ԱՆԿախութեան Նարեկացին
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի Ձեռագրաց հաւաքածոյին մէջ կը պահպանուին Գրիգոր Նարեկացիի երկերու, ձեռագիր մատեաններու եւ հնատիպ գիրքերու կարեւորագոյն հաւաքածոն՝ զանազան դարերէ եկած եւ այսօրուան ու գալիք սերունդներուն համար պահ դրուած:
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ այս ամիս Երեւանի մէջ կ՚ոգեկոչուի հայկական երաժշտութեան տիրական անուններէն Ալեքսանդր Սպենդիարեան՝ իր ծննդեան 145-ամեակին առթիւ։ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի տուն-թանգարանը նախաձեռնած է մեծանուն յօրինողի ոգեկոչման ծրագրին, որ սկսաւ երէկ ու պիտի շարունակուի մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս ընթերցասէր հասարակութեան տրամադրութեան տակ դրած է «Գաւառէն ձայներ» անուն գործ մը, որ կողքի մը տակ կը հաւաքէ՝ Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 շրջանին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համանուն ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակուած յօդուածաշարք մը, որ այդ շրջանին արժանացած է մեծ ժողովրդականութեան եւ որու հեղինակն է հոգելոյս Տ. Շաւարշ Քհնյ. Պալըմեան։
Հոլիվուտի մէջ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրին ձօնուած պատուոյ աստղը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Daily Mail-ի կողմէ այս մասին հաղորդուեցաւ հետեւեալը. «Ֆրանսացի երգող առասպել Շարլ Ազնաւուրին՝ 20-րդ դարու ամենայայտնի երաժիշտներէն մէկուն, որ կը շարունակէ աշխոյժ մնալ 92 տարեկանին, Հոկտեմբերի 27-ին պատուեցին հոլիվուտեան աստղով, որ ներկայացուած է Գալիֆորնիոյ հայոց կողմէ»։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու համանուն վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն Արմաւենի Միրօղլուն։ Անոնք փութացած էին մեզ հրաւիրելու համար յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած կարեւոր ձեռնարկի մը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր պիտի ունենայ իր պատուոյ աստղը՝ Հոլիվուտի «Փառքի ծառուղի»ին մէջ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Զօրլու» կեդրոնի դահլիճի երդիքին տակ շաբաթավերջին երաժշտասէրները ապրեցան մեծ ոգեւորութիւն: