Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը երէկ կազմակերպեց հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց դպրոցի աշակերտութեան մօտ։ Այսպէս, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ, ծնողաց միութեան անդամուհիները առիթ ընձեռեցին, որպէսզի տղաքը պատրաստեն տօնին բնորոշ ուտեստեղէններ՝ չէօրէքներ, խմորեղէններ եւ հաւկիթներ։