ԷՍԱԵԱՆԻ ՅՈԲԵԼԵԱՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Էսաեան վարժարանի տարեկան բաժակի օրուան ծրագրին եզրափակիչ փուլը նախընթաց օր մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ՝ անցեալի ու ներկայ սաներու համախմբումով։ Վարժարանի տնօրէնութիւնը հանդէս մը կազմակերպեց այս տարուան յոբելեար շրջանաւարտներուն համար։