ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 154-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՌԹԻՒ ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՈՒՀԻ ՏԻԱՆԱ ԳԱՄԲԱՐՈՍԵԱՆԸ
Երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գալֆաեան Տան տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ներկայ եղան նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց Տիրացու Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեանը։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը։
Պոլսոյ Աթոռի վեղարաւորներու դասը կը համալրուի արժէքաւոր տարրով մը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է նախկին պոլսահայ, զուիցերահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն՝
«Հաս» խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ միշտ տարակարծութիւն:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ շուրջ շաբաթ մը առաջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։
Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դասընթացներու միութիւնը գնահատանքի վկայական մը ուղարկեց Շիշլի մարզակումբին։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլի մարզակումբը երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ պասքեթպոլի դասընթացներ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեան շաբաթավերջին թեւակոխած է իր 90-ամեակը։ Այս յոբելեանը ընտանեկան յարկէ ներս նշուած է ջերմութեամբ, մինչ համայնքային շրջանակներն ալ ուրախակից եղած են Երկանեաններուն։