Արխիւ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Բանակցութիւններու կարեւոր փուլ՝ Աստանայի մէջ…
Յառաջիկայ շաբաթներուն Սուրիոյ տագնապին առընթեր կարեւոր զարգացումներու կը սպասուին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ռումելի Հիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ եկեղեցւոյ 163-րդ հիմնադրութեան տարեդարձը երէկ նշուեցաւ կրօնական եւ աշխարհիկ աւանդական արարողութիւններով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Շաբաթավերջին Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Մխիթարեան սանուց միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ամրան աւանդական ընթրիքը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Կղզիի Ջրային մարզակումբի համալիրէն ներս, «By Güven» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ թռուցիկներու փառատօն մը։ Թէ՛ կայանի սաներուն եւ թէ կղզեբնակ մանուկներուն ու պատանիներուն տեսակէտէ շատ խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան իրերայաջորդ սարսափելի յարձակումներ։ Այսպէս, Թեքսաս նահանգէն ներս, առեւտուրի կեդրոնի մը մէջ սպաննուեցաւ քսան հոգի եւ այս դէպքէն քանի մը ժամ անց Օհայոյի մէջ պառ մը ենթարկուեցաւ զինեալ յարձակման։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Իսթանպուլ ծնած, Մխիթարեանի սան ցեղասպանագէտը մահացաւ 93 տարեկանին:
Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ ցաւակցականներ՝ Վահագն Տատրեանի կորուստին առթիւ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 5, 2019

Հանրապետական շրջանին առաջին անգամ եկեղեցի մը կը կառուցուի Թուրքիոյ մէջ. դարակազմիկ զարգացում։
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կարճ զրոյց մը ունեցան հիմնարկէքի ժամանակ։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեց համայնքային օրակարգը:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ երեկոյեան Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մանրամասն խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ համայնքային կեանքի ընթացքին եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի հեռանկարներուն շուրջ:

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքի մէջ «միակողմանի աճում»ը բարիք չէ, այլ մանաւանդ չարի՛ք է։ Ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է ողջամիտ ըլլալ, եւ թէ՛ «Աստուծոյ վախ»ը ունենալ իր մէջ, չեն զարգանար եւ «մանուկ» կը մնան այդ տեսակէտէն։ 

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

Յուլիս ամիսը յատկանշուեցաւ սուրիահայ միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտ հունձքերուն ամավերջի հանդէսներով:
Ուրախալի էր բեմերուն վրայ տեսնել ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք կեանքի նոր փուլ մը պիտի թեւակոխեն՝ իրենց նախասիրած ճիւղերուն մէջ մասնագիտանալով, իրենց տեսիլքին իրականացման առաջին քայլերը նետելով:

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Սան Միլան տէ լա Քոկոլլա փոքր գիւղին մօտակայ բլուրին վրայ կը գտնուի Սուսօ վանքը: Ճգնաւոր Սուրբ Միլան վանականին կողմէ վեցերորդ դարուն հիմնադրուած վանքը կարծես թէ կը զգայ, որ այլ ժամանակի եւ այլ վայրի կը պատկանի:

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Ինծի համար փոքրիկ չէր պատահարը, բայց աշխարհահռչակ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութեան համար՝ թերեւս:
Ժամանակէ մը ի վեր կը պայքարիմ այս հսկայ, տիտան ընկերութեան դէմ, որովհետեւ կ՚ուզէր իր Microsoft Office-ը ինծի վաճառել, որ 2-6 գրաւոր աշխատանքային «գրասենեակներ» կը պարունակէ, ներառեալ՝ Word, Excel, Power point եւ ուրիշներ, որոնց մեծամասնութեան կարիքը չունիմ:

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Յուլիսի առաջին օրերուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով կայացաւ մամուլի համահայկական խորհրդաժողովը: Միասին եւ մէկ ըլլալու հանդիպում՝ հակառակ բնական եւ երբեմն ալ օգտակար տարբերութիւններու:

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայրենի քաղաքագէտը կարեւոր փակագիծեր բացաւ Հայաստանի այսօրուան ընդհանուր իրավիճակին մասին։ Ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ Փաշինեանի կառավարութիւնը, որոնք են իշխանութիւններու ամենախոցելի կէտերը եւ ինչ ակնկալել, որպէսզի տարի մը առաջ ընթացք առած փոփոխութիւններու ընդհանուր գործընթացը երկիրը տանի դէպի ապահով ափ։

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը։ Իրեն կ՚ընկերանային Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Կրօնական ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այս պատճառով Տէրը անոր երիտասարդներուն պիտի չհաճի եւ անոր որբերուն ու որբեւայրիներուն պիտի չողորմի. վանսզի ամէնքն ալ կեղծաւոր եւ չարագործ եղան եւ ամէն բերան անզգամութիւն կը խօսի։ Սակայն անոր բարկութիւնը շիջաւ, հապա անոր ձեռքը տակաւին երկնցած է։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ընթացքին թաղականները շնորհաւորեցին նորին սրբազնութիւնը՝ տեղապահի պաշտօնի կոչուելուն առթիւ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքը, նախկին ատենապետներէն Հայկարամ Քարասուն եւ վարչայիններէն Զարեհ Քարաքաշը։ Այսպէս, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ներկայացուցիչները նորին սրբազնութեան շնորհաւորութիւններ յղեցին տեղապահի պաշտօնը ստանձնելու բերումով։

Ուրբաթ, Օգոստոս 2, 2019

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը  բազմակի անգամ վերաերգուած է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատկանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք  քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է  Ֆրենք Սինաթրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի   «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» շարժանկարի  համար:

Էջեր