ան լքած էր Վրաստանը ու երկար ժամանակ ապրած՝ Ուքրայնոյ մէջ զբաղեցնելով զանազան պաշտօններ։
«Ֆրեսքօ»ն այս տարի 7-րդ անգամ կը կազմակերպուի բազմակողմանի ծրագրով մը:
Նախատեսուած են յայտնի անուններու՝ Ճիվան Գասպարեանի եւ Ռուբէն Հախվերդեանի ելոյթները:
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտնեց, որ վերջին շրջանին քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ բուժուած հիւանդներու թիւը աւելի նուազ է՝ նոր վարակեալներու բաղդատմամբ։ Հիւանդներու թիւը հակակշռի տակ պահելու ճանապարհը՝ նոր վարակեալներու թիւի նուազեցումն է։
Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ օծուեցաւ Մայր Տաճարի զանգակատան խաչը։ Օծման արարողութեան հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան։