Արխիւ
«Ով կ՚ապրի լեռներու մէջ, մի քամիէ չի վախնար». Սիրուշոն ներկայացուցած է «Մհեր» երգի տեսահոլովակը։ Այսպէս, Սիրուշոն, որու «Արմատ» ձայնասկաւառակին մէջ հիմնականին ներառուած են ռազմահայրենասիրական ոգիով ու շունչով ստեղծագործութիւններ, սկաւառակին մէջ ներառուած «Մհեր» երգի հիման վրայ տեսահոլովակ ներկայացուցած է:
Քիեւի մէջ Փարաճանովի նուիրուած յուշ-երեկոյ տեղի ունեցած է։ Այսպէս, Ուքրայնոյ մայրաքաղաքը՝ Քիեւի հնագոյն Ս. Սոֆիա տաճար-թանգարանին մէջ համաշխարհային շարժանկարի մեծ վարպետ, աշխարհահռչակ բեմադրիչ, նկարիչ Սերկէյ Փարաճանովի մահուան 30-րդ տարելիցին նուիրուած յուշ-երեկոյ կազմակերպուած է:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ արդէն չէ մնացած խտացեալ խնամքի տակ գտնուող հիւանդ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները անդրադարձան Լիպիոյ եւ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն։
Հայկական զինեալ ուժերը ետ մղեցին գործողութիւնը՝ առանց կորուստներ տալու:
Ատրպէյճանի զօրքերը երէկ երեկոյեան թիրախաւորեցին Տաւուշի մարզի «Անվախ» դիրքը:
Գոհունակութեամբ վերակահու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի նշանակուած է Երանուհի Պալճը։ Ինչպէս ծանօթ է, երկարամեայ պաշտօնավարութենէ վերջ Ալիս Պայրամ որոշած էր լքել տնօրէնուհիի պաշտօնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի բոլոր ներհակութիւններուն դէմ կ՚ըմբոստանայ Աստուծոյ ներշնչած «Բարի հոգի»ն եւ կը հաւաքէ իր բարոյական բովանդակ ուժերը՝ մղելու համար «Բարի պայքա՛ր» մը։ Արդարեւ, չարը կարելի է պարտել միայն «բարի պայքա՛ր»ով։
Պայծառակերպութեան տաղաւարի շաբաթավերջի տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Այս տարի Վարդավառի տօնը արտասովոր խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ մեր համայնքէն ներս։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
--Բարեւ, ես եմ:
-Դուն ո՞վ ես:
-Երազկոտը...
Գիրքերու աշխարհով գինովցաց փոքրիկ աղջնակը այլեւս կը դժուարանար զանազանել դառն իրականութիւնը երեւակայականէն:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Զանազան առիթներով գրուած է այն մասին, թէ մեծ եղաւ թիւը այն սուրիահայերուն, որոնք երկրին մէջ սկիզբ առած ու դեռ ալ մասամբ շարունակուող պատերազմին հետեւանքով լքեն իրենց ծննդավայրը եւ հեռանան դէպի ամենահեռաւոր ափեր։
Նոյն պարագան եղած էր Լիբանանի մէջ, երբ 70-ականներու սկիզբը հազարաւոր լիբանանահայեր ստիպուած կ՚ըլլային լքել Լիբանանը եւ ընդմիշտ հեռանալ...։
ԵՐԱՄ
-Ասոր վրայ կ՚աշխատինք, հիմնականին մէջ պատերու եւ առաստաղի ծեփման գործերն են... ի՞նչ գիտես ընել։
-Ոչինչ, պատասխանեց Զանան, քիչ մը ամչցած՝ աչքերը փախցնելով Վահանիններէն։
Փոլ Մաքքարթնի նոր մինի-ալպոմ կը ձայնագրէ Ռինկօ Սթարի հետ։ Այսպէս, Փոլ Մաքքարթնի պատմած է վերջերս Ռինկօ Սթարի հետ սթիւտիոյի մէջ կատարած աշխատանքի մասին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինքնավստահութիւնը հաւատքի խնդիր մըն է եւ ո՛չ թէ ապացոյցի։ Մարդ երբ գիտէ, որ վստահելի «Անձ» մը կայ իր քով, գիտէ, որ այդ վստահելի «Անձ»ը տուած է իրեն ինքնավստահութեան այդ մոգական ուժը, ան ապահով է, չի՛ մտահոգուիր եւ կը վստահի՛ այն «Անձ»ին՝ որ գիտէ, թէ պիտի հասնի իր նեղութեանը մէջ, պիտի հոգայ, պիտի խնամէ զինք։
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շաբաթ մը առաջ, 12 յուլիսին, Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան գօտիին՝ Տաւուշի սահմանին ուղղութեամբ ազերիական թափանցումի փորձը բարեբախտաբար չունեցաւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմին տարածքն ու հետեւանքները, թէեւ կարելի չէ անտեսել, որ վաղը-միւս օր նման փորձեր կրնան կրկնուիլ Տաւուշի դէմ կամ այլուր, նոյնինքն Արցախի դէմ: Ատրպէյճան չէ հրաժարած ռազմատենչ թմբկահարումէ:
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Խօսք. «Մարգարէութիւններուն մէջ գրուած է. “Ամէն մարդ Աստուծմէ սորված պիտի ըլլայ”» (Յհ 6.45):
Մեկնութիւն. Բազմաւորապէս կ՚ըսէ՝ մարգարէներէն. նախ՝ այն կը ցուցնէ, թէ բոլոր մարգարէները միեւնոյն Հոգիով խօսեցան: Երկրորդ՝ եթէ անոնցմէ մէկը բան մը ինչ որ կերպով ըսաւ, բոլորն ալ նոյնը ըսին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդարանէն, վերջերս ստացանք հետաքրքրական տեսանիւթ մը, ուր մեզի ծանօթ ու անծանօթ դէմքեր, անսովոր արարողութեան մը կը մասնակցէին՝ անապակ բնութեան գիրկը, անվրդով հոսող գետակի մը քով, կանաչ ու կուսական անտառին մէջ:
Ծանօթ դէմքերը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Գանատահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեանն ու դիւանապետ տիար Լեւոն Իսախանեանն էին, որոնց շուրջը կը դառնային անծանօթ մարդիկ՝ բարակ հիւսուած մազերով, ցորնագոյն մորթով տղամարդիկ, երկար փէշերով կիներ, արեւավառ երեսներով երեխաներ:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Վարդավառի տօնը։ Տաղաւարի հրճուանքը այս տարի արտասովոր բնոյթ ունէր, որովհետեւ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ, երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ մեր եկեղեցիներէն ներս տօնակատարութիւն տեղի ունեցաւ հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան եւ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի Տաւուշի հատուածէն ներս վերջին օրերուն Պաքուի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն։
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երէկ Թուրքիոյ ընդհանուրէն ներս նոր վարակեալներու թիւը թէեւ մնաց հազարի շեմէն վար, սակայն օր մը առաջուան բաղդատմամբ բարձրացաւ եօթով։ Առողջապահութեան նախարարը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տաւուշի ռազմական զարգացումները, կարծես թէ մտան մայրամուտ։ Սա անշուշտ միայն փափաք չէ, այլ հիմնուած է վերջին երեք-չորս օրերուն սահմանին տիրող ընդհանուր իրավիճակին մասին տուեալներու վրայ։