ԶԵԿՈՅՑ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձրաշնորհ Տ. Արամ Ս. Արքեպսկ. Աթէշեան երէկ այցելեց Իսթանպուլի Կուսակալութիւն, ընկերակցութեամբ Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպսկ. Մաշալեանի եւ Ատենադպիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ Փոխ-կուսակալ Տիար Ազիզ Մերճանի կողմէ։
Պատրիարքական ընտրեալ-տեղապահը երէկ Քէօլնէն հրապարակեց ուշագրաւ ու ծաւալուն զեկոյց մը:
ԱՔ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի մասնաճիւղը նախընթաց օր պահքի սեղան մը սարքեց փոքրամասնական համայնքներու ներկայացուցիչներուն համար։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան Ֆլորիայի ընկերային հաւաքատեղիին մէջ սարքուեցաւ ընթրիքը, որու պատուոյ հիւրն էր Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեան։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան աշակերտներու ուղղեալ յաջորդական շահեկան բանախօսութիւններ: Վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուղեցոյց կեդրոնի կարգադրութեամբ Ս. Յակոբ հիւանդանոցէն երկու մասնագէտներ տղոց հիմնական տեղեկութիւններ փոխանցեցին արբունքի շրջանի մասին:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտներուն հրաժեշտի ցերեկոյթը։ Այս տարի հրաժեշտի արարողութիւնը սովորականէն աւելի վաղ տեղի ունեցաւ, որովհետեւ ընթացաւարտները պիտի վերադառնան Հայաստան՝ պատրաստուելու եւ մասնակցելու համար աւարտական քննութիւններուն։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն (ատենապետուհի) ու Թանիա Պալճըն։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ նախատեսուած է քէրմէս մը։
Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Ձեռնարկը մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց արտասանութիւններով, պարերով եւ այլ ելոյթներով։
Համաշխարհային թատրոնի օրը նախընթաց օր մասնաւոր ձեռնարկով մը նշուեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ։ 6-րդ դասարանի աշակերտներուն մասնակցութեամբ գործադրուեցաւ «Կեանքի մէջէն դրուագներ» խորագրեալ ծրագիր մը։