Արխիւ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն ու գործակից ընկերները։ Թաղականներուն հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Ա. Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլիի գերեզմանատան վարչութենէն Վահէ Ասլանաթան եւ յայտնի քանդակագործ ու նկարիչ Էրօլ Սարաֆեանը։ Հարկ է նշել, որ Էրօլ Սարաֆեանի կողմէ ստեղծագործուած մեծանուն երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի կիսանդրին վերջերս տեղադրուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ եւ բացումը պիտի կատարուի 5 հոկտեմբերին։
Կը տեղեկանանք, թէ վերջերս «Սոսիալ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է բանաստեղծ ու լրագրող Վերճիհան Զիֆլիօղլուի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Varla Yok Arasında İstanbul Ermenileri»։ Հեղինակը այս գիրքը ձօնած է իր լուսահոգի մեծ հօր՝ Սարգիս Զիֆլիօղլուի յիշատակին։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս յատկանշական հանդիսութիւն մը:
Տեւական կրթական կեդրոնի շրջանաւարտները ծափողջոյններով ստացան իրենց վկայականները:
Իսթանպուլի մէջ երէկ ժամը 13.59-ին տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որ ահ ու սարսափ պատճառեց քաղաքի բնակիչներուն։ Երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուէր Մարմարա ծովը՝ Սիլիվրիի մօտակայքին, 7 քիլօմեթր խորութեան մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ վարդապետի աստիճան ստացած չորս նոր միաբաններուն ջերմ խրախուսանք:
Նորին Սրբութիւնը ակնակուռ լանջախաչեր շնորհեց նորաթուխ հայր սուրբերուն՝ մաղթելով Տիրոջ զօրակցութիւնը:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախկին նախագահներէն Ժագ Շիրաք երէկ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքեց՝ 87 տարեկան հասակին։ Ֆրանսայի արդի պատմութեան մէջ քաղաքական թատերաբեմին վրայ լուրջ հետք թողած աջակողմեան գործիչ մըն էր Ժագ Շիրաք, որու կորուստը ստեղծեց լայն արձագանգ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար սահմանուած երկու շաբթուան ժամկէտը արդէն կը բանի։ Անգարա երկու շաբթուան ժամանակաշրջան մը նախատեսած էր Ուաշինկթընի հետ անվտանգ գօտին ստեղծելու համար ու տեղեկացուցած էր, որ այլապէս պիտի գործադրէ սեփական ծրագիրը։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Երեւանի Պետական համալսարանի Լրագրութեան բաժնին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ մտաւորական, գրող, Տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին շնորհանդէսը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացէն ներս աստիճանաբար թափ կ՚առնեն թեկնածուներու քարոզչական աշխատանքները:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի համախոհ համակիրները երէկ երեկոյեան խորհրդակցութեան համար հաւաքուեցան Ֆէրիգիւղի «Ալաճաճեան» սրահին մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խօսիլը մարդ էակին ամենէն յատկանշական կարողութիւնն է՝ որուն միջոցով կը տարբերի միւս էակներէն՝ «ասուն» եւ «անասուն» ըլլալը սահմանագի՛ծն է «մարդ»ուն եւ բոլոր ապրող միւս էակներուն միջեւ։ Ուրեմն խօսիլը կարեւոր յատկութիւն մըն է՝ որ կը նշանակէ մտածումները ձայնաւոր կերպով արտայայտելու՝ խորհուրդները ուրիշներու ներկայացնելու իրողութիւնը։
ԵՐԱՄ
Շարժիչը մարեց, ձգեց որ մեքենան ինքն իրեն երթայ, կամաց-կամաց դանդաղի ու կանգ առնէ։
Մեքենական աղմուկը զիջեցաւ հեռաւոր ալիքներու խշշոցին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները՝ որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի. թող միայն ասոնք զբաղեցնեն ձեր միտքը» (ՓԻԼ. Դ 8)։
Առաքինութիւնը սովորական եւ հաստատ տրամադրութիւնն է բարին գործելու։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կ՚ապրինք ժամանակաշրջան մը,
ուր՝ դրականը ժխտական եւ ժխտականը դրական սկսած է նկատուիլ:
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դասուելով այն բարեբախտներու շարքին, որոնք յաջողած էին իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակել հայոց մայրաքաղաքի համբաւաւոր համալսարաններէն մէկուն մէջ, ես նոյնպէս՝ ուսման ծարաւս յագեցնելու նպատակաւ հասայ Երեւան։
Այսպէսով, սկսաւ կեանքիս՝ իմ հաստափոր գիրքի տարաբը-նոյթ բովանդակութիւն պարունակող էջերէն ամենայիշարժանն ու հետաքրքրականը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ հայագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան Կոմիտասի մասին կը գրէ.
Քսաներորդ դարու հայ գեղարուեստական ու մշակութային կեանքի ամենէն շքեղ երեւոյթը կարելի է համարել Գործը, զոր կատարեց Կոմիտաս Վարդապետ, միս մինակը, բարձր եւ անգերազանցելի առաքելութեամբ մը:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեանի, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Չեխիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր «Հիլթըն» պանդոկէն ներս։ Սոյն տօնը ծանօթ է նաեւ «Բարի արքայ Վենսեսլաս» անունով եւ ձօնուած է այդ արքայի սրբացման, որ տեղի ունեցած է 935 թուականին՝ իր սպանութենէն վերջ։
Գումգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ սարքուելիք տարեկան սիրոյ սեղանին, որ տեղի պիտի ունենայ 13 հոկտեմբերին։ Երէկ երեկոյեան «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը, որով ազդարարուեցաւ տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբը։