ԵՐԳԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» երգը բազմակի անգամ վերաերգուած է։ Անիկա չհինցող երգերու շարքին կը պատկանի եւ երկար ժամանակէ ի վեր դարձած է Նիւ Եորք քաղաքի ոչ պաշտօնական քայլերգը։ Երգը յայտնի է Ֆրենք Սինաթրայի կատարմամբ, բայց զայն առաջին անգամ հանրութեան դատին ներկայացուց Լայզա Մինելին: Երգը գրուեցաւ Մարթին Սքորսեզէի «Նիւ Եորք, Նիւ Եորք» շարժանկարի համար: