ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս հերթական անգամ յաջողութիւն մը արձանագրեցին ճատրակի մէջ։ Այսպէս, դպրոցի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ վերջերս կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքի արդիւնքին։

Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտութեան համար կազմակերպուեցաւ հաճելի հաւաքոյթ մը։ Դպրոցի տնօրէնութեան եւ ծնողաց միութեան կազմակերպութեամբ, Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ, վարժարանի բոլոր դասարաններէն աշակերտներ ներկեցին հաւկիթներ ու պատրաստեցին խմորեղէններ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Թավրան եւ իր ընկերները։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան եւս ներկայ գտնուեցաւ հանդիպման։ Ապրիլի 23-ին նախատեսուած է այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ երանաշնորհ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք-100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ գեղատիպ հատոր մը եւս. «Աւագ Շաբաթ»։
ԳԷՈՐԳ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Նախկին պոլսահայ լրագրող Գէորգ Պիւյիւքյակոբեան, որ ներկայիս բնակչութիւն հաստատած է Լոս Անճելըսի մէջ, Պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ առկայ փակուղիին շուրջ գրութիւն մը ուղարկած է խմբագրութեանս։ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին ուղղեալ բաց նամակ մըն է այս մէկը, որու բովանդակութիւնը կը ցոլացնէ հեղինակի անձնական հայեացքը։
Համայնքային նախակրթարաններուն մասնակցութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք կազմակերպուեցան առաջին անգամ։ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցեցան Թուրք ուղեղի խումբը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խումբերը։
Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը «Շիրինօղլու» սրահին մէջ հիւրընկալեց դպրոցի համակիրները, որոնց տրամադրութեան տակ դրուեցաւ ճոխ տեսականի մը:
Վերջին օրերուն հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն Ալեքս Գալայճեան-Լիանա Գրիգորեան երիտասարդ ամոլը։ Շատ հաճելի զրոյց մը ունեցանք մեր հիւրերուն հետ, որոնք մեզի յայտնեցին, թէ համացանցի միջոցաւ անմիջականօրէն կը հետեւին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Ալեքս Գալայճեան ծնած է Հալէպի մէջ ապա անցած է Պէյրութ՝ ուսում ստանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճեմարանէն ներս։
Ընտրեալ-տեղապահն ու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը այս առաւօտ կանուխ շատ կարեւոր հանդիպում մը ունեցան Գումգաբուի մէջ:
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան խտացեալ ջանքերով կ՚որոնեն հասարակաց յայտարար մը: Հաւաական է նոր շփում մը կուսակալութեան հետ՝ Շիրինօղլուի մասնակցութեամբ: