ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքապետներ:
Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքապետներ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեանի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Տիանա Գամբարոսեանն ու Քէյ Քէսթէկը։ Գալֆաեանը ներկայիս թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 150-ամեակը եւ այս յոբելեանը նշելու համար կազմուած է կարգադիր յանձնախումբ մը։
«Չարութեան հին խմորը
դուրս նետեցէք ձեզմէ,
որպէսզի ամբողջութեամբ նոր եւ անխմոր զանգուած մը ըլլաք»
(Ա. Կորնթ. 5.7)։
Սթրազպուրկի համալսարանէն ներս երկօրեայ միջազգային շահեկան գիտաժողով մը:
Այլին Գօչունեան զեկուցման մէջ խօսեցաւ Զապէլ Եսայեանի եւ Սրբուհի Տիւսաբի մասին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը արձագանգեց ընտրեալ-տեղապահի վերջին նամակին՝ մեկնաբանելով մանրամասնութիւնները:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի խօսքերով, իր պաշտօնէ չհրաժարելու յամառութեան վերաբերեալ պնդումները կը նկատուին լրջութեան պակաս:
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահին մէջ այս առթիւ կազմակերպուած հանդէսի պատրաստութիւնները վերահսկած էին ուսուցչուհիներ Թանիա Չաթաք, Տիլարա Սարըքայա եւ Արզու Քարկը։
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Երեքշաբթի առաւօտ վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր Զատկի հիւրերը:
Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը Ս. Զատկի առթիւ խրախճանքներ կազմակերպեց իր ձմրան դասընթացքներուն մասնակից աշակերտներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Շիշլիի դասընթացքները տեղի կ՚ունենան թէ՛ ակումբի հաւաքատեղիի մարզասրահին եւ թէ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Եդքին Պէրպէրօղլու» մարզասրահին մէջ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վերջնականօրէն մերժեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի առաջարկած համաձայնութիւնը:
Ընտրեալ-տեղապահը այսօր կը վերադառնայ Մարսէյլէն ու կը մասնակցի Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ պատրաստուած, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ մերժուած համաձայնութեան նախագիծը, որուն մասին զանազան լուրեր հրապարակուեցան վերջին օրերուն համայնքային մամուլին մէջ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ հրապարակեց այդ ձախողած նախագծի ամբողջ բովանդակութիւնը։