ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԸ
Էսաեան վարժարանին մէջ երէկ մանկապարտէզի Ամանորի խրախճանքին առթիւ ապրուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։ Վարժարանի սրահին մէջ տօնական ցնծութիւն ստեղծուեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու համախմբումով։