ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ
Անպաշտօն աղբիւրներէ կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ համայնքային խորհրդակցութիւն մը։ Ըստ մեր ունեցած լսումներուն, հիւանդանոցի մէջ ժողով մը կը գումարեն ատենապետները մեր այն համայնքային հաստատութիւններուն, որոնց հովանաւորութեան տակ կը գործէ վարժարան մը։ Դպրոցներու մատակարարութեան հարցը այս շրջանին լուրջ մարտահրաւէր մը դարձած է մեր համայնքին տեսակէտէ։