ՓՐՈՖ. ԱՇՈՏ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐԸ Կ՚ԱՐԺԵՒՈՐԷ՝ ՇՓՈՒԵԼՈՎ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Պատմութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ քաղաքս հրաւիրուած է Արմաւենի Միրօղլուի «Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքի շնորհանդէսին առթիւ, այս շաբաթավերջը կ՚անցընէ Իսթանպուլի մէջ, իր կողակցին՝ Լուսինէ Մելքոնեանի հետ, որ Երեւանի քաղաքապետութեան թանգարանի ղեկավարութեան մաս կը կազմէ։
Արմաւենի Միրօղլու պատուաբեր կոչում մը ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Գարակէօզեան Տան աշակերտութեան համար կ՚ընձեռուին ստեղծագործական հնարաւորութիւններ:
Նուրհան Տավուլճեան մասնակցեցաւ JUNWEX Yerevan Show 6-րդ ցուցահանդէսին:
Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքած է Տքթ. Պետրոս Թիւրապիք։ Մեր բժշկական դասու յայտնի դէմքերէն մին եղած է ան՝ որպէս ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ։ Երկար տարիներ աշխատած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ, ստանձնելով նաեւ վարչական պատասխանատուութիւններ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները երէկ ոգեւոր հանդէսով մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որու յայտագիրը պատրաստուած էր գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Հերա Իսկէնտէրօղլուի եւ իր խումբ մը գործակիցներուն։ Օրուան յայտագրին մաս կազմեցին խմբերգներ, որոնց ժամանակ աշակերտները առաջնորդուեցան երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Սուսմաքի կողմէ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի նախագահութեամբ, 26 Հոկտեմբեր 2016, Չորեքշաբթի օր կայացած Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար Ժողովի որոշման մասին, նոյն օրը զեկոյց մը հրապարակուած էր Համագումար Ժողովի դիւանի կողմէ։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Նարեկացի» սրահին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իսթանպուլահայ համայնքային զանազան հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու եւ դպրոցներու ծնողաց միութեանց անդամուհիներուն հաւաքը։ Սա 2016-2017 շրջանի առաջին հանդիպումն էր նման ձեւաչափով։
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ. «Յատուկ թեքստ մը պիտի պատրաստենք յառաջիկայ շրջանին։ Հոգեւորականաց համագումարի զեկոյցն ալ պիտի կցենք այդ մէկուն եւ պետութեան մօտ դիմում պիտի կատարենք։