ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ՓԱԼԱՔԱՇԵԱՆ ԿՏԱԿԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿՆԵՐԸ
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յանձնուեցան Փալաքաշեան կտակին շրջագծով նախատեսուած կրթաթոշակները։ Այս տարի 87 աշակերտ ստացած է կրթաթոշակ։ Այդ 87 աշակերտին 27-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 60-ը կը յաճախէ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ՝ զանազան դասարաններ։
Գումգաբուի մէջ ներկայիս գործել սկսած է սրճարան մը, որ կը կոչուի «Ուռենի»։ Իրականութեան մէջ սրճարանէ մը շատ աւելին է «Ուռենի»ն, որ Հայաստանէն արտագաղթելով քաղաքս հաստատուած խումբ մը ձեռներէցներու եւ արհեստաւորներու նախաձեռնութիւնն է
VADİP երէկ երեկոյեան շօշափեց մեր համայնքի շարք մը կենսական ու հրատապ խնդիրները, որոնք սեղանի վրայ դրուեցան ամենայն մանրամասնութեամբ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջերս հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, որոնց հետ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Մինաս Քհնյ. Ճիհանկիւլեան։ Նկատի ունենալով, որ Թոփգաբուի ընտանիքը կը պատրաստուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին ի նպաստ սարքուելիք տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանին՝ թաղականները Գումգաբու փութացած էին խորհրդակցելու համար Նորին Սրբազնութեան հետ։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբերի 9-ին, Ս. Թարգմանչաց տօնի եւ Մշակոյթի շաբթուան բացման առթիւ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ՝ եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արման Պիւքիւճեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Թագաւոր Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Սեւան Շէնճանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Գարիպեանի։
Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս արքունի ճարտարապետաց Պալեան գերդաստանի անդամներու վերանորոգեալ կոթողային դամբարանի բացման արձագանգները կը շարունակուին։ Ծանօթ է, որ այդ շիրիմը վերակառուցուեցաւ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ, ինչպէս նաեւ «Հայճար»ի եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներդաշնակ համագործակցութեամբ։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ երէկ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնէն ժամանած մասնագէտ մը՝ Սուզաննա Գալստեան։ «ԹՈՒՄՕ»ի ներկայացուցիչը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի եւ փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեանի գլխաւորութեամբ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անժամանակ կորուստը խոր ցաւ եւ յուզում պատճառած է մեր ամբողջ համայնքին, երէկ վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ ոգեկոչուեցաւ Գումգաբուի մէջ։