«ՔՐԻՍՏԻՆ ՍԱԼԵՐԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՚ԱՐՁԱՆԱԳՐԷ ԹԷ՛ ՔԱՂԱՔԻՍ ԵՒ ԹԷ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆԻ ՄԷՋ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Անմահ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակը կենդանի պահելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս հիմնարկը, որ զուգահեռաբար ծնունդ կու տայ գեղարուեստական նոր շարժումներու։