Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սուրբ Մարիամ Աստուածածինը քրիստնէութեան պատմութեան եւ ընդհանրապէս մարդկութեան պատմութեան ան իւրայատուկ անձնաւորութիւնն է, որուն Արարիչը, հաճեցաւ անոր միջոցով մարդանալ եւ իրագործել Իր փրկագործական ծրագիրը: Անձնաւորութիւն մը, որ իր մաքրութեան, անարատութեան, պարզութեան, ազնուութեան, խոնարհութեան պատճառով իր մէջ կրեց անբաւելին երկնի եւ երկրի, անպարփակելին, ամբողջ տիեզերքի Արարիչին, զօրութիւններու Տիրոջ, մահուամբ մահուան յաղթողին:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ 56 հազար 726 քննութիւն կատարուեցաւ եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1185 նոր վարակեալ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) արդէն շարժման անցած է Լիբանանի հայութեան օժանդակութիւն փութացնելու համար։ ՀԲԸՄ-ի աղբիւրները երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւնով մը տեղեկացուցին, որ աշխարհատարած կազմակերպութիւնը թափով կը լծուի լիբանանահայութեան ի նպաստ օգնութեան աշխատանքներու։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցան Պէյրութի մէջ պատահած հուժկու պայթումի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը եւ լիբանանահայ համայնքի հետ կապուած խնդիրները։
Լիբանանէն ներս ստեղծուած առկայ իրավիճակին մէջ ո՞վքեր կը շահին եւ ո՞վքեր կը կորսնցնեն. Անգարա ուշադիր:
Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տեսակէտէ բեկումնային փուլի մը կրնայ վերածուիլ այս դէպքը: Սաատ Հարիրիի առջեւ նոր հորիզոններ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. արդեօք սա փոքրիկ թռչունը կրնա՞յ աւելի երջանիկ ըլլալ քան «մեծ» եւ զանազան յատկութիւններով օժտուած մարդը։
Յաճախ պատուհանէն կը դիտեմ դրացի տուներու պարտէզներուն մէջ հազուագիւտ ծառերը. յանկարծ փոքրիկ թռչուն մը կու գայ կը թառի անոնց ճիւղերուն վրայ եւ ուրախ զուարթ կը սկսի գեղգեղել։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս անհաւատալի դէպքը պատահած է Վիրճինիա նահանգին մէջ, ասկէ մի քանի տարիներ առաջ։ Սակայն իմ ուշադրութեանս յանձնուեցաւ վերջերս միայն եւ խիստ շահեկան ըլլալուն համար, կ՚ուզեմ բաժնել ընթերցողին հետ՝ վճիռը ձգելով անոր հայեցողութեան։
Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի կիրակիին, Գնալը կղզիի վրայ Իսթանպուլի Գլխաւոր քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպումը։ Այս տեղեկատուութեան առընթեր ան փափաքած էր գիտնալ, թէ սոյն ձեռնարկը յաչս Պատրիարքական Աթոռոյ անպատեհ կը նկատուէ՞ր, թէ՝ ոչ։
Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաքը՝ Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն փլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։
Այս խոր հաւատքով եւ ամուր յանձնառութեամբ կ՚ողջունենք մեր ժողովուրդին սիրելի զաւակները:
Լիբանանը կը դիմագրաւէ լուրջ մարտահրաւէրներ:
Խելացի ճանապարհ, որ կը մաքրէ ձիւնն ու սառոյցը։ Այսպէս, պրուղիի շերտի տակ գտնուող մետաղեայ ցանցը, ցուցիչներու շնորհիւ, կը կանխատեսէ ձիւնի կամ սառոյցի յառաջացումը եւ վայրկեաններու ընթացքին կը տաքցնէ կպրուղին:
Ճաբոնի մէջ բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկուն մէջէն մայրուղի կ՚անցնի։ Այսպէս, Gate Tower Building անունով շինութիւնը Ճաբոնի Օսաքա քաղաքի բարձրայարկ գրասենեակային շէնքերէն մէկն է, զայն եզակի կը դարձնէ անոր մէջէն անցնող մայրուղին։
Աշխարհահռչակ երգիչ Էլվիս Փրեսլիի կիթառը աճուրդի մը մէջ վաճառուած է 1.3 միլիոն տոլարով։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ աճուրդի մը ընթացքին վաճառուած է առասպելական երաժիշտ Էլվիս Փրեսլիի կիթառը:
Յունաստանի մէջ բացուած է ստորջրեայ թանգարան մը։ Յունական առաջին ստորջրեայ թանգարանը բացուած է Ալոնիսոս կղզիի մօտակայքին՝ Եգէական ծովու արեւմտեան շրջանի մասին մէջ, ուր Ն.Ք. 425 թուականին խորտակուած էր գինիի հազարաւոր սափորներ տեղափոխող նաւը:
Աւստրալիոյ կենդանաբանական պարտէզին մէջ բնակող ընձուղտը հռչակուած է աշխարհի ամենաբարձրահասակը ու արձանագրուած է «Կինէս»ի մրցանիշներու գիրքին մէջ։
Մեծն Բրիտանիոյ մէջ կատու մը 64 քիլօմեթր քայլած է, որպէսզի վերադառնայ տուն: Կարֆիըլտ անունով կատուի տէրերը՝ Նիըլ եւ Լեսա Փէյն, կատուն տուած են մէկ այլ ընտանիքի: Մէկ քանի շաբաթ վերջ երեք տարեկան կատուն փախած է նոր տէրերէն:
Պելժիոյ մէջ զբօսաշրջիկներուն կ՚առաջարկուի հանգստանալ ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ»։
Պելժիոյ Լիմպուրկ նահանգին մէջ զբօսաշրջիկները կրնան ծառերու վրայ տեղակայուած «կաթիլանման վրաններու մէջ» հանգստանալ։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Երկրաշարժի համազօր պայթումը ծայր աստիճան տագնապահար վիճակի հասցուց երկիրը իբրեւ պետութիւն եւ իբրեւ հասարակութիւն: Անկախ պայթումի բուն շարժառիթներուն յայտնաբերումէն, յետցըն-ցումային նոր իրավիճակ պիտի ստեղծուի նաեւ քաղաքական հարթութեան վրայ:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա կը շարունակէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնայ յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք։ Եթէ մտիկ ընէ քեզի՝ եղբայր շահած կ՚ըլլաս։ Իսկ եթէ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպսէզի -երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն-։