ԱՅՎԱԶՈՎՍՔԻԻ 200-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՅՈՒՇԱՄԵՏԱՅԼ ՄԸ ՊԻՏԻ ԹՈՂԱՐԿՈՒԻ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՄԷՋ
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի ծննդեան 200-ամեակին առթիւ յոբելենական զանազան ձեռնարկներ նախատեսուած են աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն ներս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ Ազգային դրամատունը կը պատրաստուի այս յոբելեանին առթիւ թողարկել յուշամետայլ մը։