ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ Ս. ԹԱԳԱՒՈՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի մատուցմամբ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնով յիշատակուեցան եկեղեցւոյ բարերարներ Ֆէսճեան, Սէրթշիմշէք, Չոլաքեան եւ Մեծարեան ընտանիքներու անդամները։ Հակառակ օդի աննպաստ պայմաններուն, ներկայ եղան կոկիկ թիւով հաւատացեալներ։
Յայտնի համայնքային բարերար Արէտ Երկանեան այցելեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի գրասենեակը։ Արէտ Երկանեան կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած մասնակցիլ ներկայացուցիչի գրասենեակի բացման հաւաքոյթին։

Պոլսահայութիւնը Սուրբ Ծննդեան աւետիսով գիրկընդխառնուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Իսթանպուլահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն նոր տարուայ աւանդական հաւաքը՝ Գումգաբուի մէջ:
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ աւանդական ձեռնարկ՝ Պէյօղլուի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
Պատրիարքական Աթոռի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տարեմուտի աւանդական մանկանց խրախճանքը։ Համայնքային վարժարաններու աշակերտներուն համար նախատեսուած այս խրախճանքին ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ տղաքը հանդէս եկան ելոյթներով, ունեցան հաճելի ժամանց ու մանաւանդ նուէրներ ստացան Կաղանդ պապուկին ձեռամբ։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ Ամանորի առթիւ տեղի ունեցաւ ոգեւոր հանդէս մը։ Տղաքը՝ ուսուցչուհիներուն վերահսկողութեամբ պատրաստուած էին իրենց տեսակէտէ իսկապէս շատ զուարճալի այս ձեռնարկին։