Թրքահայ կեանք

ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Սա­մա­թիոյ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի ման­տո­լի­նի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն ե­րաժշ­տա­հան­դէ­սը, որ ստեղ­ծեց մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։ Ա­ւե­տիս Ար­զու­մա­նի սա­նե­րը ան­ցեալ ե­ղա­նա­կին մեծ կար­գա­պա­հու­թիւ­նով ու ե­ռան­դով հե­տե­ւե­ցան ման­տո­լի­նի դա­սե­րուն, իսկ ե­րէ­կուան տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ, որ­պէս­զի ա­նոնք ի­րենց աշխ­ա­տան­քին ար­դիւն­քը ներ­կա­յաց­նեն բո­լո­րին։

ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՀԻԼՏԱ ՃԻՎԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄՈՏԱՅԻ ԾՈՅԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Մո­տա­յի Ծո­վա­յին ա­կում­բի գե­ղա­րուես­տաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նկար­չու­հի Հիլ­տա Ճի­վա­նեա­նի ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէ­սին բա­ցու­մը։ Սա իր երկ­րորդ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէսն է, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ, ո­րոնք կը ցո­լաց­նեն զա­նա­զան խա­ղե­րու եւ գրա­տե­սակ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ մեկ­նա­բա­նա­կան դրուագ­ներ։

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին տե­ղի ու­նե­ցաւ փոք­րիկն Լի­նա Շի­րի­նօղ­լուի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։ Ան դուստրն է Ար­թօ-Նա­թա­լի Շի­րի­նօղ­լու ա­մո­լին եւ թոռ­նի­կը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի։

Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՆՈՒԱՃՄԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին Ե­նի­գա­բուի նոր հրա­պա­րա­կին վրայ մաս­նակ­ցե­ցաւ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քին։ Իս­թան­պու­լի նուաճ­ման 562-րդ տա­րե­դար­ձին առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած խրախ­ճան­քը ի­րա­կա­նա­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու մաս­նակ­ցու­թեամբ։

ՆՈՐԱԾԱԳՄԱՆ ՀԱՒԱՔ

​Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ շքեղ ու արդիւնաւէտ երեկոյթ մը:
Շիշլի մարզակումբին ի նպաստ կազմակերպուած ձեռնարկը բարձր տրամադրութեամբ մէկտեղեց համայնքային շրջանակները:

ԷՅՈՒՊԻ Ս. ԵՂԻԱ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Է­յու­պի Ս. Ե­ղիա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցան տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թեան առ­թիւ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 183-րդ տա­րե­դար­ձին ձօ­նուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՒԱՔ

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նին մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շրջա­նա­ւար­տից հա­ւաք, որ զու­գա­դի­պե­ցաւ հաս­տա­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 147-րդ տա­րե­դար­ձին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այս հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին մէկ­տեղուե­ցան Գա­տը­գիւ­ղի եւ Բան­կալ­թիի եր­բեմ­նի Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը։

ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԳԱՐԻՆ ԷՕՃԱԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱԽՈՅԵԱՆ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նին մէջ այս ա­ռա­ւօտ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը ապ­րուե­ցաւ։ Շա­բաթ­ա­մու­տի դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ամ­բողջ դպրո­ցը ող­ջու­նեց Գա­րին Էօ­ճա­լի կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած բա­ցա­ռիկ նուա­ճու­մը։ Ար­դա­րեւ, Է­սաեա­նի 11-րդ դա­սա­րա­նի շնոր­հա­լի ա­շա­կեր­տու­հի­նե­րէն Գա­րին Էօ­ճալ մարմ­նա­մար­զի կա­լուա­ծէն ներս հա­սած էր բա­ցա­ռիկ ար­դիւն­քի մը։

Էջեր