ԹՌՈՒՑԻԿՆԵՐՈՎ ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ թռուցիկներու փառատօն մը։ Թէ՛ կայանի սաներուն եւ թէ կղզեբնակ մանուկներուն ու պատանիներուն տեսակէտէ շատ խանդավառ ձեռնարկ մըն էր այս մէկը։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը ներկայիս լոյս ընծայած է նոր գործ մը։ Ինչպէս ծանօթ է, հրատարակչութեան բաժինը Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութեան ուսումնասիրութեան տեսակէտէ կարեւոր կը նկատէ սկզբնաղբիւրի բնոյթով փաստաթուղթերու հրապարակումը՝ «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» մատենաշարի միջոցաւ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցաւ Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան ի նպաստ ընթրիք մը։ Ատենապետ Սեւան Աթաօղլուի կողմէ գլխաւորուած միութեան նորընտիր վարչութեան պաշտօնի գլուխ գալէն վերջ կազմակերպուած հիմնական ձեռնարկն էր այս մէկը։
Լոս Անճելըսի «Կրեմմի» թանգարանը որոշած է նիւթական միջոցներ յատկացնել՝ հայկական ձայնագրութիւններու թուայնացման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս թանգարանը դրամաշնորհի տեսքով 200 հազար ամերիկեան տոլար պիտի տրամադրէ ԱՄՆ-ի մէջ 15 մասնակցի՝ զանազան նիւթերով ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ արխիւացման եւ պահպանման շարք մը ծրագրերու աջակցելու համար։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ