ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌԻ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան երէկ յետմիջօրէին բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ։
Գալֆաեան Տան ընտանիքը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանին ապրեցաւ մեծ հրճուանք։ Տօնական ուրախութիւնը դպրոցը համակած էր նախորդող շաբաթներէն սկսեալ։
Երէկ, Ս. Ծննդեան տօնին յաջորդած մեռելոցի օրը, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին հանդիսապետեց եւ քարոզեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Արարողութեան ընթացքին ոգեկոչուեցաւ Գարակէօզեան Տան բարեյիշատակ հիմնադիրը՝ հոգելոյս Տիգրան Էֆէնտի Գարակէօզեան։
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) մէջ Յունուարի 5-ի երեկոյեան բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ «Թուրքիոյ մէջ հայեր. յետցեղասպանութեան հասարակութիւն, քաղաքականութիւն ու պատմութիւն» գիրքին հեղինակը՝ Թալին Սուճեան։ Հիւրընկալ հիմնարկին անունով Կիւվէն Կիւրքան Էօզթանի ողջոյնի խօսքով սկսաւ այս հաւաքոյթը։
Պէյօղլուի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, Քասըմփաշայի մարզական համալիրէն ներս անցեալ տարուան վերջընթեր օրը կազմակերպուեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն մասնակցեցան զանազան վարժարաններէ չորս հարիւր աշակերտներ։ Այս մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ Էսաեան վարժարանէն Արիս Նշան եւ Տաւիտ Իւկէ, որոնք մրցեցան աստղերու դասաւորման մէջ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան շրջանին տեղի ունեցան երկու փայլուն աւանդական հանդէսներ, որոնք տօնական տրամադրութիւն ստեղծեցին աշակերտութեան մօտ։ Դեկտեմբերի 29-ին եւ 30-ին կազմակերպուած խրախճանքներուն ժամանակ տօնական շրջանի ոգեւորութեան մասնակից եւ իմաստին հաղորդակից դարձան մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի սաները։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, Գումգաբուի Պէզճեան սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Նոր տարուան աւանդական խրախճանքը։ Պոլսահայ վարժարաններու աշակերտները այս առթիւ միասնաբար ողջունեցին Կաղանդ պապուկը, որ իրենց յանձնեց յուշանուէրներ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ տարուան վերջին օրը Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յարութիւն Էպէօղլուն եւ իր ընկերները։ Խումբին միացած էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Թրքահայ հոգեւորականաց դասը 2016 թուականը ողջունեց աւանդական մթնոլորտի մը մէջ:
Պատրիարքարանի երդիքին տակ փոխանակուեցան եղբայրական ջերմ բարեմաղթութիւններ: