Ընկերա-մշակութային

ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ռիո­յի ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տա­նի հա­մար մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­ված մար­զիկ­նե­րը շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուած մաս­նա­ւոր ե­րե­կոյ­թով մը մե­ծա­րուե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն այս առ­թիւ 1 մի­լիոն տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ բնա­կա­րան­ներ նուի­րեց Ար­թուր Ա­լիք­սա­նեա­նին եւ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նին, ո­րոնք ոս­կի եւ ար­ծաթ մե­տայլ­ներ ա­պա­հո­վե­ցին երկ­րին հա­մար։

«ՄԱՐԱԼ» ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ

«Մա­րալ» միու­թեան հա­մոյ­թը, ան­ցեալ շաբ­թուան մէջ, պայ­րա­մի ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րուն «Ա­րա Գե­ղե­ցիկ եւ Շա­մի­րամ»ը ներ­կա­յա­ցուց Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Երկ­րի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած «Իմ Հա­յաս­տան» փա­ռա­տօ­նին շրջագ­ծով, Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հրա­ւէ­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը։

ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ՊԱՔԱԼՈՐԻԱ

​Հայալեզու կրթական ծրագիր մը հաւասարազօր ճանչցուեցաւ միջազգայիններուն:
Հայ աշակերտներ պիտի կարենան հարազատ դպրոցի մէջ դաստիարակուիլ մրցունակ ձեւով, հայերէնով յանձնել քննութիւն եւ համահաւասար մուտք գործել աշխարհի լաւագոյն համալսարանները:

Երեւանի Մէջ Նոր Գարախանութ Մը Բացուեցաւ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս բա­ցուե­ցաւ նոր գրա­խա­նութ մը, որ վե­րա­մու­տի ներ­կայ շրջա­նին փոք­րիկ այ­ցե­լու­նե­րու ժա­մադ­րա­վայ­րը կը հան­դի­սա­նայ։ Մայ­րա­քա­ղա­քի Ի­սա­հա­կեան-Նալ­պան­տեան փո­ղոց­նե­րու խաչ­մե­րու­կին գտնուող գետ­նան­ցու­մի 7-րդ տա­ղա­ւա­րէն ներս բա­ցուած է այս նոր գրա­խա­նու­թը, ուր բազ­մաբնոյթ գիր­քեր կը ներ­կա­յա­ցուին այ­ցե­լու­նե­րուն։

ԴԻՄԱՍՏՈՒԵՐԻ ՄԸ ԼՈՅՍՆ ՈՒ ՄՈՒԹԸ

ՄԵԹՐ ԳԱՍ­ՊԱՐ ՏԷՐ­ՏԷ­ՐԵԱՆ

20-րդ դա­րու 50-60-ա­կան տա­րի­նե­րու թա­տե­րա­կան աշ­խար­հի չոր­սերն էին՝ հա­յազ­գի Ար­թիւր Ա­դա­մով (Յա­րու­թիւն Ա­դա­մեան, Թիֆ­լիզ 1901-Փա­րիզ 1976), Սա­մուէլ Պեք­քեթ, Էօ­ժեն Իո­նես­քօ՝ Ան­հե­թե­թի թատ­րո­նի ե­րեք սիւ­նե­րը, եւ Պեր­թոլտ Պրեխտ՝ քա­ղա­քա­կան թատ­րո­նի եւ ըն­կեր­վա­րա­կան ի­րա­պաշ­տու­թեան թա­տե­րա­կան դպրո­ցի հիմ­նա­դի­րը, ո­րուն հե­տա­գա­յին պի­տի միա­նար Յա­րու­թիւն Ա­դա­մեան՝ խզուե­լով ան­հե­թե­թի թատ­րո­նէն: Ար­թիւր Ա­դա­մո­վի ծննդեան 115-րդ տա­րին ու մա­հուան 40-րդ տա­րե­լիցն է այս տա­րի, եւ այս ա­ռի­թով՝ պարտք զգա­ցինք հան­րու­թեան վեր­յի­շեց­նել ա­նոր գէթ ու­րուագ­ծա­յին դի­մաս­տուե­րը իր լուս­նու­մու­թով:

ՓԱՓԿԱՍՈՒՆ ՏԻԿԻՆՆԵՐ. ԹԷ՞…

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Կա­նանց ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պան­նե­րը շատ կը սի­րեն օգ­տա­գոր­ծել այս ա­սոյ­թը. «Իւ­րա­քան­չիւր յա­ջող մար­դու ե­տին կայ կին մը»: Թէեւ սրա­միտներն ալ կ՚ա­ւելց­նեն. «Իւ­րա­քան­չիւր ձա­խող մար­դու ե­տին կան եր­կու կի­ներ…»: Ո­րո՞նք են բռնա­պետ­նե­րու ե­տին կանգ­նող կի­նե­րը:

ՁԱՅՆԱԼԱՐԵՐԸ, ԱՆՈՆՑ ԴԵՐԸ ԵՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ VOCAL CORDS, THEIR FUNCTIONS AND DISEASES

​ԲԺԻՇԿ ԿԱՐ­ՊԻՍ ՀԱՐ­ՊՈ­ՅԵԱՆ

Ձայ­նա­լա­րե­րը կը գտնուին խռչա­փո­ղին-խռչա­կին (larynx) մէջ: Ա­նոնց մա­սին խօ­սե­լէ ա­ռաջ հարկ է, որ ամ­փոփ ձե­ւով խօ­սինք խռչա­փո­ղի մա­սին:

97-Ա­ՄԵԱՅ ՈՒՍՈՒՑՉՈՒՀԻՆ

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

​Վեր­ջերս, Ե­րե­ւա­նի մէջ հիմ­նա­նո­րո­գու­մէն ետք հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ իր դռնե­րը բա­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հնա­գոյն ու վար­կա­նիշ ու­նե­ցող դպրոց­նե­րէն մին՝ Չայ­քովս­կիի անուան միջ­նա­կարգ ե­րաժշ­տա­կան մաս­նա­գի­տա­կան դպրո­ցը, ո­րուն ե­րեք մաս­նա­շէն­քե­րու ամ­բող­ջա­կան նո­րո­գու­մը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած է «Հա­յաս­տա­ն» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի մի­ջոց­նե­րով:

ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԲԱԲԱԽԸ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ, Մատենադարանի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ սգահանդէս մը:
Հրաչեայ Թամրազեանի յուղարկաւորութիւնը առիթ հանդիսացաւ իր խօսքերու վերյիշման. «Կեանքի առեղծուածը դեռ չենք բացայայտած, սակայն ամէն ինչ մարդու մէջ է թէ՛ կեանքի առեղծուածը եւ թէ կեանքի իմաստը»:

Էջեր