ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիրը։ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ Նորին Սրբազնութիւնը ճաշասեղանով մը պատուած է Մուսթաֆա Տեմիրը։