ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ԵՂԱՆԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան, Մխիթարեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ նոր եղանակի բացման հանդիսաւոր հաւաքոյթը։ Միութենէն ներս նոր եղանակի բացումը բնորոշեց հանգուցեալ արուեստագէտ Տիրան Ինճիճիի գործերուն ցուցահանդէսը։ Միութեան 71-րդ շրջանի բացումը կատարուեցաւ Մխիթարեանի սաներէն Տիրան Ինճիճիի նշանաւոր՝ եկեղեցիներու մանրակերտերու ներկայացումով։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց կանանց հաւաքոյթ մը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած այս հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ Նաքքաշթեփէի «Պրիճ» ճաշարանին մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադարձաւ՝ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքով։ Ինչպէս ծանօթ է, ան երէկ հանդիպում մը ունեցած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանը, հաստատութեան սիւներէն Տանիէլ Անթիքաճեանը եւ դպրոցի հիմնադրի ներկայացուցիչ Թամար Քարասուն։ Նկատի ունենալով, որ այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը՝ խնամակալութեան ներկայացուցիչները փափաքած էին այցելել խմբագրատունս եւ մանրամասնութիւններ փոխանցել հաստատութեան ներկայ վիճակին շուրջ։
Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թադէոս Կիւնթէր» միջմիութենական նարտի մրցաշարքին բացման արարողութիւնը։ Հարկ է նշել, որ մրցաշարքը այս տարի կը կազմակերպուի 20-րդ անգամ, 13 միութիւններու մասնակցութեամբ։
Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութենէն Ժանէթ Արծիւեանն ու Սեդա Պէշիկթաշլեանը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուաւ tert.am կայքէջին:
Համայնքային շրջանակները բարձր կը գնահատեն Սուրբ Խաչ դպրեվանքի առանձնայատուկ առաքելութիւնը՝ թրքահայ կրթական համակարգէն ներս:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ վերադարձին վերջին օրերուն շարք մը հիւրեր ընդունեց Գումգաբուի մէջ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի մէջ տեղակայուած Vartan Collection արծաթեայ զարդերու խանութը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը։ Vartan Collection-ի հիմնադիրն է արծաթագործ երիտասարդ վարպետ Վարդան Յովհաննէսեան, որ իր յաճախորդներուն կը ներկայացնէ ձեռակերտ գործեր։