ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Շաբաթավերջին, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետներու կամ լիազօր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ համատեղ խորհրդակցութիւն մը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներակայիս ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը պատասխանէ իրեն դէմ յառաջ քշուած պնդումներուն։ Ան երէկ Դիմատետրի (facebook) վրայ զետեղած է իր ստորագրութեամբ ծաւալուն նիւթ մը, որուն ածանցած է նաեւ շարք մը տեսողական առարկաներ՝ որպէս փաստ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP), Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկի եւ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային
Վաքըֆներու խորհուրդը անցեալ Երկուշաբթի օրուան հերթական ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ ունէր Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կատարուած դիմում մը։ Այսպէս, թաղային խորհուրդը մտադիր է Գուրուչէշմէի այժմ վաղուց անօգտագործելի դարձած գերեզմանատան համայնքապատկան տարածքի կարգավիճակը փոփոխութեան ենթարկելու։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ։ Ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը լուրջ աշխատանք տարած էր նախընթաց օրուան տեղատարափին հետեւանքով ստեղծուած վնասը հնարաւորինս յաղթահարելու համար։
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս գիշեր կը մեկնի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեամբ, տեղապահ սրբազան հայրը Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ Թեմին համար քահանայի մը ձեռնադրութիւնը պիտի կատարէ։
Իսթանպուլի մէջ այս առտուան տեղատարափը տակնուվրայ ըրաւ կեանքը։ Քաղաքի բնակիչները յորդառատ անձրեւի հետեւանքով մեծ դժուարութիւններ ապրեցան առօրեայի տեսանկիւնէն։
Երէկ, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցան երկու ժողովներ, որոնց նախագահեց Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։ Առաւօտուն Պատրիարքարանի մէջ գումարուեցաւ Կրօնական ժողով։ Այս կապակցութեամբ տեղապահ սրբազան հայրը մեզի յայտնեց, որ քննարկուած են ընթացիկ հարցեր եւ Կրօնական ժողովի դիւանը պիտի հրապարակէ համապատասխան հաղորդագրութիւն մը։
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի եղանակի պաշտօնական բացման արարողութիւնները անցան խանդավառ մթնոլորտի մէջ: